ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
Յոբելենական թուականներով հարուստ այս տարուան ընթացքին անտեսուեցաւ այս հրաշալի բանաստեղծին ծննդեան հարիւրտասնամեակն ու մահուան քառասնամեակը: Անկախ իր արժէքէն, բնականաբար, ան գրական հանրածանօթ անուն մը չէ, ինչպէս` Թումանեանը, Շանթը կամ Օտեանը, սակայն իր ինքնուրոյն տեղը ունի քսաներորդ դարու հայ բանաստեղծութեան մէջ` իր քերթողութեան յղացքով, լեզուով եւ անձնական փորձառութեան վրայ հիմնուած մտածողութեամբ: Թերեւս չափազանցութիւն թուի իր բարեկամին ու Բանաստեղծութեամբ… (1) հատորի հրատարակիչ Կարօ Փոլատեանի արտայայտութիւնը, որ իրեն համար կ՛ըսէ. «Յարութ Կոստանդեան մեր Պոտըլերն է» (2), սակայն անպայմանօրէն իւրայատուկ է իր քերթողութիւնը:
Միշտ չէ, որ ստեղծագործողը` իբրեւ մարդ, իր կենցաղով այնքան նման կ՛ըլլայ իր բանաստեղծութեամբ ներկայացուցած կերպարին, իսկ Յարութ Կոստանդեան կը յաջողի կատարել ճիշդ այդ, հակառակ անոր որ թուականօրէն մեծ չէ իր վաստակը, իսկ տարիներ կան, երբ չէ գրած: Հաւանաբար իր անցած կեանքի ուղին եւս իր կազմաւորման մէջ կարեւոր դեր ունի: Յարութ Պարսկաստան ծնած է` նորջուղայեցի ընտանիքէ, մանուկ տարիքին կը փոխադրուի Պոմպէյ, Հնդկաստան, ուր կը յաճախէ անգլիական դպրոց մը, աւելի ուշ` Եւրոպա, մասնաւորաբար` Ֆրանսա, ուր կ՛անցընէ իր կեանքին մեծ մասը, նախ` Փարիզ, ապա` Հարաւային Ֆրանսա, Փրովանսի լեռներուն մէջ: Փրովանսի տարբեր շրջաններէն Բաբկէն Պոտոսեանին ու Բիւզանդ Թոփալեանին ուղղուած իր նամակներուն մէջ շատ բան կը գիտնանք իր մտածումներուն, կեանքի պայմաններուն եւ մտահոգութիւններուն մասին (3): Հետաքրքրականօրէն, թէպէտ գիրքերուն վրայ Յարութ Կոստանդեան անունով կը ներկայանայ, նամակներուն տակ մեծ մանամբ Յարութիւն կը ստորագրէ, երբեմն` Յարութ:
Իր առաջին գործը` «Օրերի իմաստութիւնը» լոյս կը տեսնէ Փարիզ, 1935-ին (4), բարեբախտաբար գեղատիպ այս գրքոյկը վերահրատարակուեցաւ աւելի քան յիսուն տարի ետք, Վենետիկի մէջ: Շուրջ քառասունհինգ փոքր էջերէ կազմուած այս հատորը, որուն քսանհինգը արձակ է, առաւելաբար աւանդական եւ արեւելեան քերթողութեան նկարագիրը ունի, սակայն բանաստեղծ-գրողին անհատականութեան հետ շատ համերաշխ կը թուի: Ան «Բանաստեղծի գերեզմանին առջեւ» քերթուածին մէջ պիտի ըսէ. «Անձրեւն իջնում է հեղուկ երգի պէս, / Դուռը դամբանիդ բախելով ի զուր, / Սակայն յուսալով գուցէ ինձ լսես` / Ահա