Quantcast
Channel:
Viewing all articles
Browse latest Browse all 121

Լեռնականներու Վերջին Շառաւիղը` Սիմոն Սիմոնեան (Մահուան 30-Ամեակին Առիթով)

$
0
0

ԼԵՒՈՆ ՇԱՌՈՅԵԱՆ

«Կը Խնդրուի… Խաչաձեւել»

Ասիկա խորագիրն է Սիմոն Սիմոնեանի ստորագրութիւնը կրող անդրանիկ գիրքին: Եւ այս գիրքը գեղարուեստակա՛ն ստեղծագործութիւն մըն է: Թուական` 1965:

Գիտենք արդէն, որ նոյն տարին պիտի հրատարակուէր նաեւ իր հաստափոր «Արեւելահայ գրականութիւն»-ը, որ բանասիրական աշխատասիրութիւն մըն էր:

Այդ տարի Սիմոնեան արդէն իսկ բոլորած էր իր 51-րդ գարունը: Հետեւաբար կրնանք ըսել թերեւս, որ ան «ուշ» մնացեր էր իր սեփական գրականութիւնը առանձին հատորով հանրութեան ուշադրութեան յանձնելու ճիգին մէջ: Պատճառն այն էր հաւանաբար, որ ան տարինե՜ր շարունակ իր ուժը սպառեր էր ուրիշներո՛ւ գործերուն վրայ (Գարեգին կաթողիկոսին ձեռագիրները, «Հասկ»-ի ու «Սփիւռք»-ի խմբագրական աշխատանքները, «Սեւան» հրատարակչատան ծաւալուն ծրագիրները եւ այլն): Իր «Լեռնականներու վերջալոյսը»-ն անգամ, որուն պատմուածքներուն մեծամասնութիւնը գրուած էր 1945-47 շրջանին, տպուեցաւ քսան տարուան յապաղումով` 1968-ին:

«Կը խնդրուի… խաչաձեւել»-ը շատ հետաքրքրական գաղափարի մը, տեսիլքի՛ մը ծնունդն էր: Հոն կը նկարագրուի երեւակայական դէպք մը, որ կրնայ շահագրգռութիւն յառաջացնել բոլոր անոնց մէջ4 որոնք հայոց պատմութիւնը լա՛ւապէս կը ճանչնան ու գիտեն նաեւ նկարագրային երեսները մեր այդ պատմութեան երեւելի դէմքերուն կամ հերոսներուն, առանձին-առանձին:

Ի՞նչ է նիւթը:

Simon-Simonian-11_72916Սիմոնեան մեզ կը հրաւիրէ երեւակայական տօնահանդէսի մը, որ իբր թէ կը կայանայ մե՛ր օրերուն, Պէյրութի ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի մեծ սրահին մէջ, ի պանծացումն ՀԱՅ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻ ԾՆՆԴԵԱՆ ՏԱՍՀԱԶԱՐԱՄԵԱԿԻՆ… Հանդէսին կազմակերպիչն է «Բովանդակ հայ ժողովուրդի միացեալ կազմակերպութիւն»-ը: Սրահին մէջ ներկայ են հայոց պատմութեան մեծանուն դէմքերը` նստած կողք-կողքի: Ուրեմն` անդրշիրիմեան բացառիկ մէկտեղում մը…

Տօնահանդէսը, որ պիտի տեւէ 3 օր, ունի վերիվարոյ հետեւեալ յայտագիրը:

Ձեռնարկին պիտի նախագահեն հերթով` Գրիգոր Լուսաւորիչ, Սահակ Պարթեւ կաթողիկոս եւ Աշոտ Ա. Բագրատունի արքան:

Խօսք պիտի առնեն` Հայկ Նահապետ` «Ինչո՞ւ Արարատի երկիրը փախայ», Մեծն Տիգրան` «Ինչո՞ւ Հայաստանի սահմաններէն դուրս ելայ», Տրդատ թագաւոր` «Ինչո՞ւ աղջկան մը համար դաւանափոխ եղայ», Վասակ Սիւնի` «Ինչո՞ւ պարսիկներու կողմը անցայ»:

Պիտի արտասանեն` Մեսրոպ Մաշտոց` «Ա.Բ.Գ.»-ը, Սահակ Պարթեւ` «Օրօր»-ը եւ Հ. Ղեւոնդ Ալիշան` «Լուսնկայն»: Պիտի մեներգեն Ղեւոնդ Երէց` «Անգղ գիւղի երգը» եւ Կիրակոս քահանան` «Անիի բանալիները»: Փակման խօսք` Կոմիտաս վարդապետ:

Ներկայ պիտի ըլլան օտար մեծ հիւրեր, ինչպէս` Բել Բաբելոնի, Լուկուլլոս, Պոմպէոս, Օգոստոս կայսր, Ներոն, Թէոդոս կայսր, Յազկերտ Բ., Բուղա, Նեստոր, Ալփասլան, Ճենկիզ Խան, Լենկթիմուր, Շահ Աբաս, Թամարա թագուհի, Կլատըսթոն, սուլթան Համիտ, Թալէաթ, Էնվեր, Ստալին եւ Բերիա (բոլորն ալ` հայոց պատմութեան հետ առնչուած դէմքեր), որոնք ողջոյնի խօսքեր պիտի արտասանեն հետեւեալ նիւթերով.

– Ի՞նչ ըրինք հայ ժողովուրդին:

– Ինչպէ՜ս չմեռաւ հայ ժողովուրդը:

– Ինչո՞ւ պիտի չմեռնի հայ ժողովուրդը:

Տօնահանդէսի կարգապահութեան պիտի հսկեն հայ կուսակցութիւնները. զանգակներու հսկողութիւնը յանձնուած է հնչակեաններուն, զէնքերու` դաշնակցականներուն, լռութեան` ռամկավարներուն: Տեղի պիտի ունենայ հանգանակութիւն` ի նպաստ ՀԲԸՄ-ի: Նոյն օրը առաւօտեան տեղի պիտի ունենայ հոգեհանգիստ` այսուհետեւ ըլլալիք զոհերու հոգիներուն ի հանգիստ… Այս հոգեհանգիստին պիտի նախագահեն Աշտիշատի ու Երիզայի քրմապետները:

Կը խնդրուի նկատի ունենալ թուականը եւ անպայման… խաչաձեւե՛լ:

* * *

Պիտի չփափաքէի՞ք այսպիսի տօնահանդէսի մը ներկայ ըլլալ եւ ունկնդրել բանախօսները:

Սիմոնեանին այս քիչ մը երգիծախառն, մասամբ իմաստասիրական ու այլաբանական եւ առաւելաբար պատմա-վերլուծական գիրքը ձեզ հո՛ն կ՛առաջնորդէ:

Իրականութեան մէջ այս գործը թատերակ մըն է (կամ` կէս թատերակ մը), ուր դէմ յանդիման կը բերուին հայոց պատմութեան կարգ մը մեծերը եւ հանրութեան առջեւ ինքնապաշտպանութիւն կ՛ընեն, պարզաբանումներ կամ մերկացումներ կը կատարեն:

Օրինակ, լսե՛նք Ասորեստանի Շամիրամ թագուհիին արտասանած ողջոյնի խօսքէն սա՛ հատուածը.

– Արան մերժեց իմ սէրս: Ես իրեն խոստացած էի իմ թագաւորութիւնս, սիրտէս ետք: Անիկա պիտի ըլլար արքան երկու երկիրներու` Արարատի  երկրին եւ Ասորեստանի, որոնք այնուհետեւ իրարու դէմ կռիւներ ընելէ պիտի դադրէին եւ պիտի չդիմէին դէպի կորուստ: Գահ եւ սիրտ մերժուեցան Արա Գեղեցիկի կողմէ:

…Եթէ Արան ինծի միացած ըլլար, Մուսուլի քարիւղի հանքերը մեծ մասամբ, հարիւրին 95 տոկոսով, պիտի պատկանէին հայերուն, եւ Գալուստ Կիւլպէնկեանի ունեցած հարիւրին 5-ով` հայերը պիտի ունենային հարիւր առ հարիւր բաժինը: Արան, Նուարդ խանումին համար, կորսնցուց երկու թագաւորութիւններ եւ Մուսուլի քարիւղի հանքերուն ամբողջութիւնը: 

