Quantcast
Channel:
Viewing all articles
Browse latest Browse all 121

Լեռնականներու Վերջին Շառաւիղը` Սիմոն Սիմոնեան (Մահուան 30-Ամեակին Առիթով)

$
0
0

ԼԵՒՈՆ ՇԱՌՈՅԵԱՆ

Երբ Սիմոն Սիմոնեան Կը Վազէր Մեծ Ծրագիրներու Ետեւէն…

Այո՛, Սիմոնեան միշտ ու միշտ վազեց մեծ ու համազգային ծրագիրներու ետեւէն` հաւատալով անոնց անհրաժեշտութեան, հաւատալով մանաւանդ զանոնք կենսագործելու կարելիութիւններուն: Բայց այնքա՜ն ընդարձակ էին իր այս ծրագիրները, որ մէկ մարդու կեանքը երբե՛ք բաւարար չէր`  գլուխ հանելու համար զանոնք:

Իր մահէն երկու-երեք տարի առաջ, Լիբանանը հրդեհող պատերազմի օրերուն, Սիմոնեան բազմափուլ երկա՜ր զրոյցի մը նստեր էր ֆրանսահայ իր գրչեղբօր` արձակագիր Կարօ Փօլատեանին հետ (որ Պէյրութ կը մնար այդ շրջանին), ու անոր պարզեր էր իր պատկերացումները` Հայաստանի ու հայ ժողովուրդի ապագային նկատմամբ: Շաբաթներու եւ ամիսներու երկայնքին Սիմոնեան մտերմօրէն խօսեր էր, պարզաբաներ ու ձեւաւորեր էր իր մտքերը, իսկ Փօլատեան նոթեր առեր էր մաս առ մաս:

Ճակատագիրը այնպէս բերաւ սակայն, որ այս զրոյցը կիսաւարտ մնայ. որովհետեւ զրուցակիցները երկո՛ւքն ալ անակնկալօրէն իրենց մահկանացուն պիտի կնքէին միեւնոյն տարուան (1986) մարտ-մայիս ամիսներուն…

Այնուհանդերձ, բարի ձեռք մը` Արմէն Դարեան, տէր կը կանգնէր այդ զրոյցին ու զայն լոյսին կը յանձնէր իր առկայ վիճակով, 1988-ին: Ասիկա պիտի դառնար, միաժամանակ, Կ. Փօլատեանի «ԶՐՈՅՑ» շարքին Զ. (վերջին) հատորը:

Սիմոնեանի հետ կատարուած այս երկարաշունչ զրոյցը, գրողին կեանքին ու գրական վաստակին շուրջ պտտկելէ անդին, օրակարգի կը բերէր նախ` վերջին վաթսուն տարիներուն մեր ապրած խոր տագնապները, ցնցումները: Յետոյ, սեւեռումի կ՛ենթարկէր հայ ժողովուրդի գոյատեւման եւ յաւերժացման հարցը: Առ այդ, Սիմոնեան կը կատարէր առաջարկներ, կ՛ընէր խորհրդածութիւններ, երբեմն կը բանաձեւէր նոյնիսկ լուծումներ: Սիմոնեանին յարուցած խնդիրները, արտայայտած մտքերն ու գաղափարները  միշտ ինքնատիպ էին: Տագնապո՛ղ հայ մըն էր ան, անկա՛խ մտածող հայ մը: Տեղ մը կ՛ըսէր. «Հիմա հայ չկայ Արեւմտեան Հայաստանի մէջ. 4000 տարիէ ի վեր առաջին անգամ ըլլալով` Արեւմտեան Հայաստանի մէջ հայ չկայ… Ահաւոր բան է այս իրողութիւնը: 1915-էն ի վեր հայ չկայ Հայաստանի մեծագոյն մասին մէջ: Հայ չկայ Ալաշկերտի, Կարսի, Կարինի, Երզնկայի, Խնուսի, Տարօն-Տուրուբերանի, Վասպուրականի, Խարբերդի եւ, տակաւին, Տիգրանակերտի, ամբողջ Արեւմտեան Հայաստանի մէջ: Պատմաբա՛ն պէտք է ըլլալ` զգալու, խորազգալու, խորաչափելու համար անչափելի ու անպարագրելի այս ճշմարտութիւնը» (տե՛ս «Զրոյց», Զ. հատոր, էջ 107-108):

Ու Սասնայ Ծուռը կ՛աւարտէր իր զրոյցը սա՛ բառերով. «Երանի՜ թէ մեզի տրուէր 100 տարի ետք մեր գերեզմաններէն վայրկեանի մը համար բանալ մեր աչքերը եւ տեսնել, թէ 2085 թուականին հայը դեռ կ՛ապրի՞ եւ ինչպէ՞ս կ՛ապրի… Կը հաւատամ, որ 2085 թուին պատմական Հայաստանը իր 15 նահանգներով լեցուած պիտի ըլլայ հայերով եւ թոռանս թոռը Սասնայ գիւղերէն Կերմաւի` հօրս գիւղին մէջ, գործարանի մը բանուորն է»:

Ի դէպ, Սիմոնեան, օգտուելով Մեծ եղեռնի 70-ամեակին ընձեռած առիթէն` իր վերոնշեալ զրոյցով արտայայտուած ազգային-քաղաքական տեսութիւնները յարմար կը դատէր հրապարակել մամուլով եւս: Պէյրութի «Զարթօնք» օրաթերթին մէջ է (10 ապրիլէն մինչեւ 23 մայիս 1985 երկարող յաջորդական թիւեր), որ կը հրատարակուէր Սիմոնեանի այն ուշագրաւ յօդուածաշարքը, որ պատգամի մը բնոյթն ունէր` սա՛ խորագրով. «Մեր գերագոյն ընելիքները հայ ժողովուրդի յաւերժութեան համար»: Սիմոնեան իր կարկինը լայն բացած էր մեր ժողովուրդը յուզող հիմնական բոլոր խնդիրներուն վրայ:

Simon-Simonian-13_73016Լսողներ ունէ՞ր, ունեցա՞ւ:

Սիմոնեանի գրական-հրատարակչական ծրագիրները շատ էին ու մեծղի: Նոյնիսկ «Սեւան» տպարանին իրողական փակումէն ետք, 1984-ին, մենք Սիմոնեանը կը տեսնենք իբրեւ չորս բաժնետէրերէն մէկը նոր հիմնուող «Հայ տիպ քոմփիւկրաֆ-թեքնոփրես» հրատարակչական ընկերութեան: Հակառակ իր ալեւոյթին ու յոգնածութեան, հրատարակչական կայծը չէ՛ր մարած ուրեմն իր ներսիդին: Կ՛ըսեն, թէ տպարանական մելան կար խառնուած իր արիւնին մէջ…

Իր մտերիմները կը վկայեն սակայն, որ վերջին տարիներուն Սիմոնեան, թերեւս տարիքի բերումով կամ Լիբանանի պատերազմին պարտադրած նեղացուցիչ կաշկանդումներուն պատճառով կ՛ապրէր աճապարանքի մատնուած մարդու մը հոգեվիճակն ու հեւքը: Փշրուած բան մը կար այլեւս իր մէջ, մանաւանդ որ «Սեւան» տպարանն ալ փակեր էր իր դռները ակամայ: Առողջութիւնը յաճախ կը դաւաճանէր իրեն, չէր յաջողեր ստեղծագործել բնական կշռոյթով, ջղագրգիռ կը դառնար ի տես ժամանակի արագավազ սահքին ու ատոր դիմաց` իր լեռնակուտակ ծրագիրներուն անշարժութեան: Ո՞ր մէկուն պիտի հասնէր, ուրկէ՞ պիտի սկսէր, ո՞ր գործին նախընտրութիւն պիտի տար… Մանաւանդ` ինչպէ՞ս պիտի վերականգնէր իր ստեղծագործական նախկին թափը:

– Ահագին ընելիքներ կան, ուշ մնացինք, ո՜ւշ…,- կը կրկնէր յաճախ:

Եւ իսկապէս ուշ մնացեր էր:

«Կը խնդրուի… խաչաձեւել»-ը կ՛ուզէր վերամշակել, շարունակել եւ ընդլայնել երեք հատորով: Նոր վերանայումներով կ՛աշխատէր ամբողջացնել զայն: Արդէն իսկ 150 էջ յաւելումներ բերած էր գործին վրայ: Բայց այս ծրագիրը չհասաւ իր երջանիկ աւարտին:

Իր «Արեւելահայ գրականութիւն» գործին (1965) յաջորդ ու կցորդ չորս հատորները (հին, արեւմտահայ, խորհրդահայ եւ գաղթահայ գրականութիւններ) չկրցաւ ամբողջացնել կամ պատրաստել: Նոյնիսկ «Արեւմտահայ գրականութիւն»-ը, որուն մասին մամուլով իսկ յայտարարած էր, թէ «պատրաստ է», լոյս աշխարհ չեկաւ:

«Սեւան ընդարձակ բառարան»-ին (1980) Բ. հատորն ալ լոյս աշխարհ չեկաւ, հակառակ որ այս աշխատանքին մէջ իրեն օժանդակ ունէր Կարօ Սարաֆեանն ու Մանուէլ Քէօսէեանը:

Ըստ իրեն, գրի առած էր 24 գլուխները «Գերեզման չտարուելիք բաներ» խորագրեալ տպաւորապաշտ գործի մը, որ 200 էջնոց հատոր մը պիտի ըլլար, եւ ուր կը պատմէր իր մանկութեան շրջանէն յամեցող յուշեր: Այս գործը եւս մնաց անաւարտ ու անտիպ: Անկէ քանի մը գլուխներ տպուած են Լոս Անճելըսի «Նոր Հայ» թերթին (1983) եւ Պէյրութի «Նոր Այնթապ» պարբերականի 1984-85 թիւերուն մէջ:

Մտադրած էր գրի առնել իր յուշերը` երեւելի դէմքերու մասին (Գարեգին Յովսէփեանց կաթողիկոս, Յակոբ Օշական, Արշակ Ալպոյաճեան, Չօպանեան, Ն. Աղբալեան, Կոստան Զարեան եւ այլք): Չկրցաւ:

Շատ կը փափաքէր «Սփիւռք» շաբաթաթերթին մէջ տպուած իր յօդուածներէն ընտրանի մը քաղել (100 յօդուած, տեսակ մը` ճռաքաղ) ու տպել առանձին գիրքով: Չեղա՛ւ:

Դեռ 30-ական թուականներու կէսերէն Սիմոնեան իր ուշադրութեան առարկայ դարձուցեր էր ԺԲ. դարու առակագիր Վարդան Այգեկցին ու անոր մասին բանասիրական յօդուած մը հրատարակեր էր Չօպանեանի «Անահիտ»-ին մէջ: Աւելի ուշ, խորացնելով իր պրպտումները, Սիմոնեան հասեր էր հետաքրքրական եզրակացութիւններու ու ա՛լ այն համոզումը գոյացուցեր էր, որ ֆրանսացի աշխարհահռչակ Լաֆոնթենի (ԺԷ. դար) առակներէն շատեր ուղղակի՛ քաղուած էին «Աղուէսագիրք»-ի հայ հեղինակէն… Իր այս բաղդատական ուսումնասիրութիւնը, «Վարդան Այգեկցի եւ Լաֆոնթեն» խորագրով, գրեթէ աւարտուն, ցարդ կը մնայ անտիպ:

Ուրիշ խորազնին բաղդատութիւն մըն ալ սկսեր էր գրի առնել` պարզաբանելու համար Խորենացիի (Ե. դար) ու Անանիա Շիրակացիի (Է. դար) թողած գրական ժառանգութեանց միջեւ նկատուող «անթիւ նմանութիւնները», հարիւրաւոր փաստերով: Շահեկան այս գո՛րծն ալ կէս ճամբան մնաց…

Վերջին տարիներուն ծրագրած էր հայոց պատմութեան ու հայ մշակոյթի պատմութեան մէջէն առանձնացնել 10 ճիւղեր (օրինակ` գիտութիւն, ճարտարապետութիւն, նկարչութիւն, զինուորական դէմքեր, կարեւոր քաղաքներ, հայրենի չքնաղ գեղեցկութիւններ եւ այլն) եւ իւրաքանչիւր մարզէն ՏԱՍԱԿԱՆ ՄԵԾՈՒԹԻՒՆՆԵՐ կամ ՀՐԱՇԱԼԻՔՆԵՐ ընտրել ու ներկայացնել: Անուններու ցուցակը պատրաստած էր, բայց գործը չշարադրուեցաւ…

Կը ծրագրէր գրի առնել Սուրիոյ եւ Լիբանանի 60 տարուան հայ գրականութեան պատմութիւնը (հազար էջանի) եւ անոր անցած ուղին` դէմքերով ու նուաճումներով: Այս վիթխարի գործին համար գտած էր հաւատարիմ գործակիցներ ալ (Ա. Դարեան, Ժ. Դանիէլեան եւ Եր. Պարսումեան), թէեւ աշխատանքին մեծագոյն բաժինը առած էր իր ուսերուն: Գործը տակաւ ստացեր էր մարմին ու ձեւ, մամուլի ճամբով կոչ-հաղորդագրութիւն մըն ալ հրապարակուեր էր այս առնչութեամբ (1980 օգոստ.), բայց ծրագիրը մնաց անաւարտ ու անկատար…

Իր մե՜ծ երազներէն մէկն էր արեւմտահայ գրականութիւնը հրատարակել ՀԱՐԻՒՐ ՀԱՏՈՐՈՎ, անգլիական «Նելսոն» հրատարակութեանց ձեւով, գրողներու կենսագրութիւններով, մատենագիտութեամբ ու բառարանով: Մատենագիտական առատ նիւթ հաւաքած էր այս գործին ձեռնարկելու համար. նոյնիսկ գրաւոր պաշտօնական դիմումներ կատարած էր հաւանական մեկենասներու` անհրաժեշտ նիւթականն ապահովելու բաղձանքով, բայց… չեղա՛ւ ու չեղա՛ւ:

Եւ տակաւին` ինչե՜ր ու ինչե՜ր…

 

 

(Շար. 6)


Viewing all articles
Browse latest Browse all 121

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>