եկել եմ, երկիւղած ու լուռ: / Վարպե՜տ, այս ես եմ, անանուն մի ես, / Հոգիս վաճառած գրքիդ մէկ էջին, / Դու որ նիրհում ես, բա՛ց աչքերդ ու տես, / Քանզի մարմնացած քո երգն եմ վերջին…» (էջ 19): Այլուր, խայամեան մօտեցումով մը պիտի գրէ. «… Ու տուր ինձ մի բաժակ գինի, / Ուր թափել է արեւն իր հուր, / Նախ քան օրը գիշեր լինի – / Ե՛կ, սիրուհի՛ս, բաժակը տուր» («Գինարբուք», էջ 22):
Ճիշդ է, որ այստեղ տակաւին չենք գտներ գրաբարեան տարրերով հարուստ աւելի ուշ զարգացուցած իր ճոխ լեզուն, սակայն կը մտածենք, թէ ո՞ւր եւ ինչպէ՞ս Կոստանդեան կազմած է իր գրական լեզուն, երբ, ինչպէս յիշեցի, մանուկ տարիքին Պոմպէյ հաստատուած ու անգլիական դպրոց յաճախած է եւ հաւանաբար տունը գործածուած հայերէնի մը մասնակիցը եղած է. ընթերցումներո՞վ, ինքնազարգացմա՞մբ, մասնաւոր օժանդակութեա՞մբ: Ինչպէս կը վկայէ Փօլատեան, մինչեւ Ֆրանսա գալը ան ո՛չ բաւարար ծանօթ էր հայ գրականութեան, ո՛չ ալ ֆրանսական արդի բանաստեղծութեան, մինչ գերիրապաշտները այնտեղ մշակութային յեղափոխութիւն մը կը ստեղծէին:
Հինգ տարուան լռութիւն մը կայ «Օրերի իմաստութիւնը» գործին հրատարակումէն ետք, եւ ինչպէս իր ժամանակակիցները կը վկայեն, ան կ՛ուրանայ այդ շրջանի իր ստեղծագործութիւնները: Սակայն աւելի ուշ Բանաստեղծութեամբ… հատորին մէջ «Այս է իմ տուն…» եւ մէկ-երկու այլ բանաստեղծութիւն կը ներառէ, ուր, ինչպէս կը խոստովանի, իր փոքր սենեակը, իր արեւելեան գորգով, գիրքերը ու մտքին մէջ հազար կողմէ պատռտուած Հայաստանի քարտէսը իր միակ տունը կը կազմեն:
Կոստանդեան, իր սերնդակիցներէն շատերուն պէս, ամբողջովին նոր աշխարհ ինկած է եւ առանձնութեան, օտարումի եւ աքսորուած ըլլալու զգացումները յստակօրէն կ՛երեւին գրութիւններուն մէջ: Բ. Պոտոսեանին նուիրուած «Անյիշատակ» բանաստեղծութեան մէջ այդ օրերը կը յիշատակուին, երբ ինչպէս «Անի» աւերակ ճաշարանը կը մտնէին, կ՛երգէին «Հայաստա՜ն» եւ Մայր Արաքսի ափերով կը հասնէին Սեն Միշել, մէկ կողմէ կռունկին կանչը կար, միւս կողմէ` Մոնփառնասը, եւ այս երկու աշխարհներուն միջեւ անձկութեան ու պրկումի մէջ կեանքը կը թաւալէր: Սակայն ինք անոնցմէ է, որ իր անձնական փորձառութիւններով եւ ատկէ քաղած իմաստութեամբ աստիճանաբար կը համարկուի նոր շրջապատին եւ իրականութեան: Գրիգոր Պըլտեան, ֆրանսահայ գրականութեան նուիրուած իր հրաշալի ուսումնասիրութեան մէջ, յա՛տկապէս Կոստանդեանի նուիրուած գլխուն «Աքսոր ու վերադարձ» բաժնին մէջ կ՛անդրադառնայ այս կացութեան (5): Գրողին լուծումը, ինչպէս Պըլտեան կը նշէ, բանաստեղծութեան ճամբան է. «Թէպէտ նժդեհ ու տարագիր /Լինել մարդկանց մէջ բանաստեղծ» (Բանաստեղծութեամբ… էջ 38): Այնպէս որ, 1974-ին, լոյս տեսած հատորին խորագիրը Բանաստեղծութեամբ… կոչուիլը շատ բնական է: Կարծես Կոստանդեանի ամբողջ կեանքն ու ստեղծագործութիւնը բանաստեղծութեամբ իմաստ կը ստանայ: Սոյն հատորով ան գրաւեց աւելի լայն գրական հասարակութեան մը ուշադրութիւնը. հոն քառասունհինգ բանաստեղծութիւններ խմբուած էին եւ Կոստանդեան բանաստեղծին աւելի ամբողջական կերպարը երեւան կու գար:
Հատորը իր առաջին բանաստեղծութեամբ իսկ կը կախարդէր ընթերցողը եւ կը բացուէր այսպէս. «Աշունն որ անցաւ ոսկեզօծ էր բոսոր, / Առաւօտները խնկում էին սերկեւիլ. / Վերջին միրգերը քաղեցին այսօր` / Թուփերին դեռ կան հատիկները բիլ / Մորմերի որ տրտմութիւն են բուրում: / – Ես կթե՜լ եմ ամէն քաղցրութիւն` / Եւ ամբարել եմ անբաժան լեղի՛ն. / Եւ արդ, ընդէ՞ր եմ տրտում: / (Ամէն հովի դէմ` հոգին առագաստ, / Եթէ կա՜յ հոգի: / Եթէ կա՛ն հովեր` կը մեկնիմ անդարձ. / – Մնաս բարեաւ ոչ ոքի՛), («Աշուն», էջ 7):
Բնութիւնը իր ամբողջ կախարդանքով կ՛առինքնէ քերթողը. ծառը, ծաղիկը, ծիրանենին, եղանակներու փոփոխութիւնը, արեւը կամ լոյսը խորհուրդներ ունին եւ կ՛արձագանգեն, կը թրթռան իր մէջ, իսկ յաճախ մեծարենցեան քերթողութեան օրինակով առիթներ կ՛ըլլան իր ապրումներն ու խոհերը հոն հեռարձակելու: Պիտի գրէ. «Ոչի՛նչ` այս յորդ ճառագայթումն առաւօտեան` Լոյսը դիւրին – աղօթքի պէս սովորական» («Աղօթքի պէս սովորական»): Իր սերնդակիցներէն Շահան Շահնուր այս առիթով իր հիացումը պիտի արտայայտէր Կոստանդեանի քերթողութեան «Բայց երազն էր գերհզօր» խորագրեալ յօդուածով:
Կոստանդեանէն քիչ բանաստեղծութիւններ ունենալը որքան իր նկարագրին կամ աշխատանքին կը վերաբերի, նոյնքան կապ ունի գործի պահանջին հետ: Շատ յուզիչ է 18 յունիս 1954-ին Բիւզանդ Թոփալեանին ուղղած մէկ նամակը այս առնչութեամբ, ուր կը գրէ. «Ինչ վերաբերում է բանաստեղծութեան, իմ միակ մտահոգութիւնս է այժմս, որ անցեալ տարիների քերթուածներս լոյս տեսնեն «Անդաստան»-ի մէջ: Հասկացիր ինձ. որեւէ յոյս չունեմ, որ ոչ մօտիկ եւ ոչ հեռաւոր ապագայում, քերթուածներս մի հատորի մէջ լոյս տեսնեն. իմ միակ յոյսն է, որ «Անդաստան»-ի մէջ տպուելով` չկորսուեն. եւ գուցէ մի օր, հեռաւոր