ԼԵՒՈՆ ՇԱՌՈՅԵԱՆ
Գզվռտուկը «Նայիրի»-ի ու Եղիվարդի միջեւ եղաւ շատ բուռն ու մոլեգին:
Ծառուկեանի համար Եղիվարդ այլեւս «Երուսաղէմի թշուառական»-ն էր, փոխադարձաբար ալ` Եղիվարդ Ծառուկեանը անուանեց… «Նայիրի»-ի քոթոթը»: Բայց այս արտայայտութիւնները, երկուստեք, ամէնէն մեղմերն էին:
1951-ի այն օրէն ասդին, երբ բացայայտուեր էին Եղիվարդի բանագողութիւնները, Ծառուկեան ա՛լ վերջնականապէս կռնակ դարձուց իր երբեմնի աշխատակիցին ու առիթ չփախցուց զայն կսմռթելու: 1956-ին ծայր տուած Երուսաղէմի տագնապը, սակայն, բազմաթիւ նոր առիթներ ստեղծեց Ծառուկեանին համար, որպէսզի ան «Նայիրի»-ի սիւնակներէն հրապարակաւ պարսաւէ Եղիշէ եպիսկոպոսը ու թերթին մէջ տեղ տայ իրեն գաղափարակից այլ յօդուածագիրներու պախարակող գրութիւններուն եւս` միշտ նպատակ ունենալով մատնանշել իր թիրախին «ապօրէնութիւններն ու անօրէնութիւններ»-ը:
Ծառուկեանը փոլեմիքի սիրահար մարդ էր: Իր կծու ու հեգնական ոճով դիւրաւ կրնար ըմբերանել դիմացինը:
Բայց «դիւրին պատառ» չէր նաեւ… միւսը: Եղիվա՛րդն ալ գրչի տէր էր արդարեւ, նոյնքան կծու ու խայթող, որքան` Ծառուկեանը, բայց հաստատօրէն` աւելի՛ կատաղի ու ջղագրգիռ, աւելի՛ սահմանազանց ու անհակակշիռ:
Այս գրչապայքարին մէջ Ծառուկեանը անհամեմատօրէն աւելի բախտաւոր կը սեպուէր անշուշտ` շնորհիւ իր սեփական թերթին` «Նայիրի»-ին, որ Սուրիա-Լիբանանէն մինչեւ Եւրոպա ու Ամերիկա` համակիրներու լայն շրջանակ ունեցող եւ ուշադրութեամբ կարդացուող շաբաթաթերթ մըն էր: Մինչդեռ Եղիվարդ, վանքէն հեռացուած շրջանին (չորս տարի), զրկուած կը թուէր ինքնապաշտպանութեան միջոցներէ: Իր համակիրները, վանքէն ներս թէ դուրս, թիւով քիչ էին: Սփիւռքահայ մամուլին մէջ զինք կը յորջորջէին «Ռասփութին» (ռուսական արքունիքի տխրահռչակ վանականը), «Կայէնատիպ», «Սադայէլ» եւ այլ նուաստացուցիչ մակդիրներով: Իսկ ինք կը համբերէր այս բոլորին, թերեւս ալ` քմծիծաղ մը ունենալով շրթունքին վերեւ…
Բայց, ինչպէս տեսանք արդէն, կացութիւնը հիմնովին շրջուեցաւ ի նպաստ իրեն, ու ինք 1960-ի մարտին աքսորէն վանք վերադարձաւ յաղթական, միաբանութիւնը ենթարկեց իրեն, անմիջապէս վերստին ձեռք առաւ տեղապահի իր երբեմնի պաշտօնը, յետոյ ալ անյապաղ պատրիարք ընտրուեցաւ:
Եղիվարդ ա՛լ պահը յարմար նկատեց հակադարձելու իր թշնամիներուն: Հիմա այլեւս իր տրամադրութեան տակ ունէր գրաւոր բեմ մը` «Սիոն» ամսագիրը, որուն էջերէն սկսաւ նիզակ ու սուր ճօճել իր հակառակորդներուն դէմ` խտիր չդնելով գրավէճի ընդունելի ու անընդունելի կերպերուն միջեւ: Բառարաններէն դուրս բերաւ հայերէն լեզուի ամէնէն խոցահարիչ բառերը` անոնցմով քարկոծելու համար իր ընդդիմադիրները: Առիթով մը, բացայայտօրէն գրած էր արդէն. «Մենք կը թքնենք բերանը անոր, որ մեզի բարոյականի դասեր կը փորձէ տալ, եւ մեր թուքը դիւրին չի չորնար»... (Խմբագրական, «Սիոն», նոյեմբեր 1960, էջ 292):