Նմանապէս, ի՛սկապէս հետաքրքրական տեսարան մը կը պարզուի մեր առջեւ, երբ բեմ կը բարձրանայ Վասակ Սիւնի մարզպանը ու կը պահանջէ, որ իր դիմաց կանգնին (նոյն բեմին վրայ) Ե. դարու պատմիչներ Կորիւն Սքանչելին, Եղիշէն, Ղազար Փարպեցին, բայց նաեւ` մեզի ժամանակակից փրոֆ. Նիկողայոց Ադոնցը եւ Հրանդ Ք. Արմէնը: Յետոյ ան կը պարտադրէ անոնց` կարդալ իրենց պատմագրքերուն մէջէն ա՛յն հատուածները, որոնք կ՛առնչուին իրեն` Վասակին:

Կը պարզուի, որ Կորիւնին ու Փարպեցիին վկայութիւնները ԴՐԱԿԱՆ են Վասակի մասին, եւ միայն Եղիշէն է, որ ի սկզբանէ ԺԽՏԱԿԱՆ դիրք բռնած է անոր նկատմամբ` ինչ-ինչ շիլ հաշիւներով…

Ուրիշ տեղ մը հեղինակը մտերիմ զրոյց մը կը ստեղծէ ընդմէջ Բելի ու Ստալինի… Այս վերջինը կ՛արտայայտուի սա՛պէս.

– Գիտե՞ս, տաւարի՛շ (ընկեր) Բել, ե՛ս ստեղծեցի անհատի պաշտամունքը, պաշտել տուի անձս. պաշտուելու համար անհրաժեշտ է ստեղծել երկիւղ. կրօններու պատմութիւնն ալ ցոյց կու տայ, որ աստուածներէն շատեր պաշտուած են երկիւղի պատճառով: Վերջապէս ես ու դուն ստեղծեցինք երկիւղ եւ պաշտամունք…

«Կը խնդրուի… խաչաձեւել»-ը իր բոլոր հատուածներուն մէջ չէ՛ որ յաջող է: Տեղ-տեղ կը կաղայ, կը ճապաղի անիկա` հակառակ հեղինակին սրամտութիւններուն եւ ուժեղ երեւակայութեան: Հեղինակը, գիտակից` այդ թերութիւններուն, բաւականացած է առանձին գիրքով հրատարակելու իր այս գործին լոկ Ա. մասը (գործին բաղկացուցիչ միւս երկու մասերը թէեւ գրուած են, բայց չեն հրատարակուած անջատ հատորով): Աւելի ուշ  Սիմոնեան հետամուտ եղած է ամբողջ գիրքը (իր երեք բաժիններով) վերամշակելու տենդագին աշխատանքի մը` առանց սակայն զայն իրականացնելու կատարելապէս: Ու գործը մնացեր է այդպէս, կէսկատար:

Յստակ է մեզի, որ այս գործին ներշնչումը կու գայ հեղինակին հայոց պատմութեան դասագիրքերէն: Այդ դասագիրքերուն անմիջական ու տրամաբանական արձագանգն է այս գիրքը: Սիմոնեան հայ ժողովուրդի ճակատագրին վերլուծումն է, որ կը փորձէ` երգիծանքով ու լացով, մտածումով ու պատմական ճշգրտութեամբ: Զինք խռովող հարցումը հետեւեալն է. ինչո՞ւ, ինչպէ՞ս տեւած է հայ ժողովուրդը, բայց ինչո՞ւ չէ մեծցած, միշտ «փոքր ածու» մնացեր է:

Կ՛արժէր, որ մեր թատերական գործիչները մտածէին այս երկը բեմականացնելու կարելիութիւններուն մասին:

Ի դէպ, երբ հայրենի նշանաւոր դերասանապետ ու բեմադրիչ Վարդան Աճեմեան (1905-1977) Սունդուկեան թատրոնը գլխաւորելով` Պէյրութ կ՛այցելէ 1966-ին, «Խաչաձեւել»-ին ակնարկելով` կ՛ըսէ Սիմոնեանին. «Հանճարեղ գործ է դա: Մերոնց հետ եոլա գնա՛ (իմա՛` հաշտ եղիր Խորհրդային Հայաստանի հետ, Լ.Շ.), որ ես կարողանամ այն բեմադրել Մոսկուայում եւ ցոյց տալ մեր 15 հանրապետութիւններին, որ մենք էլ թատրոն ունենք…»:

Լեռնցիներուն Ճակատագիրը…

Սիմոն Սիմոնեան, սասունցիներու նուիրուած իր պատմուածքներէն անկախ, 60-ական թուականներուն պարբերաբար գրի առաւ գեղարուեստական արժանիքներով օժտեալ բազմաթիւ արձակ այլ գործեր ալ, որոնք շուտով մէկտեղուեցան երկու առանձին հատորներու մէջ` «Սիփանայ քաջեր» ընդհանուր խորագրով (1967-1970):

Ասոնք պատմուածքներ ու վիպակներ էին` քաղուած սփիւռքահայ կեանքի ինչ-ինչ երեսներէն:

1972-ին, սակայն, Սիմոնեան հրապարակ հանեց իր վերոնշեալ արձակ գործերուն հաստափոր մէկ հատընտիրը, զոր կոչած էր «Լեռ եւ ճակատագիր»: Այստեղ, նոյն կողքին տակ ի մի բերուած էին «Լեռնականներու վերջալոյսը» հատորին բոլոր պատմուածքներն ու «Սիփանայ քաջեր» երկհատոր ժողովածուին ընտրելագոյն էջերը, ոմանք` հեղինակին կողմէ վերամշակումի ենթարկուած: Ընդամէնը` 475 էջանի  փառաւոր մատեան մը, որ պատիւ կրնար բերել ոեւէ՛ գրողի:

Շատ տարիներ առաջ, երբ դեռ ուսանող էի Ճեմարանի մէջ, դպրոցի գրադարանէն տուն բերեր ու մասամբ կարդացեր էի այս գործը:

Հիմա, տասնամեակներ անց, քիչ բան կը յիշէի անոր բովանդակութենէն:

Այդ պատճառով ալ գիրքը վերընթերցելու փափաքս կը կրծէր զիս:

Ուստի, ակումբի գրադարանէն ձեռք ձգեցի զայն կրկին, տուն բերի ու թաղուեցայ անոր մէջ` «հանդարտութեամբ, հեզութեամբ», ինչպէս պիտի սիրէր ըսել Վահան Թէքէեան:

Simon-Simonian-12_72916Յափշտակութեամբ կարդացուող հատոր մըն է «Լեռ եւ ճակատագիր»-ը: Իմ կարծիքով` անմահ գործ մը, որուն ընթերցումը շա՛տ բան կրնայ շահեցնել զայն կարդացողին: Յատկանիշե՞ր.

-Նախ` հեղինակին լեզուն: Զուլալ ու ջինջ արեւմտահայերէն մը, յարդազերծ ու անվրէպ, որ կարծէք Սիփանայ ծաղկաւէտ սարէն կամ Բիւրակնեան լեռներու կողերէն հոսող արագավազ գլգլան գետ մը ըլլար… Այս հայերէնը, դժբախտաբար, այլեւս ՉԷՔ ԳՏՆԵՐ մեզի ժամանակակից գրողներուն բերնին մէջ կամ գրչին տակ…

«Սիփանայ քաջեր»-ուն վերընթերցումը զիս բերաւ այն նորօրեա՛յ համոզումին, թէ պատմուածքներու այս շարքը բնաւ չի զիջիր զինք նախորդող «Լեռնականներ»-ու համբաւաւոր շարքին: «Սիփանայ քաջեր»-ուն բոլո՛ր պատմուածքներն ու վիպակներն ալ գրի առնուած են գեղարուեստական բարձր ճաշակով, նիւթերը ծայր աստիճան հմայիչ են ու քաշողական, հեղինակին պատմողական ոճը առինքնող է ու սրտախօսիկ եւ, վերջապէս, ամէն մէկ գրութիւն ո՛չ միայն խորապէս տպաւորիչ է, այլեւ` թելադրակա՛ն ու պատգամատա՛ր…

– Կարդացէ՛ք անգամ մը սա «Մայրի՜կ, մայրի՜կ»-ը ու տեսէք, թէ Եղեռնէն փրկուած հայ մայրիկ մը, երբ Հալէպէն Ամերիկա կ՛երթայ իր միակ մանչուն քով, ինչպիսի՛ անտեսումներու եւ արհամարհանքի նշաւակ կը դառնայ իր հարսին, թոռներուն ու այլասերած հարազատներուն կողմէ…

– Կարդացէ՛ք «Հայ մը…» պատմուածքը ու զարմացէք, թէ ինչպէ՛ս երկու անծանօթ հայեր իրարու կրնան հանդիպիլ Քոփենհակնի (Դանիա) մէկ փողոցին մէջ, ու անոնցմէ մին` Հանս Նալպանտեան, բարձրաստիճան պետական պաշտօնեայ ու բացարձակապէս հայերէնի անգիտակ, կու լայ իր մայրենի բարբառին ունկնդիր… (դէպքը իրական է, ու վերոնշեալ հերոսը որդին է Պոլսոյ Ազգ. Կեդրոնական վարժարանի երբեմնի տնօրէն սեբաստացի Մարտիրոս Նալպանտեանին ու անոր դանիացի կնոջ` բանաստեղծուհի Ինկա Գոլինի):

– Կարդացէ՛ք «20.000-էն մէկը» վիպակը ու զարհուրանքով ապրեցէք Բ. Աշխարհամարտի օրերէն օր մը, դաժա՛ն պահ մը, երբ գերմանական բանակին մէջ ծառայող հայ սպայ մը ստոյգ մահէ կը փրկէ խորհրդահայ մահապարտ գերի մը… Ու քսան տարի ետք, նախկին գերին, այս անգամ` իբրեւ Միացեալ Նահանգներու գիտական մեծահամբաւ  մէկ ընկերութեան նախագահը, Պերլին կու գայ իր երախտիքը յայտնելու իր երբեմնի ազատարարին…

– Կարդացէ՛ք «Թիւրք գնդապետի մը հետ»-ը եւ «Աթաթիւրքին աղջիկը»` թափանցելու համար թուրք մարդուն հոգեբանութեան ամենախորունկ ու գաղտնի ծալքերէն ներս…

– Տակաւին, կարդացէ՛ք «Կաղ զինուորին պատմութիւնը», զգայացունց դէպք մը, ու վստահաբար պիտի գոչէք. «Անհաւատալի, բայց իրա՛ւ»:

Գտէ՛ք ու կարդացէ՛ք Սիմոնեանի «Լեռ եւ ճակատագիր»-ը, որպէսզի աւելի մօտէն հակիք մեր ժողովուրդի ճակատագրին մութ ու խորհրդաւոր երեսներուն վրայ:

«Լեռ եւ ճակատագիր» հատընտիրը եւս, Սիմոնեանի նախկին գործերուն նման, արձագանգ թողուց ու գնահատուեցաւ մտաւորական դասին թէ ընթերցող հասարակութեան կողմէ: Միակ աննպաստ ձայնը եկաւ նախկին պոլսահայ վիպագիր Արեգ Տիրազանէն (1902-1987), որ ընդարձակ գրադատական մը ստորագրեց այս գրքին մասին Պէյրութի «Զարթօնք» օրաթերթի յաջորդական քանի մը թիւերուն մէջ` ցուցակագրելով հեղինակին «լեզուական վրէպներ»-ը:

Բայց Սիմոնեան ձեռնածալ չմնաց այս անհիմն ու դիտաւորեալ քննադատութեան դիմաց:

«Սփիւռք»-ի յաջորդական վեց թիւերու մէջ (6 հոկտեմբեր-10 նոյեմբեր 1974), անհերքելի ապացոյցներով ան մէկ առ մէկ ջրեց Արեգ Տիրազանի բոլոր խարխուլ պնդումները` կարկամեցնելով զայն եւ միաժամանակ հայոց լեզուի ու բառագիտութեան անմոռանալի դաս մը տալով անոր…

(Շար. 5)

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 121

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>