ապագայում, մի հոգի կը հանդիպի նրանց, կը սիրէ ու խանդավառուի. ո՞վ գիտէ: Սրանից է բխում իմ մենամոլութեան հասնող բծախնդրութիւնը` տպագրական սխալների հանդէպ: Հասկացիր ինձ առանց երկմտանքի, խօսքերիս մէջ երկսայրի իմաստ չկայ: «Անդաստան»-ը իմ քերթուածներով խճողելու մտադրութիւն չունեմ – միայն թէ, ես նախ բանաստեղծ եմ. եւ երբ ամբողջ մի տարի սպասելուց յետոյ, միայն մի քերթուած ես տպում «Ա»-ի մէջ – (որովհետեւ արձակ, եւ թարգմանական գործերով մասնակցում եմ նոյն թուին) – հաւատա՛, որ վիճակս յուսահատական է վերոյիշեալ պատճառներով» (Նամակներ, էջ 85-86):
Ընկերներուն եւ ինքն իրեն հետ միշտ անկեղծ` թելադրական, հրավառութիւն ստեղծող պատկերներով ու բառերով, օրերու իմաստութեամբ հարուստ հայ բանաստեղծը կը մնայ Յարութ Կոստանդեան:
—————
1.- Կոստանդեան Յ., Բանաստեղծութեամբ…, Համազգ. հրատ., Պէյրութ, 1974:
2.- Փոլատեան Կ., Զրոյց, Ե. հատոր, Համազգայինի Վահէ Սէթեան հրատ., Պէյրութ, 1979, էջ 52:
3.- Կոստանդեան Յ., Նամակներ, խմբ. Զուլալ Գազանճեան, մատենաշար Արդ, Փարիզ 1990:
4.- Կոստանդեան Յ., «Օրերի իմաստութիւնը», Փարիզ, 1953: Վերահրատարակուած Մխիթարեան տպար., 1989-ին, Վենետիկ:
5.- Պըլտեան Գրիգոր. Ֆրանսահայ գրականութիւն 1922-1972 Նոյնէն այլը, Երեւան, 2017, Սարգիս Խաչենց, Փրինթինֆօ. Անտարես հրատարակչութիւն:
Մի Մարդ
Ասում էի ես ինձ մի օր`
– Թէ գար հիմա այս ճամբայով,
Մի մարդ հովի նման անցորդ,
Դէմքը պայծառ ու ոսկեզօծ
Նման աշխարհն ու տիեզերքը ման եկած մի արեւի…
Եւ լռութեան նման անդորր,
Երազներից անդին դիտող մի մարդ արի՛.
Մի մարդ աղքատ, սակայն հարուստ`
Որպէս թափուած պտուղներով
Բեղմնաւոր է շուքը ծառի.
Հողերի պէս համբերատար, արցունքի պէս հաւատարիմ,
Եւ սիրո՛յ չափ տանջուած մի մարդ,
Օ՜, եթէ գար, եւ հայեացքն իմ դիտէր անթարթ,
Եւ աներկմիտ, եւ անայլայլ – քանզի վաղուց ինձ մտերիմ…
Թէ ճանաչէր ինձ անծանօթն
Եւ ասէր ինձ լոկ – «բարի լոյս»,
Ողջունէի – «քեզ լոյս բարի».
Բաւ էր այդքան որ յայտնէի ես աշխարհին`
Թէ կեանքիս մէջ տեսայ մի մարդ:
Եւ ասացի ես ինձ մի օր`
– Միթէ՞ դու չես լոյսը զուարթ
Եւ չե՞ս կարող լուսաւորել կեանքիդ օրերն`
Որ ձեռնունայն դեռ սպասես – մինչ գայ մի մարդ
Եւ որոնէ քո մէջ` իրե՛ն…:
– Դո՛ւ ես աշխարհն եւ յայտնութիւնն իր նորահաս,
Հայեացքդ անհուն ցանկութիւնն է հորիզոնի.
Ո՛չ աւելի եւ ոչ պակաս`
Հոսում ես դու յորդ ու վայրագ յորձանքներով Ամազոնի.