Եղիվարդի հակազդեցութիւնը մա՛նաւանդ «Նայիրի»-ի դէմ շատ ծանր եղաւ:
Պատմութեան համար թերեւս շահեկան պիտի չըլլար լրագրական այսպիսի գրչապայքարի մը վերյիշումը, եթէ հակամարտող զոյգ կողմերը մտաւորական դէմքեր չըլլային: Ծառուկեանը սփիւռքահայ գրականութեան ամէնէն սիրուած անուններէն մէկն էր, հեղինակը` «Մանկութիւն չունեցող մարդիկ»-ի, իսկ Եղիվարդ վերջապէս պատրիարք մըն էր, նուիրապետական աթոռի մը գահակալը, նաեւ` քերթողագիրքերու հեղինակ ու «Սիոն»-ի խմբագիր:
Շատ պիտի չծաւալիմ այս վէճին մանրամասնութիւններուն մէջ: Պիտի տամ տուեալ գրչապայքարէն երկու նմուշ միայն:
Իմ գրասեղանին վրայ ունիմ «Նայիրի»-ի քանի մը թիւեր, 1960 թուականէն: Անոնց մէջ Եղիվարդի դէմ ծանր գրութիւններ ունի Ծառուկեանը, բայց նոյնքան ծանր երկու գրութիւններ ալ` Շնորհք եպս. Գալուստեան, Կ. Պոլսոյ աթոռին ապագայ պատրիարքը:
Պէտք է ընդունիլ, որ Շնորհք եպիսկոպոսի գրութիւնները իսկական վաւերաթուղթեր են` պարզաբանելու համար «Երուսաղէմի տագնապ»-ին բոլոր ծալքերը, տրամաբանական մերձեցումով, անսայթաք դատողութեամբ, հարազատ նկարագրութեամբ ու վճիտ վերլուծումով մը, որոնք գրողի իր ցայտուն յատկանիշերն են արդէն: Բայց Շնորհք եպս. Եղիվարդի գրչին տակ պարզապէս «բարոյականի անՇնորհք քարոզիչ» մըն էր…
Իսկ Ծառուկեանի գրութիւններէն գէթ մէկը, եկէ՛ք, կարդանք միասին.
– Հրապարակներուն վրայ մերկ վազվզող փրփրած խենթերը ի՞նչ կ՛ընեն. Կը բռնեն, կը կապկպեն, խենթանոց մը կը նետեն:
Կը պատահի նաեւ, որ պատրիարք ընեն:
Ահա Երուսաղէմինը: Պարզ խենթ մը չէ այլեւս: Լուսնոտութեան եւ մտային խանգարումի վիճակ մը կը պարզէ` սուր ջղագարութեան մը բացայայտ նշաններով, հաւանօրէն հետեւանք` գէշ դարմանուած վեներական ախտերու: Առաջ հակակրելի էր միայն: Հիմա մեղքնալիք է պարզապէս: Տարիներու լարուածութենէ մը ետք ջիղերը մէկէն լքած են զինք: Պայքարող մարդ մըն էր առաջ, գէշ մարդ մը` անշուշտ, բայց` մա՛րդ մը վերջապէս, որ եղունգներովը կը կառչի նպատակի մը: Այժմ, հասնելէ ետք աթոռին, վերածուած է անճանաչելի բանի մը: Մարդ մըն է ու մարդ մը չէ, տեսակ մը զարտուղութիւն` բնութենէն, միջին սեռ մը, որ ո՛չ արու է, ո՛չ էգ, ո՛չ խելացի է, ո՛չ անխելք, ո՛չ չար է, ո՛չ բարի: Մտաւոր եւ ֆիզիքական իր բոլոր կարողութիւնները լարուած ըլլալ կը թուին միակ ձգտումով մը. խայտառակել… ինքզի՛նքը («Նայիրի», 4 դեկտ. 1960):
Այս նախաբանէն ետք Ծառուկեանը կը յիշեցնէր, որ տարիներ առաջ, երբ Եղիվարդ իմացաւ, թէ «Նայիրի» ամսագրին մէջ պիտի հրատարակուէր իր բանագողութիւնները բացայայտող ծանօթ յօդուածը, նախ եկեղեցական ու աշխարհական միջնորդներ ղրկեց «Նայիրի»-ին` զայն տարհամոզելու համար, որ հրաժարի Պօղոս Սնապեանի գրութիւնը հրատարակելու իր դիտաւորութենէն: Միջնորդութիւնները ապարդիւն մնացին: Ուստի Եղիվարդ քանիցս անձամբ եկաւ Պէյրութ` դրամական խայծերով կաշառելու Ծառուկեանը: Չյաջողեցաւ: Յետոյ փորձեց «Նայիրի»-ի խմբագիրը Երուսաղէմ հրաւիրել` զայն սիրաշահելու յոյսով: Նորէ՛ն չյաջողեցաւ:
Իր այս անտեղիտալի կեցուածքով Ծառուկեանը կը հաւատար, որ «Նայիրի»-ն ստանձնած էր` «ճշմարտութիւնը իր ընթացքին մէջ պահելու դերը` բովանդակ սփիւռքի հայ մամուլին մէջ»: Ինք գիտէր, թէ ապերախտ դեր մըն էր ատիկա, որ սակայն` իր «գրչին ու խղճին հետ հաշտ ըլլալու գոհունակութիւնը» կը պարգեւէր իրեն («Նայիրի», 25 դեկտ. 1960):
Հիմա ալ, եկէ՛ք, տեսնենք, թէ ի՛նչ եղաւ հակազդեցութիւնը Եղիվարդին:
«Սիոն»-ի էջերը 1960 յունիսէն սկսեալ լեցուն են այդ հակազդեցութիւններով:
Լրագրական բարքերու տեսակէտէ, երեւոյթը աննախընթաց է, որովհետեւ վանական այս պաշտօնաթերթին խմբագիր-պատրիարքը չափի ու պատշաճութեան բոլո՜ր սահմանները քանդած էր:
Պիտի արտագրեմ միակ օրինակ մը: Բայց առ ի գիտութիւն ըսեմ, թէ Եղիվարդ միշտ համոզուած էր, որ Երուսաղէմի աթոռին դէմ դաւադրութիւններ սարքող «եպերելի խմբակ» մը կայ, որուն գլուխը «Պոլսոյ մաղձաշնորհ պատրիարքն է» (կ՛ակնարկուի ծերունազարդ Գարեգին արք. Խաչատուրեանին), իսկ պոչը` «Նայիրի-ի քոթոթը»: Այս վերջինն ալ… Ծառուկեանն է:
Ու անոր մասին Եղիվարդ կը գրէ.
– Այս վերջինը շատ ծանր գտած է իր պոչին տրուած հարուածը եւ ուժգին ոռնոցներով լեցուցած է իր թերթուկին էջերը` իրեն վայել հաջոցներով:
Թող ներուի մեզի այս բացատրութիւնը` բարացուցելու համար այս լիրբին կեցուածքը, որ տասը տարիներէ ի վեր «Նայիրի»-ի փողոցին մէջ պպզած, ցռուկը դէպի Երուսաղէմ, կը հաջէ անդադար, օր մը` գրականութեան հաշուոյն, օր մը` կուսակցական նպատակներով, օր մը` վճարուած ըլլալու ուրախութեամբ եւ ուրիշ օր մը` վճարուած չըլլալու տրտմութեամբ:
… Ըսած էինք, որ քոթոթներու չենք պատասխաներ, այլ հոշտ մը կ՛ըսենք ու կ՛անցնինք, սակայն այս վճարուած աներեսը, ինչպէս կ՛երեւի, դիւրին հասկցող մը չէ, հետեւաբար ո՛չ թէ իրեն, այլ իր տէրերուն ուղղուած կը նկատենք մեր այս տողերը` համաձայն ժողովրդային ասութեան, թէ` «շունին փայտը քաշէ, բայց տէրը յիշէ…»:
Ամբողջ գրութիւնը կը շարունակուի այս ոճով ու բառամթերքով: Եղիվարդ Ծառուկեանը կը կոչէր դրամաշորթ, պնակալէզ, վաշխառու, աղտոտ բերան, խեղանդամ, կոյուղիապետ, համազգային ձեռնածու եւ այլն, եւ այլն («Նօթք եւ նիշք», «Սիոն», 1960 դեկտեմբեր, էջ 343 ):
Լրագրական ինչպիսի՜ բարքեր ապրեր ենք 55-60 տարի առաջ…
Հալէպ