Quantcast
Channel:
Viewing all 121 articles
Browse latest View live

Վերյիշելով Մկրտիչ Պէշիկթաշլեանն Ու Իր Ժամանակը (Մահուան 150-ամեակին Առիթով)

$
0
0

ԼԵՒՈՆ ՇԱՌՈՅԵԱՆ

Արծուաբոյն Զէյթունն Ու Անոր Երգիչը

1862 օգոստոսին օսմանեան մայրաքաղաքը ցնցուեցաւ Կիլիկիոյ կողմերէն հասած մտահոգիչ լուրերով:

Բարձրադիր ժայռաքարերու վրայ կառուցուած Զէյթո՛ւնն է, որ կը խօսեցնէր իր մասին` ապստամբութեան դրօշ պարզելով պետութեան դէմ:

18 հազարի չափ հայութիւն կ՛ապրէր հոն այդ շրջանին: Անոնք 1620-ական թուականներէն ի վեր կիսանկախ կարգավիճակ մը ունէին օրինաւորապէս` շնորհիւ այն հռչակաւոր հրովարտակին, որով սուլթան Մուրատ Դ. զէյթունցիները զերծ կը կացուցէր գլխահարկի տուրքէն, պայմանաւ որ անոնք տարեկան 15.000 դահեկան «իբրեւ նուէր» վճարէին Պոլսոյ Այա Սոֆիայի մզկիթին, որպէսզի անոր կանթեղներուն ձէթը  չսպառի… Սուլթանական հրովարտակը կ՛արգիլէր Զէյթունի վրայ արտաքին ամէն միջամտութիւն: Փաստօրէն անիկա անառիկ ամրոցի մը վերածուեր էր:

Այնուհանդերձ, յաջորդող տասնամեակներուն թուրք իշխանութիւնները բնաւ առիթ չէին փախցուցած նեղելու Զէյթունը, մանաւանդ` տուրքեր հաւաքելու պատճառաբանութեամբ: Զայն ճնշելու կամ ծունկի բերելու փորձեր կը կատարէին մասնաւորաբար մօտակայ Մարաշի կառավարիչները` մերթ ընդ մերթ իրենց զօրաբանակները քալեցնելով անոր վրայ: Այդպէս պատահեր էր 1780-ին, 1808-ին, 1819-ին, 1831-ին, 1835-ին եւ 1860-ին: Ամէն անգամուն ալ յարձակողները ամօթալի փախուստի դիմեր էին…

1862-ին իր բախտը ուզեր էր փորձել նաեւ Մարաշի նոր կառավարիչ Ազիզ փաշան: Ան պահանջեր էր որ զէյթունցիք իրեն յանձնեն մօտակայ գիւղէ մը հոն ապաստանած 70 «յանցագործ» հայեր, որոնք թուրքի մը դիակին շուրջ ծագած վէճի մը մասնակցեր էին: Զէյթունի հայ իշխանները մերժեր էին կառավարիչին պահանջը` սա ցնցիչ պատասխանը յղելով անոր. «Մենք քեզի ո՛չ թէ 70 հայ, այլ 70 հաւ իսկ չենք տար…»:

Այսպէս է, որ սկսեր էր Զէյթունի ապստամբութիւնը այդ տարուան ամրան:

Ազիզ փաշան 12.000 կանոնաւոր բանակով ու նոյնքան ալ կամաւոր չերքեզներու օժանդակութեամբ գրոհի ձեռնարկեր էր պատմական Ուլնիոյ (Զէյթունի հին անունն է) վրայ: Պաշարման օղակի մէջ առնուեր էր գիւղաքաղաքը, կոտորածի, աւերի ու թալանի ենթարկուեր էին մերձակայ հայաբնակ գիւղերէն ոմանք: Կային հարիւրաւոր զոհեր ու վիրաւորներ…

Բուն ճակատագրական դէպքը տեղի պիտի ունենար, սակայն, օգոստոս 2-ին:

Ազիզ փաշային զօրաբանակը պիտի իյնար զէյթունցիներու լարած թակարդին մէջ ու անփառունակ պարտութեան մատնուելով` ստիպուած պիտի ըլլար նահանջել, կռիւի դաշտին վրայ ձգելով իր երկու թնդանօթները, ձիեր, բաւական զէնք ու պարէն եւ շուրջ  2000 սպաննուած:

Լուրը ցնցած էր օսմանեան մայրաքաղաքը: Ու հիմա, Բարձրագոյն դուռը կը պատրաստուէր «վերջնական հաշուեյարդար»-ի ենթարկել այդ ըմբոստ լեռնցիները…

Ժամանակաշրջան մըն էր ասիկա, երբ պոլսահայութիւնը կը բոլորէր իր Զարթօնքի շրջանին ամէնէն գագաթային եւ զգայուն մէկ փուլը: Դեռ ազգային մարմիններու օրակարգին վրայ էր տարիներէ ի վեր այնքա՜ն փայփայուած Ազգ. սահմանադրութիւնը, մինչ ահա՛ դղրդացնող ձայներ կը հնչէին գաւառէն:

Շարժած էր նաեւ պոլսահայոց խղճմտանքը: Մանաւանդ երբ պաշարման օղակը ճեղքելով գաղտնօրէն մայրաքաղաք կրցեր էին գալ քանի մը զէյթունցի պատուիրակներ (Յակոբ քհնյ. Տէլիքէշիշեան, Մնացական էֆ. Սեմերճեան, Գրիգորիս վրդ. Աբարդեան)` իրենց ցաւը պատմելու համար պոլսեցիներուն:

Ազգային հրատապ խնդրի մը վերածուեր էր Զէյթունը: Հարցին առնչութեամբ խնդրագրեր ներկայացուեր էին Պոլսոյ օտար դեսպաններուն: Նոյնիսկ, ո՜վ զարմանք, Ֆրանսայի Նափոլէոն Գ. կայսրը անձամբ հետաքրքրուեր էր իրադարձութիւններով եւ միջամտեր էր Բ. դրան մօտ…

Ի վերջոյ պետութիւնը ետքայլ մը ընել պարտաւորուեր էր: Փոխադարձաբար ալ, զէյթունցիք կը խոստանային վճարել պետական տուրքերը եւ ընդունիլ կառավարութեան կողմէ նշանակուած գաւառապետը: Ընդհանուր առմամբ, սակայն, գաւառը կը շարունակէր մնալ կիսանկախ:

Մկրտիչ Պէշիկթաշլեան, որ այդ շրջանին հանրային բեմերու վրայ շատ եռանդուն գործիչ մըն էր, կրնա՞ր հեռու մնալ Զէյթունի առթած ոգեւորութենէն կամ տագնապներէն:

Պէշիկթաշլեան կարծէք կոչուած էր  ըլլալ Զէյթունի երգիչը:

Պէշիկթաշլեանի ամբողջ գրականութեան մէջ բացառիկ տեղ մը կը գրաւեն այն  չորս բանաստեղծութիւնները, որոնք Զէյթունի հերոսական խոյանքին ձօնուած էին, եւ որոնք շուրթէ շուրթ պիտի պտտէին տարիներ շարունակ: Այդ չորս քերթուածներն էին` «Հայ քաջորդի», «Մահ քաջորդւոյն», «Թաղումն քաջորդւոյն» եւ «Հայ քաջուհին»:

Ոմանք հաստատած են, որ ասոնք գրի առնուեր են օտարալեզու քերթուածներու պատկերային որոշ հետեւողութեամբ կամ նմանողութեամբ: Կրնա՛յ ըլլալ. մանաւանդ եթէ նկատի ունենանք Պէշիկթաշլեանի լեզուագիտութիւնը, որ առիթ կ՛ընձեռէր իրեն` բնագրէն կարդալու ֆրանսական ու եւրոպական դասական գրականութիւնը առատօրէն, ներշնչուելով ատոնցմէ: Անուրանալի է սակայն, որ մեր բանաստեղծը իր անձնական դրոշմով ու ոճով գունազարդեր է զանոնք, ինքնատպութիւն շահեցուցեր է անոնց: Չօպանեան ուզած է վերջակէտ դնել այս առթիւ ստեղծուած վիճաբանութիւններուն` գրելով. «Մեզի համար անոնք ստեղծագործութիւններ են` հետեւողութեան մէջ. Պէշիկթաշլեան հայացուցած եւ իւրացուցած է իր բնատիպարները. այդ նմանողութեանց մէջ ամէն բառ իր կնիքը կը կրէ. փոխ առնուածը կը հալի իր խանդոտ մտքին քուրային մէջ, ուսկից դուրս կու գայ` նորոգուած, ուրոյն փայլ մը եւ շեշտ մը ստացած, ու կը ճոխանայ նոր, անձնական տարրերով» (տե՛ս «Անահիտ», 1907, թիւ 1-2):