– Գե՛տ` գալարւում ես դէպի ծո՛վ.
Ծո՛վ փրփրուն եւ ալեծածան,
Յուզում են քեզ մեծաշառայլ տենչանք ու դող`
Արդ, կամարւո՛ւմ ես ծիածան,
Եւ անձրեւում ես դէպի հող,
Դո՛ւ յարաշարժ եւ յեղյեղուկ, դո՛ւ ինքնութեանդ մէջ անսասան`
Դու մարդ մի լոկ:
Ասում եմ մի մարդ ամբողջ ու անեղծ`
Խենթ ու իմաստուն, հպարտ ու կարկամ.
Ասում եմ հերոս, սուրբ ու բանաստեղծ`
Արեւի պէս մարդ բարեկամ:
Մի մարդ` մարմնացած ոսկոր ու արիւն.
Մի մարդ` գոյութեան ցնծութիւն ու կամք.
Մի մարդ` հիասքանչ հոգի ու աւիւն`
Աշխարհի պէս մարդ բարեկամ:
Ասում եմ մի մարդ յամառ եւ ուժեղ`
Ձեռքեր ժրաջան եւ ձեռքեր անկար,
Դաշտերը հերկող անմշակ ուղեղ`
Հողերի պէս մարդ բարեկամ:
Մի մարդ` հեշտասոյզ կնոջ մէջ բեղուն.
Մի մարդ` թշնամի լքուած արնաքամ.
Մի մարդ` պայքարի տենդերով եռուն`
Կրակի պէս մարդ բարեկամ:
Ասում եմ մի մարդ, յուզուած եւ հասուն`
Ինքն իր մէջ տեսիլք, ինքն իր դէմ պատգամ.
Ասում եմ աստուած կերտող անասուն`
Անհունի պէս մարդ բարեկամ:
Ծառ
Գալարուն ու խոհուն իգութիւնը ծառի
Երկրախոյզ խոնարհուած բարձրացաւ իմ առջեւ
Ցնծութեամբ բեղմնաւոր բազուկներ վերամբարձ
Թեւաբախ բացուեցին իմ առջեւ:
***
Քանզի հովն էր յուզիչ եւ թէ ծառն էր յուզուած.
Արդ թերթեր վարդագոյն թափուեցին իմ առջեւ,
Անտրտունջ թօթափեց խոստումներն իր թովիչ
Աստղազարդ մի երկինք իմ առջեւ:
***
Այլ քան հովը յուզուած եւ քան լոյսը յուզիչ`
Սարսռագին մոխրացող ծաղիկներ իմ առջեւ.
Եւ վիժած աստղերից արեւներ երկնող այս
Բարգաւաճ բերկրութիւնն իմ առջեւ:
– «Պիտի տեսնենք լուրթ լեռներից անդին, հեռո՜ւն`
Գիշերներն որ առաւօտ են,
Ուր սեպացած եղեցկութիւնն է սեւեռուն,
Եւ աչքերը նրա բեղուն`
Ներկայութեան մեր կարօտ են»:
(Եւ շիկացած էգն ու արուն,
Զուգուած անզուսպ ու մոլեգին,
Երկունքների մէջ գալարուն`
Դատապարտուած պարո՜ւմ էին):
– «Պիտի լսենք սրինգն արբուն եղանակի`
Սրնգահարն ինձ ծանօթ է,
Համաստեղեան վայելք է յոյզն իր նուագի`
Զուտ արձագանգ արեան զարկի,
Ուր անհունն իսկ համառօտ է…»
(Պարում էին քամուած, անզօր,
Լարուած ահեղ կշռոյթներին,
Բառաչում էր մի սաքսոֆոն`
– Լոյսերն արդէն մարել էին):
***
Ես գիտեմ մի երգ լեռների պէս հին,
Որ արեւախանձ թախիծ է համակ:
Այս յոյզն ես գիտեմ. եւ լեռները հին.
