ԲԺԻՇԿ ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ
Դ. Պոլիս Հրատարակուած Հայկական Բժշկական-Առողջապահական Ժողովրդային Գիրքեր
1. «Առողջապահութիւն առտնին եւ ի պէտս ազգ. երկրորդական վարժարանաց»
Հրատարակուած է 1898-ին` հեղինակութեամբ բժիշկ Ն. Տաղաւարեանի, յանձնարարութեամբ Պոլսոյ Ազգ. կեդրոնական վարչութեան Ուսումնական խորհուրդին:
2. «Առողջապահութիւն»
Հրատարակուած է 1915-ին` հեղինակութեամբ տոքթ. Պ. Սերոբեանի:
3. «Բնական պատմութիւն, մարդակազմութիւն ու բնախօսութիւն»
Հրատարակուած է 1886-ին: Հեղինակն է տոքթ. Ն. Տաղաւարեանը:
4. «Զուարճալի բժշկութիւնը, սալոնի գիրք»
Հեղինակն է Պ. Մ. Քօլօլեանը: Հրատարակուած է 1893-ին:
5. «Ծննդական գործարանք, կազմախօսութիւն, բնախօսութիւն եւ առողջապահութիւն»
Հրատարակուած է 1914-ին:
6. «Պատմութիւն մարդկային պատուաստման»
Հեղինակն է տոքթ. Տիգրան Փէշտիմալճեանը: Հրատարակուած է 1884-ին:
7. «Տարեցոյց բժշկական առողջապահական»
Հրատարակուած է 1914-ին: Հեղինակն է տոքթ. Վահան Ղազարեանը:
1980-ական թուականներէն ետք եւ մինչեւ օրս հայկական սփիւռքի մէջ հազուադէպ է բժշկական-առողջապահական ժողովրդային պարբերաթերթերու եւ գիրքերու հրատարակութիւնը:
Քալիֆորնիա նահանգին մէջ (ԱՄՆ) հրատարակուած են`
1. «Հայ բուժ», որ բժշկական եռամսեայ հանդէս մըն է (Կլենտէյլ, Լոս Անճելըս): Ան լոյս տեսած է 1992-ին: Խմբագրութեան մաս կազմած են` Ա. Տոնոյեանը, Հ. Այնթապլեանը, Յ. Յարութիւն Սաղրեանը, Վ. Ֆրանգեանը: Հոն կը տպագրուին առողջապահութեան հարցերու նուիրուած յօդուածներ:
2. «Հետեւիր առողջութեանդ», ամսաթերթ (Լոս Անճելըս), կը հրատարակուի «Medic Health Group»-ի «Medic Health Magazine»-ի կողմէ:
2015-ին Պէյրութի մէջ լոյս տեսած է «Զգուշ» բժշկական-առողջապահական պարբերականը` Յակոբ Լատոյեանի նախաձեռնութեամբ: «Զգուշ»-ի մասին անդրադարձած ենք առանձին գրութեամբ մը:
Իսկ ինչ կը վերաբերի բժշկական ժողովրդային գիրքերուն, հրատարակուած են.
1. «Վկայութիւն եւ պատգամ»
Հեղինակն է բժիշկ Զաքար Մկրեանը: Հրատարակուած է յետմահու, 2006-ին, Պէյրութ, Լիբանան:
2. «Բժիշկին խօսքը»
Հրատարակուած է 2000-ին, Պէյրութ, Լիբանան: Հեղինակն է բժիշկ Կարպիս Հարպոյեանը:
3. «Բժիշկին Բ. խօսքը»
Հրատարակուած է 2010-ին Պէյրութ, Լիբանան: Հեղինակն է բժիշկ Կարպիս Հարպոյեանը:
4. «Բժիշկին Գ. խօսքը» եւ «Բժիշկին Դ. խօսքը»
Հրատարակուած են 2015-ին Պէյրութ, Լիբանան: Հեղինակն է բժիշկ Կարպիս Հարպոյեանը:
Հոս կ՛ուզեմ յիշել, որ սփիւռքի վերոյիշեալ բժշկական-առողջապահական ժողովրդային պարբերաթերթերու եւ գիրքերու կողքին, Հայաստանի մէջ 1880-1980 հրատարակուած են որոշ թիւով ժողովրդային բժշկական պարբերաթերթեր եւ գիրքեր: Կրցած եմ գտնել անոնցմէ քանի մը օրինակներ:
Ա. Հայաստան հրատարակուած առողջապահական-բժշկական ժողովրդային պարբերաթերթեր
1. «Առողջապահական թերթ»
Բժշկական-առողջապահական միամսեայ թերթ: Լոյս տեսած է Երեւան, 1881-1884: Խմբագիրը եղած է Լեւոն Տիգրանեանը: Յօդուածներ գրած են ժամանակի ականաւոր բժիշկները: Թարգմանութիւններ կատարուած են ռուսական եւ եւրոպական բժշկական հանդէսներէ: Թերթը տարածուած է Երեւանի, Մոսկուայի, Թիֆլիսի եւ Իրանի մէջ, ինչպէս նաեւ` ուրիշ հայաբնակ վայրերու մէջ:
2. «Մալարիա»
Գիտական-հասարակական հանդէս: Հրատարակուած է Երեւան, 1920-ին: Խմբագիրները եղած են բժիշկներ` Լ. Յովհաննէսեանը եւ Աբգար Իսահակեանը:
3. «Բժշկական հանդէս»
Հրատարակուած է Երեւան, 1927-ին:
Աւելցնենք, որ մեծ թիւով մասնագիտական բժշկական պարբերաթերթեր հրատարակուած են բժիշկներու համար, վերջին 30 տարիներու ընթացքին, Երեւանի մէջ: Այս պարբերաթերթերէն են` «Նարեկ», «Բամբեր ստամոքսի եւ դիմածնօտին վիրաբուժութեան», «Բժշկութիւն, գիտութիւն եւ կրթութիւն», «Գիտաբժշկական հանդէս», «Դեղեր եւ բժշկութիւն», «Էրեբունի բժշկագիտական լրաբեր», «Նոր հայկական բժշկական հանդէս», «Հայաստանի կենսաբանական հանդէս», «Հայաստանի վիրաբուժութեան լրաբեր», «Տեսական եւ գործնական բժշկութեան հանդէս», «Արիւն»:
«Նարեկ» պարբերաթերթը հրատարակուած է Երեւան, բժիշկ Յարութիւն Մինասեանին կողմէ, 1992-ին: Շարունակուած է մինչեւ 1998: Ունեցած է 79 թիւ: Ան եղած է գիտահանրամատչելի ամսաթերթ:
Բ. Հայաստան հրատարակուած բժշկական-առողջապահական ժողովրդային գիրքեր
1. «Ատամներ եւ նոցա առողջապահութիւնը»
Հրատարակուած է Երեւան, 1899-ին: Հեղինակն է Մ. Մ. Մարգարեանցը:
2. «Մարդակազմութիւն»
Հրատարակուած է Երեւան, 1881-ին: Հեղինակն է բժիշկ Լեւոն Տիգրանեանցը:
3. «Մարդակազմութիւն»
Հրատարակուած է Երեւան, 1923-ին: Հեղինակն է բժիշկ Վահան Արծրունին:
4. «Ռուս-լատին-հայերէն բառարան բժշկութեան»
Հրատարակուած է Երեւան, 1924-ին: Հեղինակն է բժիշկ Վահան Արծրունին:
5. «Ֆիզիոլոգիա»
Հրատարակուած է Երեւան, 1923-ին: Հեղինակն է բժիշկ Արշակ Յակոբեանցը:
6. «Բժիշկի նամակները երիտասարդ մօրը»
Հրատարակուած է Ալեքսանդրապոլ, 1898-ին: Գերմաներէնէ հայերէնի թարգմանած է տիկին Զապէլ Չիլինկարեանը: Հեղինակն է բժիշկ Վիլհելմ Պլատը:
7. «Կիրակուայ հանգստութիւնը եւ նրա նշանակութիւնը առողջութեան համար»
Հրատարակուած է Վաղարշապատ, 1888-ին: Հեղինակն է բժիշկ Մ. Զարգարեանցը:
«Հորիզոն գրական», 8 սեպտեմբեր 2017
Վերանայուած` 8 նոյեմբեր 2017
Ասպարէզ
——————-
Աղբիւրներ`
- Հայ բժշկական թանգարան, Երեւան:
- Հայ բժշկական պատմութեան թանգարան, Երեւան:
- Մինասեան Յարութիւն, «Հայ բժշկական պարբերական մամուլն աշխարհում», 1855-2000, Երեւան:
- Մինասեան Յարութիւն, Օսմանեան կայսրութիւնում, Թուրքիայի Հանրապետութիւնում եւ յարակից տարածքներում բռնաճնշումների եւ ցեղասպանութեան ենթարկուած հայ բժիշկներ, Երեւան, 2014:
- Նարդունի Շաւարշ, «Բժշկական նոր գիրքեր», «Հայ բուժ», Փարիզ, մարտ 1938:
- Շառոյեան Լեւոն, «Ո՞ւր Է սփիւռքահայ բժշկական գրականութիւնը այսօր», «Ազդակ» եւ «Ասպարէզ» թերթեր, 2013:
- «Ուիքիփետիա», «Հայկական բժշկական մամուլ»:
- Armenian information medicine.
- Armmedicine.com.
(Շար. 4 եւ վերջ)