Մենք 150 տարի ետք դեռ հաճոյքով եւ յուզումով կը կարդանք այս պատկերալից բանաստեղծութիւնները, ու կարծէք անոնց ընդմէջէն վերաքաղը ըրած կ՛ըլլանք Զէյթունի ապստամբութեան դէպքերուն կամ մթնոլորտին:

Պէշիկթաշլեան, որ ընդհանրապէս կը նախընտրէր գրաբար շարադրել իր տաղերը, Զէյթունի այս շարքը գրի առած է աշխարհաբարով, աւելի ճիշդ` գրաբարախառն աշխարհաբարով մը, որ շատ թովիչ կը թուի այսօր ալ, անուշ կը հնչէ մեր ականջին, կը հմայէ մեզ իր երաժշտականութեամբ: Ճիշդ ատոր համար ալ Չօպանեան կ՛ըսէ, որ «քաղցրադաշնակ զգացմանց եւ նուագաւոր հայերէնի» վարպետ մըն էր Պէշիկթաշլեան:

Բայց ինչպէ՞ս գրուեցան այդ տաղերը:

Իրազեկներ կը պատմեն, որ ան ստէպ կ՛այցելէր Զէյթունէն Պոլիս եկող պատուիրակներուն, ժամերով ունկնդիր կ՛ըլլար անոնց պատմածներուն, կը յուզուէր, կը սրտապնդէր զանոնք, կը խանդավառուէր անոնցմով:

Այս մասին թանկագին վկայութիւն մը ունի կրթական գործիչ Սրբուհի Երիցեանը (1847-1917, արեւելահայ թերթերու ծանօթ աշխատակից Աղեքսանդր Երիցեանին կողակիցը), որ Թիֆլիսի «Փորձ» հանդէսի 4-րդ թիւին մէջ (1877) կը պատմէ.

– 1862 թուականի վերջերը, Զէյթունի անցքերից անմիջապէս յետոյ, այդ երկրի նշանաւոր տէր Մովսէս քահանան, որ երեսփոխանութեան պաշտօնով Պոլիս էր եկած, մեր տանը հիւր եղաւ. դորա սրտաշարժ պատմութիւնները լսելու համար մեզ մօտ յաճախող երիտասարդների թիւը օրից օր շատանում էր: Սովորականից ստէպ յաճախողը եւ ժամերով տէր Մովսէսի մօտ նստողը Պէշիկթաշլեանն էր: Մի սրտաշարժ տեսարան էր հայ մարդու համար, երբ տէր Մովսէսի արած զէյթունցոց նկարագրութիւնը Պէշիկթաշլեանի խոշոր աչքերը արտասուք կը լեցնէին եւ, հետեւաբար, այդ երկու հայասէր անձանց հոգւոյն կրքերը կը գրգռէին: 1963-ի սկզբում ձմեռնային մի ցուրտ երեկոյ էր: Տէր Մովսէսի հետաքրքրական վէպերը գրաւած էին չորս կողմը խմբուած երիտասարդների հետաքրքրութիւնը. նա պատմում էր մի սիրտ ճմլող անցք, թէ ինչպէ՛ս մի յուսահատ մայր, մի խեղճուկ հայ կին, գիշերային լռութեան մէջ, պատերազմի դաշտին վրայ փնտռում էր իր միակ որդւոյն դիակը, որ մի օր առաջ մեծ ջարդ տուած էր հայրենեաց թշնամեաց: Խորին լռութեամբ եւ մորմոքած սրտերով լսում էին այդ պատմութիւնը. տպաւորութիւնը շատ մեծ էր…

Այդ նոյն գիշերն իսկ, իր կրած թարմ տպաւորութիւններուն ազդեցութեան տակ, Պէշիկթաշլեան կը գրէր «Մահ քաջորդւոյն»-ը` զէյթունցի տէրտէրէն լսած պատմութիւնը վերածելով չափածոյ զմայլելի տողերու.

«Դու զո՞վ խնդրես, մա՛յր իմ անուշ,
Ե՛կ, մի՛ դողար, մօտեցի՛ր հոս
Անլաց աչօք դիտէ զորդիդ
Ու իր վէրքերն արիւնահոս:
                 Թրքաց մայրեր թող լան, ու դուն
                 Ուրախ լուրեր տար ի Զէյթուն:

Ու ծափ զարկին մեր հարց ոսկերք,
(«ծափ զարկին մեր հայրերուն ոսկորները»)
Զի չէ մեռած հայոց կրակ,
Ու ցնծացին այնչափ զոհեր,
Զի լուծաւ վրէժ յարեան վտակ:
Խնդաց Մասիս, մա՛յր իմ, եւ դուն
Ուրախ լուրեր տար ի Զէյթուն:

Վերջին համբոյր տամ քեզ, մայրի՛կ,
Հատուցանես զայս սիրուհւոյս,
Վերջին անգամ գրկեմ մեր հող,
Ուր արդ կ՛իջնեմ ի ծոցն անյոյս.
Խաչ մը տնկէ վրաս ու դուն
Ուրախ լուրեր տար ի Զէյթուն»:

Խրիմեանի «Երկաթի շերեփ»-ի պատգամէն ու մեր բոլո՜ր յեղափոխական երգերէն շատ աւելի առաջ` Պոլսոյ թաղերուն մէջ կ՛արձագանգէր Պէշիկթաշլեանի նշանաւոր «Հայ քաջորդի»-ին աղերսանքը.

Կ՛ուզեմ վառօդ եւ գնդակներ…»:

(Շար. 6)


Վերյիշելով Մկրտիչ Պէշիկթաշլեանն Ու Իր Ժամանակը (Մահուան 150-ամեակին Առիթով)

$
0
0

ԼԵՒՈՆ ՇԱՌՈՅԵԱՆ

Երկու Անմոռանալի Ձեռնասուններ

Առաքել Պիպէռճեան, որուն անգամ մը ակնարկեցի արդէն` որպէս Պէշիկթաշլեանի կենսագիրներէն մին, իր գրքին մէջ թուելով բանաստեղծին աշակերտած կարգ մը անուններ` կը գրէ. «Պէշիկթաշլեանի բազմաթիւ աշակերտներէն ու աշակերտուհիներէն մանաւանդ երկուքը` Սրբուհի  Վահանեան ու Միքայէլ Փորթուգալ, մեծապէս օգտուեցան իրենց մեծ վարպետէն ու յետոյ եղան մտաւորական նշանակելի դէմքեր»:

Այո՛, այս երկու անունները, մին` իբրեւ արեւմտահայ կին գրողներու փաղանգին անդրագոյն դէմքը, միւսը` իբրեւ բանասէր ու օսմանեան շրջանի պետական բարձրաստիճան անձնաւորութիւն, անպայման պիտի յիշուին Պէշիկթաշլեանի անունին զուգահեռ` որպէս անոր անմոռանալի ձեռնասունները:

Կ՛արժէ, որ պահ մը լուսարձակ բանանք այս երկու անուններուն վրայ:

Միքայէլ փաշա Փորթուգալ

Միքայէլ փաշա Փորթուգալ 1891-էն մինչեւ իր մահը` 1897, վարեց սուլթան Ապտիւլ Համիտ Բ.ի անձնական գանձերու նախարարի շատ զգայուն պաշտօնը: Եղաւ պետական պատկառելի ու վստահելի դէմք մը, անկաշառ ու խղճամիտ, հմուտ տնտեսագէտ եւ համալսարանի ելեւմտական նիւթերու դասախօս, Պոլսոյ մաքսատան փոխվերատեսուչ, Երկրագործական դրամատան հիմնադիր ու տնօրէն: Իր մասին գրած եմ «Դեգերումներ»-ուս Ա. հատորին մէջ:

Շրջանաւարտներէն մին էր ան Մխիթարեան հայրերու Փարիզի Մուրատեան վարժարանին, ուր մնաց վեց տարի (1852-58)` բախտն ունենալով աշակերտելու հ. Գաբրիէլ Այվազովսքիի, հ. Ռափայէլ Թրեանցի ու հ. Ղեւոնդ Ալիշանի նման նշանաւոր դէմքերու: Սակայն նախքան հոն մեկնիլը` Օրթագիւղի հայ կաթողիկէ վարժարանին մէջ ան իրեն ուսուցիչ ունեցաւ Մկրտիչ Պէշիկթաշլեանը, որուն հետ մտերիմ կապեր ունէր իր ընտանիքը:

Վենետիկի Մխիթարեան վարդապետներէն հ. Յովհաննէս Թորոսեան, որ Փորթուգալ փաշայի մասին մենագրութիւն մը գրեց ու հրատարակեց հետագային, անոր մահուան առթիւ ստորագրուած յօդուածի մը մէջ («Բազմավէպ», յունուար 1898) կ՛ակնարկէ նաեւ Պէշիկթաշլեանին: Ան կը պատմէ, որ օր մը, Օրթագիւղի դպրոցին մէջ, դասի աւարտին, աշակերտներէն մին մօտեցաւ ուսուցիչ Պէշիկթաշլեանին ու հարց տուաւ անոր, թէ զո՞վ կը սեպէ դասարանին ամէնէն խելացի աշակերտը: Մեր բանաստեղծը մատնանիշ ըրաւ տղեկ մը, որ գրասեղանին ետին կծկած` շարունակ կը կարդար ու կը գրէր:

– Նա՛ է մէջերնիդ ամենախելացին:

Այդ տղեկը փոքրիկն Միքէն էր, Միքայէլը, ապագայ Փորթուգալ փաշան:

Եթէ Փորթուգալ փաշայի անունը կ՛առնչենք իր բանաստեղծ ուսուցիչին անունին, ատիկա` որովհետեւ փաշան ապագային ցոյց տուաւ նաեւ գրական հմտութիւն ու ձիրք եւ մեր բանասիրութեան գանձանակին մէջ թողուց զմայլելի ուսումնասիրութիւն մը, որ պատիւ կրնայ բերել ոեւէ մտաւորականի:

Խօսքը կը վերաբերի Ե. դարու պատմիչ Եղիշէի Վարդանանց պատերազմին ձօնած գործին վերլուծական մեկնաբանութեան:

Փորթուգալ փաշան իր այս գործը գրած ու աւարտած էր 1886-ին: Բայց հարկադրուեցաւ զայն փականքի տակ պահել կամովին, չհրապարակել, վախնալով, որ անոր լոյս ընծայումը համիտեան գրաքննութեան կողմէ կրնայ հաշտ աչքով չդիտուիլ… Իրեն նման պետական երեւելի դէմք մը, այդ սարսափի տարիներուն, ստիպուած էր ծայրայեղ զգուշութիւն ի գործ դնել` իր ազգային զգացումներուն մասին կասկած չյարուցելու համար: Հետեւաբար գործը լոյս տեսաւ միայն փաշային մահէն տարիներ ետք, 1905-ին, Վենետիկի Մխիթարեանց Ս. Ղազարու տպարանէն, «Եղիշէ վարդապետի վասն Վարդանայ եւ հայոց պատերազմին եւ քննադատութիւնք» վերնագրով:

Ինչի՞ մասին կը խօսէր այս գործը:

Հմտալից վերլուծում մըն է ասիկա Եղիշէի ու անոր դիւցազներգութեան մասին, պատմական, աշխարհագրական ու լեզուաբանական խորասուզումներով: Գիրքին մէջ տեղ գտած է Եղիշէի գործը` լրիւ, ու անոր կողքին` քննական մեկնաբանութիւնը կատարուած է Վարդանանց շարժումին` դրացի պետութեանց վարած քաղաքականութեան ընդհանուր ծիրին մէջ: Փորթուգալ փաշա վարպետօրէն գծած է դիմագիծը պարսից Յազկերտ արքային, Միհրներսեհ սպարապետին, յունաց Թէոդոս Բ. կայսրին ու մանաւանդ Հայաստանի մարզպան Վասակ Սիւնիին, որուն նկատմամբ մեր պատմութեան մէջ աւանդաբար նուիրագործուած ժխտական դիրքորոշումը. ան քննարկումի առարկայ կը դարձնէ անաչառ մերձեցումով: Յետոյ լայնօրէն կը բացատրէ պարսից կրօնը (կրակապաշտութիւն), տեղեկութիւններ կու տայ անոնց լեզուին մասին: Բայց այս բոլորը մեկնաբանած ատեն Փորթուգալ փաշա իր ընթերցողներուն հոգիէն ներս անուղղակիօրէն կը ցանէ հայրենասիրական ապրումներու աննշմար բեղմնափոշիներ, որոնք 1450 տարուան հեռաւորութենէ գալով հանդերձ, բա՛ն մը կը խտխտացնեն մերօրեայ հայ մարդուն մտքին ու սրտին մէջ…

Գրագէտի մասնայատկութիւններով օժտուած անձ մըն էր Փորթուգալ փաշան: Գիտակ էր արեւելեան ու արեւմտեան շարք մը լեզուներու: Իր տան մէջ կազմեր էր ճոխ գրադարան մը` հազարի չափ գիրքերով, զորս ընթերցեր կամ ուսումնասիրեր էր մի առ մի: Այդ մատենադարանով կը պարծենար ու զայն ցոյց կու տար իր բոլոր այցելուներուն: Լայն էր իր մտային պաշարը` պատմութեան, իմաստասիրութեան, հայ եւ օտար գրականութեանց վերաբերեալ: Ինչ գիտութեան մասին որ խօսէր, ատոր մասնագէտը կրնար կարծուիլ, այնքա՜ն խորունկ էր իր հմտութիւնը: Չափազանց նախանձախնդիր էր նաեւ մայրենի լեզուին` հայերէնի նկատմամբ: Իր պարապոյ ժամերուն բացառաբար կը զբաղէր գիր-գրականութեամբ:

Փաշային մասին ո՛չ ոք ժխտական արտայայտուած է` ըլլա՛յ իր ողջութեան, ըլլա՛յ մահէն ետք: Ընդհակառակն, ան վայելած է համընդհանուր յարգանք ու սէր: Օրինակ, Արփիար Արփիարեան Աղեքսանդրիոյ «Շիրակ» ամսաթերթին մէջ (սեպտ. 1905) «Գիրք մը, մարդ մը» խորագրին տակ կը գրէ. «Միքայէլ փաշա Փորթուգալ օժտուած էր տնտեսագէտի մեծկակ տաղանդով մը, որուն բարգաւաճմանը կը հետամտէր շարունակ, ուսմամբ եւ փորձառութեամբը: Զօրեղ կամքի տէր, երկաթէ ձեռքով վարչական մարդը, որ օսմանեան որեւէ պաշտօնատունէ երբ ներս կը մտնէր, հոն իրեն հետ կը տանէր բարեկարգութիւն եւ յառաջդիմութիւն: Շատ անգամ երազած էինք զինքը կուսակալ տեսնել բարեկարգեալ Հայաստանի նահանգի մը: Պետական ծառայութեանը մէջ մին եղաւ այն մեծատաղանդ վարչագէտներէն, որոնք հայ ցեղին ինքնակառավարութեան ընդունակութիւնը գործնականապէս կը հաստատեն: Աղաթօնի, Նուպարի, Գազազի շարունակութիւնը»:

Արփիարեան նոյն յօդուածին մէջ ուրիշ հետաքրքրական բաներ ալ կը պատմէ փաշային մասին: Կ՛ըսէ, թէ ան յաղթահարելու համար շաքարախտը, որմէ կը տառապէր, կը ջանար առաւելագոյն չափով քալել: Երբ կլիման թոյլատու ըլլար, ամէն օր հետիոտն կ՛երթեւեկէր Ղալաթիայէն մինչեւ Օրթագիւղ, խոհուն, մտածկոտ, ձեռքը բարակ գաւազան մը:  Բայց օր մըն ալ սուլթանական պալատէն հրահանգ ստացաւ տունէն պաշտօնատեղի «փակ կառքով» երթեւեկել` առանց ճամբան շեղելու, որպէսզի պատահական որեւէ հանդիպումի կամ խօսակցութեան առիթ չունենար… Ըստ Արփիարեանի, Ապտիւլ Համիտի կասկածամտութենէն բխող այս կաշկանդումը արագացուց փաշային հիւանդութիւնը ու պատճառ դարձաւ անոր վերահաս մահուան:

Ափսո՜ս, որ կարճ կեանք մը ունեցաւ ան: Մահացաւ 55 տարեկանին` իր ետին թողլով այրի կողակից մը ու հինգ զաւակներ (մանչ մը ու չորս աղջիկ):

Սրբուհի Վահանեան

Պէշիկթաշլեանի միւս ձեռնասունը, կամ եթէ կ՛ուզէք` իսկական սանուհին, Սրբուհի Վահանեանը եղաւ:

Սրբուհի Վահանեան բոլորին ծանօթ նոյնինքն Սրբուհի Տիւսաբն է, ապագայ ծանօթ գրագիտուհին, որ 1880-ական թուականներուն Պոլսոյ մէջ իրերայաջորդ կերպով լոյս ընծայեց երեք վէպեր` «Մայտա», «Սիրանուշ», «Արաքսիա կամ վարժուհին», եւ անոնցմով մնայուն տեղ մը գրաւեց հայ գրականութեան ամպիոնին վրայ:

Մ. Պէշիկթաշլեան Սրբուհիին ուսուցիչն եղաւ ո՛չ թէ դպրոցի մը մէջ, այլ` անոր ընտանեկան յարկին տակ, իբրեւ անձնական դաստիարակ: Բանաստեղծ-ուսուցիչը բախտորոշ փոփոխութիւններ յառաջացուց իր սանուհիին մտքին ու հոգիին խորը: Կրնանք անվարան ըսել, որ նո՛ր մանկամարդուհի մը կոփեց կամ ստեղծեց անկէ: Եւ որովհետեւ ուսուցիչ-աշակերտուհիի այս կապը երկարեցաւ չորս տարիներու վրայ, մտերիմ մթնոլորտի մը մէջ, ուստի Պէշիկթաշլեանի կուրծքին տակ յառաջացաւ զգացական տաք հոսանք մը, որ կը թուի, թէ համապատասխան փոխադարձութիւն չգտաւ: Սիրային այս վէպը իր աւարտին հասաւ երկու կողմերուն համար ալ խորունկ սրտաբեկութեամբ մը…

Տեսնենք, թէ ինչպէ՛ս ստեղծուեցաւ Պէշիկթաշլեան-Սրբուհի կապը:

Սրբուհին ծնած էր 1841-ին, Օրթագիւղ, պոլսահայ ազնուական ընտանիքի մը յարկին տակ: Շատ կանուխէն կորսնցուցեր էր իր հայրը. զայն գրեթէ չէր ճանչցեր: Ստացեր էր օտար կրթութիւն, սներ էր օտարոտի բարքերով ու տակաւ հեռացեր էր հայախօս շրջանակներէ: Միշտ կը նախընտրէր ֆրանսերէն խօսիլ, նոյնիսկ հեգնանքի ու ծաղրանքի առարկայ կը դարձնէր հայերէնը… Մէկ խօսքով, ուծացումի ճամբան բռնած աղջիկ մըն էր, ազատամիտ հակումներով:

Բայց Սրբուհիին մայրը` Նազլը Վահան, գոհ չէր այս ընթացքէն: Զարգացած եւ լուսամիտ կին մըն էր ան ու Դպրոցասէր տիկնանց ընկերութեան գործունեայ տարրերէն մին: Ան ի վերջոյ կրցաւ տարհամոզել իր դուստրը, որ հայերէնի յատուկ դասեր առնէ Մկրտիչ Պէշիկթաշլեանէն:

Այդպէս ալ եղաւ: Տարին 1861-ն էր ու Սրբուհին արդէն 20 տարեկան երիտասարդուհի մըն էր:

Պէշիկթաշլեան խանդավառուեցաւ իր արթուն, մտացի ու քնքուշ նոր աշակերտուհիով: Աշակերտուհին ալ խորունկ բարեկամութեամբ մը կապուեցաւ իր ուսուցչին` զմայլելով անոր տաղանդին ու կիրթ վերաբերմունքին վրայ: Հմայուեցաւ Պէշիկթաշլեանի բացատրողական եւ ուսուցողական ոճէն, սկսաւ կամաց-կամաց սիրել հայերէնը, պաշտել մեր գրականութիւնը:

Եւ այսպէս, պատահեցաւ անկանխատեսելի հրաշք մը. Սրբուհին հիմնովին կերպարանափոխուեցաւ: Ա՛լ ամէն տեղ ու ամէն առթիւ կը նախընտրէր հայերէն խօսիլ: Ա՛լ հայերէն գիրքերը վար չէր դներ իր ձեռքէն, կ՛ախորժէր  կարդալէ նոյնիսկ մեր հին մատենագրութիւնն ու Մխիթարեան վարդապետներու կողմէ գրաբարով գրուած անմատչելի բանաստեղծութիւնները: Այնքա՜ն գրասէր ու հետաքրքիր դարձեր էր ան, որ նոյնիսկ գրական փորձեր սկսաւ ընել…

Մինչ այդ, բաներ մը խլրտած էին Պէշիկթաշլեանի սրտին մէջ… Բանաստեղծը կը զգար, որ սիրահարեր էր իր աշակերտուհիին:

Սրբուհի Վահանեան, որ կը թուի թէ անտեղեակ էր իր ուսուցչին ներքին ալեկոծումներուն, ժամանակ մը յետոյ նշանուեցաւ երիտասարդի մը հետ: Այս դէպքը յուսահատութեան առաջնորդեց Պէշիկթաշլեանը: Ան այս մասին գրաբար սրտառուչ բանաստեղծութիւններ ալ գրեց, սիրային բնոյթով, ընդհանրապէս «Կոյս» անուանելով իր սիրահարը («Յետին հառաչք», «Յիշեա՛ ինձ, կո՛յս», «Ներեա՛ ինձ, կո՛յս», «Թոյլ տուր» եւ այլն): Աւելի ուշ ճակատագրական այլ դէպքեր պատահեցան. Սրբուհիին նշանը խզուեցաւ, ինչ որ պատճառ դարձաւ, որ Պէշիկթաշլեան դարձեա՛լ յուսադրուի, նոր պատրանքներու անձնատուր ըլլայ: Բայց այս անգամ ալ գլուխ ցցեց վերահաս ու անողոք հիւանդութիւնը, որ զինք շաբաթէ շաբաթ մահուան պիտի մօտեցնէր` Սրբուհիին միանալու երազը յօդս ցնդեցնելով…

Ո՞ր թարմատի աղջիկը պիտի ուզէր իր կեանքը կապել թոքախտաւոր բանաստեղծի մը:

Եդուարդ Սիմքէշեան իր «Ջահակիրները» հատորին մէջ (Իսթանպուլ, 1973) այս առնչութեամբ կը գրէ. «Սրբուհի Վահանեան խոր ակնածանք եւ երախտագիտութիւն ունէր զինքը կերտող այդ մարդուն [Պէշիկթաշլեանի] հանդէպ, եւ` այդքան միայն: Կանացի առաջին պչրանքներէն ետք, ինքն ալ զգաց, թէ իր սիրտը փակ պիտի մնար անոր սրտին դէմ, եւ մտքի ճամբով միայն պիտի կրնար կապուիլ, հաղորդակցիլ քերթողին հետ: Չէր կրնար սիրել, չկրցաւ սիրել զինքը խելայեղօրէն սիրող վարպետը, թերեւս զայն յուսադրեց անգիտակցաբար կամ քմայքի մը անձնատուր…»:

Իսկ Զապէլ Եսայեան կը ջանայ համոզիչ բացատրութիւն մը բերել Սրբուհիի վարանումներուն` գրելով. «Օրդ. Վահանեան ոեւէ աղջիկէ աւելի ընդունակ էր ըմբռնելու եւ գնահատելու բանաստեղծին հոգին: Ինքն իսկ բանաստեղծ էր հոգիով, դիւրաբորբոք եւ խանդավառ, ընդունակ` երեւակայութեան թեւերով ճախրելու իրականութենէն հեռու եւ չտեսնելու գոնէ ֆիզիքական աննպաստ պատճառները, որոնց հետեւանքով տխուր մերժուած մը եղած է Պէշիկթաշլեան: Բայց օրդ. Վահանեան որքան ալ օժտուած ըլլար կատարելութիւններով, կին էր վերջապէս եւ` բարձր դասու կին, շրջապատուած փայլուն եւ ընտիր երիտասարդութիւնով մը. իր ուշադրութիւնը պահ մը կանգ առնելէ ետքը բանաստեղծին վրայ, թռած գացած է ուրիշ տեղ» («Նայիրի» շաբաթաթերթ, Պէյրութ, 8 օգոստոս 1971):