Ես հեղեղատն եմ այլեւս ցամաք,
Անսանձ հոսանքի յուշերն եմ խորունկ,
Հեղեղումների ուղղութիւնն անձեւ.
Եւ ահա ամրան տենդով տոչորուն,
Պապակած, տենչում եմ անձրեւ,
Անձրե՜ւ, անձրե՜ւ:
Աշուն
Ողջո՜յն կատարուող խորհուրդիդ աշո՜ւն`
Որ կեանքի մահուան վերջնական ու վէս,
Յորդ համանուագ – եղանակ ամայի
Եւ դաշըն թախիծ` նայուածքիցը նե՛րս
Անցնո՜ւմ ես, անցնում` առանց անցնելու…
Արդարե՛ւ ամէնքըն անցա՜ն որ լինես
Աշո՛ւն – որ լինես անհաս սիրոյ պէս
Կորուսեալ ափսոսանք մի հոսուն…
Ողջո՜յն կատարուող խորհուրդիդ աշուն:
……………………………………………….
Ունկն դի՜ր, ունկն դիր սաստկացող հովին,
Սոյլն այս սպառող, փոշին գերբնական –
Որ կեանքըն ահա խառնում է հողին,
Եւ տեսիլքն հոգու` լոյսին իրական. –
Զի սէրն իսկ այստեղ վերածւում է յուշի.
Եւ յիշատա՜կը – մոռացուող ոչի՛նչ.
Վերջապէս ամէն ինչ դառնում է փոշի,
Եւ փոշի՛ն դառնում է ամէն ինչ…
«Ամէն ինչ» – «ոչինչ»` բաներ ուրուական.
Եւ մագնիսական հարաւ եւ հիւսիս –
Ուր մտածումը հմայուած անթա՛րթ`
Սլաքն է դիւթուած ոսոխ ուժերից…
Եւ միանգամայն քաշւում համազօր
Զոյգ բեւեռներից` պառակտւում յաւէտ –
Ձգտում է յառաջ, ձգտում դէպի յետ.
Ու երկմտանքով գիշատուած անշա՛րժ`
Ցուցնում տանջանքի հաստատուն մի կէտ,
Ուր ուղեմոլոր ճամբորդն անաղէտ
Վերգտնէ գուցէ մոռացուած ուղին,
Տրուի փարատում այն մե՜ծ երկիւղին`
Որ նայում է յառաջ, եւ նայում է յետ…
…………………………………..
Մի՛ տրտմել, մի՛ տենչալ, մի՛ փորձել ի զո՜ւր
Սիրով քօղարկել այս ճակատագիրն, –
Հեշտիւ խաբկանքով փոխադրել այլուր
Այս ցաւն` որ կիզիչ վէրքի վրայ կի՛ր
Է մաղում – անողոք բարդում է կսկիծ:
Զի մենք պիտ` հագնինք լոյսերի ոսկին,
Այն օրն երբ որպէս անարժէք պղինձ
Անհոգ կը բաշխենք միրգերը բոսոր…
Օ՜ պէտք է հասո՜ւն թօթափենք բոլո՜ր
Մեր յոյսեր` նախ քան տերեւները թափին…
Նախ քան խոկումը խտանայ, եւ մի օ՛ր
Աստուծոյ պէս մերկ կենանք այս ճամբին`
Որպէս խաչ եւ խաչելութիւն մենաւոր:
…………………………………………
Որքա՜ն յոյսերի եւ սիրոյ, աշո՜ւն
Պէտք է նախ տալ հրաժեշտըն անդարձ,
Ակամայ դառըն անձկութիւնն արձակել,
– Ա՜յլ մնա՜ք բարով, ու մեկնել անվարձ,
Որպէսզի մի օր կարենանք այսպէս`
Խոր ազատութեամբ իսկ ողջունել քե՜զ`
Ողջո՜յն սրբազան խորհուրդիդ, աշո՜ւն: