Quantcast
Channel:
Viewing all articles
Browse latest Browse all 121

Հայ Բժշկական Ժողովրդային Պարբերաթերթեր Եւ Գիրքեր Հայ Սփիւռքի Մէջ 1850-1980

$
0
0

ԲԺԻՇԿ ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ

Գ. Պոլիս հրատարակուած հայկական բժշկական-առողջապահական ժողովրդային պարբերաթերթեր

1. «Աստղիկ արեւելեան»

Հայ իրականութեան մէջ առաջին հայ ամսաթերթը, որ պարբերաբար անդրադարձած է բժշկա-առողջապահական նիւթերու: Եղած է բարոյախօսական, բանասիրական, տնտեսագիտական, բնագիտական առողջապահական ամսաթերթ: Հրատարակուած է 1855-56, ամիսը մէկ անգամ: Խմբագիրը եղած է Գաբրիէլեան Յովհաննէսը: Հրատարակիչը` Պոլսոյ «Մեսրոպեան» ընկերութիւնը: Ունեցած է 16-20 էջ: Տպուած է Յովնաննէս Միւհէնտիսեանի տպարանը: Դադրած է հրատարակուելէ «Մեսրոպեան» ընկերութեան լուծարքով:

2. «Առաջնորդ Առողջաբանութեան»

Բժշկական-առողջապահական հայերէն ամսաթերթ: Հրատարակուած է 1896-98:

3. «Ատամնաբուժ»

Ատամնաբուժական հայերէն ամսագիր: Հրատարակուած է 1922-ին, միայն երկու համար: Ունեցած է ատամնաբուժութեան տեսական եւ գործնական հարցերու եւ հանրամատչելի բժշկա-առողջապահական բովանդակութիւն:

4. «Բժիշկ»

Բժշկական-առողջապահական հայերէն 16-24 էջերով ամսաթերթ: Հրատարակուած է Տրապիզոն, 1911-ին եւ Պոլիս, 1912-14, տնօրէնութեամբ Վահան Ղազարեանի:  Բովանդակութիւնը յատկանշուած է բժշկական զրոյցներով, ազգային հիւանդանոցի լուրերով, հայ բժիշկներու պաշտպանողական եւ թրքական հակահայ խտրականութեան դէմ գրութիւններով: Տպուած է Սեռար եղբայրներու, Օննիկ Արզումանեանի «Արաքս» եւ «Շանթ» տպարաններուն մէջ:

«Բժիշկ» պարբերաթերթ

5. «Բժշկական Տարեցոյց»

Բժշկական, առողջապահական, գիտահանրամատչելի հայերէն 436 էջերով տարեգիրք: Հրատարակուած է 1914-ին, միայն մէկ համար, խմբագրութեամբ բժիշկ Վահան Ղազարեանի: Բովանդակութիւնը կազմուած է բժիշկներու կենսագրականներով, բժշկա-առողջապահական յօդուածներով, բժշկական լուրերով:  Տպուած է «Արաքս» տպարանը:

6. «Գանձ Արհեստից»

Բժշկական, արհեստագործական, երկրագործական հայերէն 8-16 էջերով շաբաթաթերթ: Հրատարակուած է 1885-ին, տնօրէնութեամբ բժիշկ Կ. Ճեռահեանի: Տպուած է «Գանձ լրագոյ» տպարանը:

7. «Գիտական Շարժում»

Գիտական- բժշկական հայերէն ամսօրեայ հանդէս 24-66 էջերով: Հրատարակուած է 1885-87,  խմբագրութեամբ բժիշկ Նազարէթ Տաղաւարեանի: Ունեցած է բնագիտական, կենսաբանական, բժշկական բովանդակութիւն: Տպուած է Նշան Կ. Պէրպէրեանի տպարանը:

8. «Գրպանի Օրացոյց»

Գրպանի օրացոյց, սակայն ունեցած է առողջապահական ուղղուածութիւն: Հրատարակուած է 1903-ին:

9. «Դարման»

Բժշկա-առողջապահական եւ գիտական պատկերազարդ հայերէն 22-24 էջերով ամսաթերթ: Ունեցած է ֆրանսերէն բաժին մը: Հրատարակուած է Պոլսոյ Հայ բժշկական միութեան հովանաւորութեամբ` 1920-22 եւ տնօրէնութեամբ բժիշկ Օննիկ Փափազեանի: Բովանդակութիւնը կազմուած է ընտանեկան, դպրոցական, պատանեկան, եւ երիտասարդական առողջապահական յօդուածներով, ինչպէս նաեւ վարակիչ հիւանդութիւններու, համաճարակներու մասին գրութիւններով եւ համաշխարհային բժշկագիտութեան պատմական տեղեկութիւններով: 1921-ին միանալով «Հայ բուժակ»-ին` կոչուած է «Դարման հայ բուժակ»: Տպուած է Պեճիտեան եղբայրներուն տպարանը:

10. «Դարման Հայ Բուժակ»

Նախորդ անունները եղած են «Դարման» եւ «Հայ բուժակ»: Բժշկական, առողջապահական, գիտական պատկերազարդ հայերէն ամսաթերթ: Հիմնուած է Հայ բժշկական, ատամնաբուժական եւ դեղագործական միութիւններու կողմէ: Հրատարակուած է 1921-22, տնօրէնութեամբ բժիշկ Օննիկ Փափազեանի:

«Դարման» ամսաթերթ

11. «Երջանիկ»

Գրական, գեղարուեստական, բանասիրական, գիտական, առողջապահական, տնտեսական, երգիծական հայերէն տարեգիրք: Հրատարակուած է 1928-67: Երբեմն հրատարակուած տարբեր անուններով` «Երջանիկին տարեցոյցը», «Երջանիկ Զատիկ», «Երջանիկ տարի», «Երջանիկ տարիներ»: Խմբագիր-տնօրէնը եղած է գրող եւ հրապարակախօս Բագրատ Թեւեանը:

12. «Ընդարձակ օրացոյց Սուրբ Փրկչեան ազգային հիւանդանոցի հայոց»

Օրացոյց 172-567 էջերով: Հիմնադրուած է Սուրբ Փրկիչ հայոց հիւանդանոցի տեսչութեան կողմէ,  Պոլսոյ մէջ: Հրատարակուած է 1884-97 եւ 1900-10: Ունեցած է մի քանի խմբագիրներ` Հրանդ Ասատուր, բժիշկ Նազարէթ Տաղաւարեան, Դաւիթ Խաչկոնց, Տիգրան Արփիարեան, Արշակ Ալպոյաճեան: Ունեցած է տոմարային, առողջապահական, վիճակագրական յօդուածներ: Տպուած է Գ. Պաղտատլեանի եւ Հ. Մատթէոսեանի տպարանները:

13. Ընդարձակ տարեցոյց Սուրբ Փրկիչ ազգային հիւանդանոցի հայոց

Բժշկական հայերէն տարեգիրք: Հիմնադրուած է Սուրբ Փրկիչ ազգային հիւանդանոցին կողմէ: Հրատարակուած է Պոլիս, 1925-39, խմբագրութեամբ բանաստեղծ եւ բանասէր Թորոս Ազատեանի: Տպուած է Վ. Տէր Ներսիսեանին տպարանը: Նախապէս կոչուած է`«Տարեցոյց Սուրբ Փրկիչ ազգային հիւանդանոցի հայոց» եւ ետքը` «Ընդարձակ տարեգիրք սուրբ փրկիչ  ազգային հիւանդանոցի հայոց»

14. «Ընդարձակ տարեգիրք սուրբ փրկիչ ազգային հիւանդանոցի»

Բժշկական հայերէն տարեգիրք: Հրատարակուած է Սուրբ Փրկիչ ազգային հիւանդանոցին կողմէ 1943-49: Ունեցած է մի քանի խմբագիրներ`  Արտաշէս Գալփագճեան, Յովսէփ Քէշիշեան, Բաղդասար Մանուելեան, Արփիար Տէր Մարգարեան: Վերջին տարիներուն եղած է պատկերազարդ: Տպուած է Հ. Մատթէոսեանին տպարանը: Յաջորդ անունը եղած է` «Սուրբ Փրկիչ ամսաթերթ, Սուրբ Փրկիչ հայոց հիւանդանոցի»:

15. «Թանգարան Ժողովրդեան»

Բժշկական, առողջապահական հայերէն ամսագիր: Հրատարակուած է 1884-86, խմբագրութեամբ բժիշկ Մանուել Բարունակ Իւթիւճեանի: Տպուած է «Աշճեան» տպարանը:

16. «Ժամանակի Ժողովրդական Տարեցոյցը»

Երգիծական, առողջապահական պատկերազարդ տարեգիրք: Հրատարակուած է 1927-ին երկու հատոր, խմբագրութեամբ «Ժամանակ» թերթի:

17. «Լոյս»

Ազգային հայերէն 4 էջերով հանդէս: Հրատարակուած է 1874-85: Արտօնատէրը եղած է` Հմայեակ Դիմաքսեանը, իսկ խմբագիրը` Մ. Գափամաճեանը եւ ետքը Բիւզանդ Պողաճեանը: Բովանդակութիւնը յատկանշուած է գրական երկերով, բանաստեղծութիւններով, հրապարակախօսութիւններով, բժշկական եւ առողջապահական յօդուածներով:

18. «Կիլիկիա»

Ազգային, առողջապահական, ուսումնական հայերէն օրագիր: Հրատարակուած է 1861-75: 1864-ին դարձած է շաբաթաթերթ` 4 էջերով, «Կիլիկիա, հանդէս բժշկական ուսումնական եւ ազգային» անունով: 1867-ին կոչուած է` «Կիլիկիա, հանդէս միամսեայ առողջական եւ ուսումնական», 48 էջերով:  1909-ի դարձեալ լոյս տեսած է, բայց` միայն 3 համար: 1910-19 լոյս տեսած է միջանկեալ «Փունջ» անունով: Խմբագիրը եղած է բժիշկ Մանուել Բարունակ Ութուճեանը: Տպուած է «Յովհաննէս Միւհէնտիսեան» տպարանը եւ Թ. Տի Վիթճեանին տպարանը:

19. «Հայ Բժիշկ» (Հայ Բուժակ)

Բժշկական եւ առողջապահական պատկերազարթ 24 էջերով հայերէն ամսաթերթ: Հրատարակուած է 1919-ին 13 համար միայն, խմբագրութեամբ բժիշկ Մկրտիչ Գարակէօզեանի: Տպուած է Կ. Քէշիշեանին տպարանը:

Կիլիկիա «հանդէս                                                                                      Հայ բժիշկ» պարբերաթերթ

20. «Հայ Բուժակ»

«Հայ բժիշկ» ամսաթերթին շարունակութիւն, պատկերազարդ բժշկական առողջապահական հայերէն ամսաթերթ: Միանալով «Դարման» պարբերաթերթին` 1921-ին կոչուած է «Դարման հայ բուժակ»: Հրատարակուած է Պոլիս, 1920-23, եւ Աղեքսանդրիա, Եգիպտոս, 1924-25: Հիմնադիրը եղած է բժիշկ Վահան Ալթունեանը, իսկ խմբագիրը` բժիշկ Մկրտիչ Գարակէօզեանը:

Հայ բուժակ

Նպատակը եղած է մատչելի դարձնել բժշկա-առողջապահական գիտելիքները, ընթերցողներուն հաղորդել բժշկագիտական նորութիւններ եւ  հայացնել գիտական լեզուն: Հրատարակած է գիտահանրամատչելի գրականութիւն, ընկերային առողջապահութիւն, կանխարգելիչ բժշկութիւններու եւ վարակիչ հիւանդութիւններու յօդուածներ,  ինչպէս նաեւ` յուշագրութիւններ նշանաւոր բժշկական կազմակերպութիւններու գործունէութեան մասին: Տպուած է Կ. Քէշիշեանին տպարանը:

21. «Մատենադարան Ժողովրդեան»

Առողջապահական հայերէն ամսագիր, 32 էջերով: Հրատարակուած է 1882-85 «Եղիա Տնտեսեանի տպարան»-ը: Խմբագիրը եղած է բժիշկ Մանուէլ Բարունակ Իւթիւճեանը:

22. «Յոյս»

Առողջապահական, գիտական, հայերէն 16 էջերով ամսաթերթ: Հրատարակուած է 1913-14, միայն 12 թիւ, տնօրէնութեամբ  բժիշկ Հ. Պօղոսեանի: Տպուած է «Ժ. Ասատուրեան» տպարանը:

23. «Նոր Դարման»

Բժշկա-առողջապահական հայերէն կիսամսաթերթ: Հրատարակուած է 1935-ին միայն 4 թիւ խմբագրութեամբ Արմենակ Խանճեանի: Հրատարակիչը եղած է Տ. Տէր Սահակեան:

«Նոր Դարման» պարբերաթերթ

24. «Սուրբ փրկիչ` տեղեկատու Պոլսոյ ազգային հիւանդանոցի» Գրական, գեղարուեստական, գիտական, բժշկական տեղեկատու ամսաթերթ: Հրատարակուած է 1949-2013: Բովանդակութիւնը կազմուած է` ազգային հիւանդանոցի առօրեայի, պոլսահայ համայնքի կեանքի, մարդասիրական դերի, առողջ ապրելու կանոններու վերաբերեալ նիւթերով, ինչպէս նաեւ գրական, հայագիտական, հանրագիտական բնոյթի յօդուածներով: Կոչուած է նաեւ «Ամսաթերթ սուրբ փրկիչ հայոց հիւանդանոցի»:

25. «Տարեցոյց սուրբ փրկիչ հիւանդանոցի հայոց» (Պոլիս)

Բժշկական հայերէն տարեցոյց: Հրատարակուած է Պոլիս 1924-ին, մէկ անգամ: Հիմնադիրը եղած է Սուրբ Փրկիչ ազգային հիւանդանոցը, խմբագիրը` Միհրան Չուխաճեան: Տպուած է «Ե. Մ. Սեթեան» տպարանը: Ետքը  կոչուած է`«Ընդարձակ տարեցոյց սուրբ փրկիչ ազգային հիւանդանոցի հայոց»:

26. «Փունջ»

Քաղաքական, ազգային, առողջապահական, գրական հայերէն շաբաթաթերթ, ապա` եռօրեայ, ամէնօրեայ եւ ետքը դարձեալ շաբաթաթերթ: Հրատարակուած է 1866-1908: Տնօրէնը եւ խմբագիրը եղած է Համբարձում Ալաճաճեան, ապա` Սիմոն Ալաճաճեան եւ ետքը` Սիմոն Չեռմլեքեան: Լոյս տեսած է Երուանդ Մինասեանի, Կարապետ Պիպերեանի, Մ. Սարեանի եւ Զարեհ Պէրպէրեանի տպարաններէն:

(Շար. 3)

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 121

Trending Articles