Աւելի վերջուան պատմութիւնը ծանօթ է արդէն: Պէշիկթաշլեանի մահէն երեք տարի անց` 1871-ին, Սրբուհի Վահանեան պիտի ամուսնանար ֆրանսացի երաժշտագէտ, դաշնակահար եւ օսմանեան արքունի նուագախումբի ղեկավար Փոլ Տիւսաբի հետ (1834-1922)` որդեգրելով անոր մականունը: Տիւսաբ ամոլը աշխարհ պիտի բերէր երկու զաւակ` աղջիկ մը եւ մանչ մը: Աղջիկը` Տոռին, 1891-ին զոհ պիտի երթար թոքախտի, 19 տարեկանին… Այս մեծ կորուստէն ետք Սրբուհիին կեանքը տակնուվրայ պիտի ըլլար ու քայքայուէր: Ան պիտի մահանար 16 յունուար 1901-ին ու թաղուէր Ֆէրիգիւղի (Պոլիս) լատին կաթողիկէ գերեզմանատան մէջ:

(Շար. 7)

Վերյիշելով Մկրտիչ Պէշիկթաշլեանն Ու Իր Ժամանակը (Մահուան 150-ամեակին Առիթով)

$
0
0

ԼԵՒՈՆ ՇԱՌՈՅԵԱՆ

Պէշիկթաշլեան Ինչպէ՞ս Անդամակցեցաւ
Հայկական Մասոնական Օթեակին

Բանաստեղծ Մ. Պէշիկթաշլեանի կենսագիրներէն ոմանք չեն վարանիր յիշեցնելու, թէ Զէյթունի ապստամբութեան մեր սիրելի այս երգիչը իր կեանքին վերջին շրջանին մաս կազմեց նաեւ ազատ-որմնադիրներու (մասոն) Պոլսոյ հայկական «Սէր» օթեակին (հիմնուած 1866-ին եւ գործած` մինչեւ 1898):

Ոմանք թերեւս զարմանան այս տեղեկութիւնը կարդալով, պարզապէս անհամատեղելի գտնելով քնարերգակ բանաստեղծ Պէշիկթաշլեանի նուրբ խառնուածքը կամ ուսուցիչի իր համեստ դիմագծութիւնը` տիեզերական մեծ կազմակերպութեան մը հետ, ինչպիսին է Մասոնական եղբայրակցութիւնը:

Պէտք է ընդգծել սակայն, որ ԺԹ. դարու մասոնականութիւնը, նախքան վերածուիլը այն կազմակերպութեան` որպիսին կը ներկայանայ այսօր, եւ որուն նկատմամբ լայն վերապահութիւններ ունի հանրային կարծիքը, յառաջդիմական դեր կատարած է զանազան ժողովուրդներու մէջ:

Հայեր ալ ընդգրկուեր են այս խորհրդաւոր շարժումին մէջ, մանաւանդ` 1860-ական թուականներէն սկսեալ, Պոլիս եւ Զմիւռնիա: Հաստատ ու անհերքելի իրողութիւն է, որ ազատ-որմնադիրներ էին արեւմտահայ մտաւորական երեւելի դէմքեր, ինչպէս` Զմիւռնիոյ «Արեւելեան մամուլ»-ի խմբագիր Մատթէոս Մամուրեանը, նոյն քաղաքէն` «Արշալոյս Արարատեան»-ի խմբագիր Ղուկաս Պալթազարեանը, թարգմանիչ Գրիգոր Չիլինկիրեանն ու բառարանագիր Մեսրոպ Նուպարեանը, պոլսահայ հրապարակագիրներ` Յարութիւն Սվաճեանը, Ստեփան Ոսկանն ու Կարապետ Իւթիւճեանը, թատերական գործիչներ Սրապիոն Հեքիմեանն ու Ստեփան Էքշեանը, տպագրիչ Ճանիկ Արամեանը, Նահապետ Ռուսինեանն ու վիպագիր Ծերենցը, աւելի ուշ շրջաններուն` «Սապահ»-ի խմբագիր Տիրան Քէլէկեանն ու գրագէտ Գրիգոր Զոհրապը: Ի դէպ, ֆրանսահայ ողբացեալ պատմաբան Արթիւր Պէյլէրեան, որ յաջողած էր պրպտել «Սէր» օթեակի դիւանները, Պէյրութի «Հայկազեան հայագիտական հանդէս»-ի 2001-ի թիւին մէջ իր ստորագրած ընդարձակ մէկ ուսումնասիրութեամբ կը պարզէր, որ «Սէր» օթեակի երեսնամեայ գործունէութեան ընթացքին անոր անդամակցած էին 164 անձեր, ջախջախիչ մեծամասնութեամբ` հայեր:

Բայց մենք կեդրոնանանք Մ. Պէշիկթաշլեանի վրայ:

Ձեռքի տակ ունինք շատ հետաքրքրական տուեալներ ու մանրամասնութիւններ:

Մեր աղբիւրը Պոսթընի երբեմնի «Հայրենիք» ամսագրի 1937-ի թիւերն են: Այնտեղ, Ռուբէն Բերբերեան անունով յօդուածագիր մը ամենայն մանրամասնութեամբ կը պատմէ, թէ ինչպէ՛ս Պէշիկթաշլեան ընդունուեցաւ հայկական «Սէր» օթեակի անդամակցութեան, ինչպէ՛ս տեղի ունեցաւ իր մասոնական օծումը, եւ թէ այդ օթեակը ինչպէ՛ս յարգեց անոր յիշատակը` յետմահու:

Արդարեւ, Պէշիկթաշլեանի ազատ-որմնադիր ընծայումի այդ օրը (21 մարտ 1867) օթեակին մէջ ներկայ եղած են հին ու երէց անդամներ` իրենց պաշտօնական զգեստներով: Ընկալեալ ծէսը կամ արարողակարգը բացառաբար կրճատուած է` նկատի առնելով ընծայեալին հիւանդ վիճակը (այդ շրջանին թոքախտը գրեթէ անկողնին գամած էր Պէշիկթաշլեանը): Թեկնածուն սրահ բերուած է աչքերը քողով փակեալ, իբրեւ խորհրդանշան կուրութեան, «որուն մէջ կը խարխափի մարդ անհատը»: Քողը անհրաժեշտ նկատուած է նաեւ,  որպէսզի թեկնածուն չտեսնէ թէ ո՛վ կամ որո՛նք կանգնած են իր շուրջ: Հոս, երգուած է «Ի մէջ մթութեան դարեր խարխափած» քայլերգը.

«Ի մէջ մթութեան դարեր խարխափած,
Այսօր զարթեցանք եւ զլոյս տեսանք,
Երկիւղածութեամբ զօթեակը մտած`
Զիրար փնտռեցինք, զիրար մենք գտանք.
Զայս շէմքը կոխած, թող ո՛չ ոք մեզմէ
Բերէ կանխակալ մտքեր ու խոհեր,
Համերաշխութեան թող զշունչ ցանէ,
Ազատ հոգու տէր, թող զլոյս փնտռէ,
Զի մեք Տիեզերքի բարի եղբայր եմք»

Օթեակին քարտուղարը կարդացած է Պէշիկթաշլեանին կենսագրութիւնը` միաժամանակ նշելով, որ ան` «ինքն իր ազատ կամքով ուզած էր մտնել մասոնական կարգի մէջ եւ անդամ լինել «Սէր» հայկական օթեակին»:

Ընծայեալին հագցուցեր են մասնաւոր գոգնոց մը (ի նշան աշխատանքի): Յետոյ ան հրաւիրուեր է իր ձախ ձեռքը դնելու Աստուածաշունչի մը վրայ ու կատարելու ընկալեալ երդումը: Հուսկ, վար առեր են իր աչքերուն քողը ու ներկաները կամարաձեւ բարձրացուցեր են իրենց սուրերը անոր գլխուն վերեւ (ի նշան պաշտպանութեան` կեանքի դժուարութեանց ատեն):

Ծիսակատարութիւնը վերջանալէ ետք ճառախօսութիւն մը ըրեր է արարողակարգին նախագահը` «գերյարգելի վարպետ»-ը: Ան ամփոփ բացատրութիւններ տուեր է մասոնականութեան զինանշանին մասին` պարզաբանելով, թէ ի՛նչ կը խորհրդանշեն կարկինը, անկիւնաչափը, հարթաչափը, ուղղաչափը, ծեփիչն ու մուրճը: Անոր յաջորդեր է «եղբայր» Մատթէոս Մամուրեան, որ գովքը հիւսեր է Պէշիկթաշլեանի գրական ու թատերական վաստակին` միաժամանակ նկատել տալով, որ ան արդէն տարիներէ ի վեր քարոզախօսը դարձեր էր Եղբայրութեան, Համերաշխութեան եւ Միութեան տիեզերական գաղափարներուն:

Ճիշդ այդ պահուն ներկաներէն մին սկսեր է երգել բանաստեղծին նշանաւոր «Եղբայր եմք մեք» քերթուածը` դաշնամուրի ընկերակցութեամբ.

«Տո՛ւր ինձ քու ձեռքդ, եղբայր եմք մեք,
Որ մրրկաւ էինք զատուած,
Ընդ աստեղօք ի՞նչ կայ սիրուն,
Քան զանձկալի Եղբայր անուն»:

Պէշիկթաշլեան, ֆիզիքապէս արդէն յոյժ տկար ու փափկակազմ, շատ յուզուեր է, արցունքներ թափեր է: Արարողութիւնը վերջ գտեր է այսպէս: Ըստ Բերբերեանի, այնուհետեւ, բաւական երկար տարիներ, Պէշիկթաշլեանի «Եղբայր եմք մեք»-ը դարձեր է «Սէր» օթեակի պաշտօնական օրհներգը` իբրեւ տիեզերական եղբայրութեան ներբող:

Պէշիկթաշլեան հետզհետէ յառաջացող իր հիւանդութեան պատճառով գործօն դեր չէ կրցած խաղալ ազատ-որմնադրական շրջանակին մէջ: Արդէն պիտի մահանար իր անդամակցութենէն ընդամէնը մէկուկէս տարի ետք: «Սէր» օթեակը իբրեւ սուգի արտայայտութիւն` յատուկ նիստի մը կանչեր է իր անդամները ու պատշաճօրէն ոգեկոչեր է ողբացեալին յիշատակը:

Երբ Բանաստեղծը Հրաժեշտ Կու Տար Այս Աշխարհին

Պէշիկթաշլեանի առողջութիւնը կտրուկ կերպով վատթարացաւ 1867-ի աշնան: Ան անկողին ինկաւ ուժասպառ եւ հիւծած:

Լուրը խուճապ ստեղծեց Պոլսոյ ազգային ու ընկերային շրջանակներուն մէջ: Բանաստեղծը խնամքի եւ գուրգուրանքի առարկայ դարձաւ մանաւա՛նդ իր բժիշկ բարեկամներուն կողմէ, որոնք տեւաբար կ՛այցելէին իրեն` Ծերենց, տոքթ. Յովհ. Քեաթիպեան, տոքթ. Գրիգոր Մոզեան, տոքթ. Բարունակ Ֆէրուհխան, տոքթ. Նահապետ Ռուսինեան, տոքթ. Միքայէլ Ռափայէլեան:

Յայտնի էր սակայն, որ բժշկական գիտութիւնը անճար կը մնար յառաջացող թոքախտին դիմաց: Հիւանդը ի՛նք ալ գիտէր ատիկա ու այլեւս հաշտուած էր դառն իրականութեան հետ: Կը  սպասէր, որ շուտով «գոցուի վարագոյրը»: «Ի զուր կը շողայ արեւը գօս արմատին վրայ, նա ո՛չ ոստեր ընձիւղէ ու ո՛չ ծաղիկ բողբոջէ», կը գրէր ան նամակի մը մէջ` իր բարեկամներէն մէկուն: Կուրծքին տակէն միշտ միօրինակ հազ մը դուրս կը թռչէր… Երբեմն արիւն ալ կը թքէր:

Հակառակ հիւանդին անյոյս վիճակին` իր բարեկամները ձեռնածալ մնալ չուզեցին սակայն: Յակոբ էֆ. Նորատունկեան զինք երկու ամիս Մեծ կղզի տարաւ` օդափոխութեան համար: Բայց կղզիին խոնաւ կլիման չօգնեց իրեն, կրկին վերադարձաւ Օրթագիւղ: Այստեղ, իր խորթ մայրը ստանձնեց հիւանդապահի դժուար պարտականութիւնը:

Բայց կար նաեւ… Սրբուհի Վահանեանը: Զգացական այնքան վերիվայրումներէ ետք Սրբուհին կրնա՞ր անտարբեր մնալ իր երբեմնի ուսուցիչին ու մենտորին նկատմամբ:

Եւ ուրեմն, Սրբուհին այդ օրերուն եկաւ պահապան հրեշտակի մը դերը ստանձել Պէշիկթաշլեանի սնարին վերեւ: Իսկական քաջագործութիւն մըն էր այս, նոյնիսկ` վտանգալից արկածախնդրութիւն մը, երբ գիտենք, որ թոքախտը վարակիչ հիւանդութիւն մըն էր, ու հարկ էր զգուշանալ հիւանդին հետ ամէն տեսակ շփումէ կամ մերձեցումէ:

Իրազեկներու վկայութեամբ, Սրբուհին օրական մէկ կամ երկու անգամ կ՛այցելէր անկողնին գամուած Պէշիկթաշլեանին, դեղերը կու տար, կը պատասխանէր այցելու բժիշկներու հարցումներուն, իր զուարթ խօսակցութեամբ կը սփոփէր հիւանդը, մանաւանդ գիրքեր կը կարդար անոր` ժամանակ անցընելու համար:

Բժիշկները յանձնարարեր էին, որ հիւանդը ամէն օր այծի կաթ խմէ առատօրէն: Ա. Պիպէռճեանի գիրքին մէջ այս առնչութեամբ կայ տեղեկութիւն մը, որ յուզիչ վկայութիւն մը կրնայ սեպուիլ բարեկամական անաղարտ սիրոյ` հանդէպ հիւանդի մը, որ կը գալարուէր մահուան սպասումով:

Արդարեւ, Օրթագիւղ բնակող երկու առեւտրական հայեր, Պէշիկթաշլեանի դրացի ու համակիր, գործով Եգիպտոս կը մեկնին ու հո՛ն է, որ կը լսեն բանաստեղծին ծանր հիւանդութեան մասին: Կ՛իմանան նաեւ այծի կաթ խմելու բժշկական պատուէրը: Պիպէռճեան կը պատմէ.

– Անոնք եգիպտական ընտիր ցեղէ այծ մը կը գնեն իր երկու ձագերով, զորս անձամբ կը բերեն մինչեւ Օրթագիւղ, Պէշիկթաշլեանի բնակարանը, տանը դռնէն ներս կը ձգեն այծը, որ երկու ուլերով անարգել կ՛ելլէ մինչեւ հիւանդին սենեակը… Պէշիկթաշլեան յանկարծակիի կու գայ ի տես այս երեք սիրասուն կենդանեաց, եւ երբ կ՛իմանայ եղելութիւնը, սաստիկ յուզումէն կը սկսի արտասուել ու երախտագիտական բուռն զգացմամբ լեցուած կ՛ըսէ. «Ինչպէ՞ս շնորհակալ ըլլալ ձեզի, որ մինչեւ այս աստիճան կը մտածէք զիս»:

Հակառակ ի գործ դրուած բոլոր խնամքներուն` ի վերջոյ պատահեցաւ անխուսափելին: Մկրտիչ Պէշիկթաշլեան իր վերջին շունչը փչեց 29 նոյեմբեր 1868-ին: Մահագոյժը քանի մը տժգոյն տողերով հանրութեան տեղեկացուեցաւ «Մասիս»-ի յաջորդ օրուան` 30 նոյեմբերի թիւով:

Պոլիս դառնօրէն ողբաց իր այս արժէքաւոր զաւկին կորուստը: Ամէն մարդ կը գիտակցէր, որ այս աշխարհէն հրաժեշտ կ՛առնէր մեծ կերպարանք մը, որ Յակոբ Օշականի իսկ դատումով` «գործեց ծանր պայմաններու մէջ, հարիւր առողջներու չըրածը իր հիւանդ մարմինովը իրագործելով»:

Յուղարկաւորութիւնը կատարուեցաւ Բերայի հայ կաթողիկէ Ս. Յովհան Ոսկեբերան եկեղեցւոյ մէջ, խուռներամ սգակիրներու ներկայութեան: Դամբանախօսեցին իր մտերիմներէն` Ծերենց, Տիգրան Եուսուֆեան եւ Յովհաննէս փաշա Սագըզ: Իսկ Սրբուհի Վահանեանի ստորագրութիւնը կրող գրաբարախառն եղերերգութիւն մը, ձօնուած` ողբացեալին, լոյս տեսաւ «Մասիս» շաբաթաթերթին մէջ, շաբաթ մը ետք, 7 դեկտեմբեր 1868-ին:

Ննջեցեալին մարմինը հողին յանձնուեցաւ Շիշլիի հայ կաթողիկէ գերեզմանատունը: Շիրիմին վրայ կառուցուեցաւ բրգաձեւ իւրայատուկ կոթող մը: Հետագային այդ շիրիմին ճիշդ մօտիկը թաղուեցան նաեւ «Ագապի» վէպի հեղինակ Վարդան փաշա (Յովսէփ Վարդանեան, 1879), նշանաւոր դերասան Պետրոս Ադամեան (1891) եւ թատերական գործիչ Սրապիոն Հէքիմեան (1892):

Անոնք բոլորն ալ, մինչեւ այսօր, այնտեղ կը ննջեն խաղա՜ղ, կատարեալ անդորրութեան մէջ…

*

Սխալած չենք ըլլար, եթէ պնդենք, որ Պէշիկթաշլեանի գրական բերքէն կ՛ապրին ու իրերայաջորդ սերունդներու յիշողութեան մէջ կը գոյատեւեն լոկ քանի մը բախտաւոր քերթուածներ` Զէյթունի ձօնուած չորս բանաստեղծութիւնները, նշանաւոր «Գարուն»-ը (որ երգի վերածուած է Տիգրան Չուխաճեանի յօրինումով) եւ անմոռանալի «Եղբայր եմք մեք»-ը: Ասոնցմէ դուրս ամէն ինչ անընթեռնելի է այլեւս ու ժամանակավրէպ` գրուած ըլլալով գրաբարով, որ շատո՜նց մեռեալ ու անմատչելի լեզու մը դարձած է:

Արժեզրկուած են ու ա՛լ չեն օգտագործուիր իր թատերախաղերն ալ, որոնք, է՜ր երբեմն, Կովկասի հայ բեմերուն վրայ իսկ կը ներկայացուէին:

Բայց այն քիչն իսկ, որ դասագիրքերու ճամբով կ՛ապրի ու կ՛աւանդուի` իբրեւ Պէշիկթաշլեանի ստեղծագործութիւն, միանալով հեղինակին անձէն ու հանրային բեղուն գործունէութենէն ճառագայթող անմաշելի հմայքին, բաւարար է, որ մենք (եւ գրականութեան պատմութիւնը) չմոռնանք այս անունը:

Բանաստեղծին յետմահու յաղթանակն է ասիկա:

Շիշլիի գերեզմանատան նոճիներուն արանքէն Մ. Պէշիկթաշլեանի ոգի՛ն է, որ կը շարունակէ ժպտիլ մեզի 150 տարիէ ի վեր…

Հալէպ, յուլիս 2018
(Շար. 8 եւ վերջ)

Ծաղիկին Պէս Հմայիչ… (Հ. Աւետիք Վրդ. Թալաթինեանի Վախճանման 25-ամեակին Առիթով)

$
0
0

ԼԵՒՈՆ ՇԱՌՈՅԵԱՆ 

Ինը տարեկան երեխայ մը անշուշտ գիտէ, թէ ի՛նչ է «ծաղիկ»-ը: Նոյնիսկ կրնայ թուել ծաղիկներու որոշ անուններ` վարդ ու մեխակ, մանուշակ, յասմիկ կամ կակաչ, շուշան…

Բայց նոյն երեխան կրնա՞յ բացատրել մեզի, թէ ի՞նչ կը նշանակէ «հմայիչ»:

Ե՛ս եւս չէի կրցած հասկնալ իմաստը այս բառին, երբ…ինը տարեկան էի:

70-ական թուականներուն էր: Նախակրթարանի երրորդ կարգի աշակերտ էի ու նշագեղձերու վիրաբուժական գործողութեան մը ենթարկուելէ ետք, ապաքինման շաբաթ մը կը բոլորէի տան մէջ` իմ ծնողքին ու հարազատներուն մնայուն գուրգուրանքին առարկայ դարձած:

Ազգականուհի մը «բարի ապաքինում» մաղթելու համար այդ օրերուն նուէր մը բերաւ ինծի: Գունաւոր փայլուն թուղթի մէջ ճաշակաւոր կերպով փաթթուած նուէր մը:

Երբ աճապարանքով բացի զայն` ԳԻՐՔ մը գտայ այնտեղ: Խորագիրը` «Ծաղիկին պէս հմայիչ» (Վենետիկ, 1970):

Ի՞նչ կը նշանակէր «հմայիչ»: Կ՛երեւի, թէ տան երէցներէն մէկը բացատրեց ինծի այդ անծանօթ բառին իմաստը, սակայն կը թուի, որ չէի կրցեր կատարելապէս ըմբռնել, իւրացնել զայն: Քանի մը տարի պիտի սահէր-երթար, քիչ մը հասակ պիտի նետէի, որպէսզի հասկնայի «հմայիչ»-ին իմաստը. կախարդական, թովիչ, հրապուրիչ, դիւթիչ, զմայլելի, զգլխիչ…:

Իմ կեանքին մէջ առաջին անգամն էր, որ գիրք մը նուէր կը ստանայի: Ուստի, այդ նոյն գիրքն ալ, ճակատագրականօրէն, պիտի դառնար իմ կարդացած ԱՆԴՐԱՆԻԿ ԳԻՐՔԸ: Հաստատօրէն` առաջին հայերէն գիրքը, զոր պիտի կարդայի ծայրէ ի ծայր, հաճոյքով ու գոհունակութեամբ: Արդէն, պատանիներու կամ դպրոցականներու ուղղեալ գիրք մըն էր, ըստ երեւոյթին:

Իսկ ինչի՞ մասին կը խօսէր «Ծաղիկին պէս հմայիչ»-ը:

Գիրք մըն էր ասիկա, որ շատ մատչելի ու դիւրահաղորդ ոճով մեզի կ՛ուսուցանէր քաղաքավարութեան դասեր կամ կենցաղագիտութեան օրէնքներ:

Ան կը սորվեցնէր, թէ ինչպէ՛ս պէտք է բարեւենք զիրար, ե՞րբ եւ ինչպէ՞ս պէտք է արթննանք կամ պառկինք, ինչպէ՞ս պէտք է ուտենք-խմենք, մեր մարմինն ու շրջապատը ինչպէ՞ս մաքուր պիտի պահենք, դպրոցին ու դասարանին մէջ ինչո՞ւ բարեկիրթ պէտք է ըլլանք, այցելութիւններու կամ հիւրընկալութեան ընթացքին պատշաճութիւնները ինչպէ՞ս պիտի յարգենք, ինչպէ՞ս պիտի ճամբորդենք, ինչպէ՞ս պիտի յարգենք դիմացինը, ինչպէ՞ս նամակ պիտի գրենք մեր բարեկամներուն… Բոլորն ալ` «ոսկի օրէնքներ», որոնցմէ առատօրէն կրնային օգտուիլ փոքրահասակներն ու… մեծահասակները` դառնալու համար բարեկիրթ հայորդիներ:

Հեղինակը խօսքն ուղղելով իր պատանի ընթերցողներուն, կ՛ըսէր.«Պիտի համոզուիս ապագային, որ կեանքի մէջ գիտութենէն ու դրամէն աւելի՛ արժէք ունին ազնուութիւնն ու կրթութիւնը»:

Եւ որպէսզի «օրէնք»-ներու այս ուսուցումը փրկուէր չոր ու ցամաք խրատատուութիւն մը դառնալու վտանգէն, գիրքը վարպետօրէն համեմուած էր բազմաթիւ զուարճալի պատմութիւններով, որոնք մէկ կողմէ ուղղակի կ՛առնչուէին քաղաքավարական տուեալ դասին կամ խրատին, միւս կողմէ ալ քահքահի կամ խնդուքի կը մղէին ընթերցողը… Դեռ աւելի՛ն. գիրքը զարդարուած էր նաեւ գծանկարներով:

Անցեալները իմ գրադարանէն դարձեալ վար առի այդ գիրքը: Մաշած էր ա՛լ, թերթերը բեկբեկուած էին` բազմաթիւ անգամներ ափէ ափ փոխանցուած ըլլալով: Ո՜վ գիտէ, քանի՛ անգամ կարդացեր եմ զայն անցնող տասնամեակներուն, քանի՛ անգամ փոխ տուեր եմ ուրիշներու, որպէսզի անոնք ալ օգտուին այդ «ոսկի օրէնքներ»-էն…

Յուզումով շօշափեցի պատառոտուն գիրքը: Մի առ մի դարձուցի անոր էջերը` դիտելով գծանկարները, որոնք հին յուշեր կ՛արթնցնէին իմ մէջ, զիս կը տանէին մինչեւ 30-40  տարի ետ…

Բայց այս անգամ իմ ուշադրութիւնը առաւելաբար կեդրոնացաւ գիրքի հեղինակին անունին վրայ` Հ. ԱՒԵՏԻՔ ՎՐԴ. ԹԱԼԱԹԻՆԵԱՆ:

Ա՛ն ալ մէկն էր Վենետիկի Մխիթարեան ուխտի նուիրեալ միաբաններէն:

Անդրադարձայ, որ ճիշդ 25 տարիներ սահեր էին անոր վախճանման թուականէն ասդին (1993-2018): Եւ ինչպէս որ կը պատահի ընդհանրապէս, ա՛ն ալ մոռցուած դէմք մըն էր այլեւս: Նոր սերունդը այս անունը չէր իսկ լսած: Իսկ անոր ծաղկաբոյր գիրքը, շատո՜նց սպառած, մոռցուեր էր ամենայն հաւանականութեամբ:

Ի՜նչ փոյթ, որ անձամբ չէի ճանչցեր Ս. Ղազարու այս համեստ ու լռիկ-մնջիկ վարդապետը, որ մեզի ժամանակակից դէմք մըն էր:

Հիմա յստակօրէն կը յիշեմ, որ մամուլի էջերուն քանիցս հանդիպեր էի իր լուսանկարին. հետեւաբար իր դիմագծութիւնը քանդակուած էր մտքիս մէջ:

Աւելի ուշ բախտն ունեցայ գրադարանիս մէջ ունենալու իր գիրքերէն քանի մը նոր անուն եւս: Բոլորն ալ մանկապատանեկան հրատարակութիւններ էին, գրուած` մատչելի լեզուով եւ ուղղեալ դպրոցական տարիքի տղոց: Ակնյայտ էր, որ Թալաթինեան վարդապետին գլխաւոր մտահոգութիւնը նոր սերունդն էր, անոր հայեցի ու քրիստոնէական դաստիարակութիւնը, անոր կապուածութիւնը` մարդկային ու հոգեկան արժէքներու:

Հ. Աւետիք ծնած էր Մարաշ, 1912-ին: Ինչպէ՞ս պատահեր էր` չեմ գիտեր, Մեծ եղեռնի տարիներուն զինք կրցեր էին ազատել ու բերել Պոլիս: Ժամանակ մը յետոյ, 1922-ին, տասնամեայ այս պատանին տարուեր էր Վենետիկ` իբրեւ սան Ս. Ղազարու Մխիթարեան վանքին, ուր 25 դեկտեմբեր 1938-ին վարդապետ ձեռնադրուեր էր: Այնուհետեւ ուսուցչական առաքելութեան կոչուած էր միաբանութեան աշխարհատարած դպրոցներուն մէջ`  Մուրատ-Ռափայէլեան (Վենետիկ), Սամուէլ Մուրատեան (Փարիզ), Հալէպ եւ Աղեքսանդրիա: 1964-ին վերջնականապէս կայք հաստատած էր Պէյրութ` իբրեւ տեսուչ Մխիթարեան ժառանգաւորաց վարժարանին. պաշտօն մը, զոր պիտի վարէր գրեթէ մինչեւ իր վախճանումը:

Մխիթարեան բազմաթիւ հրատարակութիւններ կը կրեն հ. Աւետիքի ստորագրութիւնը: Ասոնցմէ առանձնաբար կ՛արժէ յիշել 70-ականներուն սկիզբ առած «Գիսաւոր աստղեր» շարքը, ուր ներկայացուցած է հայ պատմութեան երեւելի դէմքեր, ինչպէս` Հռիփսիմեանց կոյսերը, Գրիգոր Լուսաւորիչ, Մխիթար աբբահայր Սեբաստացի եւ այլն:

Հ. Աւետիք միշտ կարեւորութիւն տուած է հայ թէ օտար սուրբերուն, պրպտած է անոնց կեանքին մանրամասնութիւնները, այդ կեանքին ուսանելի պատգամները ուզած է սեփականութիւնը դարձնել նոր սերունդին: Այդպէս է, որ հրատարակած է փոքրածաւալ հատորներ` սրբուհի Թերեզայի, սրբուհի Ռիթայի կամ սրբուհի Պայծառի (Սանթա Գլարա) մասին: Կազմած է տակաւին երգարան ու աղօթագիրք: Եւ այս բոլորին կողքին` «Կրօնքի դասագիրքս» կոչուած վեց հատորանի սիրուն շարքը, որ 1975-էն ետք սկսաւ օգտագործուիլ սփիւռքի զանազան գաղութներուն մէջ, հոն, ուր Մխիթարեան վարժարան մը կար:

Հ. Աւետիք Թալաթինեան կը վախճանէր Պէյրութ, 13 յունուար 1993-ին, յետ անողոք հիւանդութեան մը, որ զինք անշարժացուցեր ու գրեթէ անդամալոյծ դարձուցեր էր վերջին երեք տարիներուն:

***

Գրադարանիս մէջ կը փնտռեմ ու շուտով կը գտնեմ իր գիրքերէն մէկ քանին. «Ծաղիկներ», «Գանձեր ունեմ...» եւ «Վարդաստան»: Մանկապատանեկան եռաշարք մըն է այս, տպուած` Պէյրութ, 1970-ին: Վարդապետը հոս մէկտեղած է բարոյալից  պատմութիւններ, առաւելաբար` օտար լեզուներէ թարգմանուած, երբեմն ալ` ուղղակի իր կողմէ գրի առնուած:

«Գանձեր ունեմ»-ին մէջ ան խօսած է իրական դէպքի մը մասին, որ կ՛արժէ վերապատմել այստեղ:

«Անապատի ծաղիկը»

Հ. Աւետիք կը պատմէ, որ երիտասարդ վարդապետ եղած շրջանին (40-ական թուականներուն), օր մը զինք պաշտօնով ղրկեցին հիւսիսային Սուրիոյ Արաբ-Բունար գիւղը, թրքական սահմանին կից, Աւագ շաբթուան ու Զատկի արարողութիւններ կատարելու համար:

Աղքատիկ մատուռ մը ունէր գիւղը: Այդ մատրան հոգածուն ալ Աբրահամ անունով երիտասարդ մըն էր, որ միաժամանակ կը վարէր ծխական դպրոցին տնօրէնի պաշտօնը: Հոգեւոր կեանքի շեշտուած հակում մը ունէր այս տղան, սիրայօժար կ՛օժանդակէր վարդապետին` մկրտութիւններու, գերեզմանօրհնէքի եւ այլ առիթներով:

Վարդապետին Արաբ-Բունար կեցութեան վերջին օրը Աբրահամ իր սիրտը բացաւ անոր.

– Վա՛րդապետ, ես հոգեկան մեծ պարապ մը կը զգամ ներսիդիս: Մանկութենէս փափաքած եմ Աստուծոյ նուիրուիլ, քահանայ ըլլալ, բայց մարդիկ չեն հասկցած զիս: Այս նպատակով մինչեւ իսկ Պէյրութ գացած եմ, սակայն բախած եմ սառն անտարբերութեան: Տարի մը առաջ զիս նշանեցին խորամանկութեամբ, բայց շուտով ետ եղանք: Ամուսնութիւնը չի խօսիր սրտիս: Հիմա 21 տարեկան եմ:

Վարդապետը համոզուեցաւ, որ կրօնաւորի կոչում ունէր իր դիմացինը: Քաջալերեց զինք իր աստուածահաճոյ զգացումներուն մէջ ու խոստացաւ տեղեկագրել Վենետիկ` Աբրահամը Ս. Ղազարու Մխիթարեան վանքը ընդունելու համար:

Իսկապէս ալ, չորս ամիս ետք արաբ-բունարցի մեր երիտասարդը Հալէպի ճամբով մեկնեցաւ Վենետիկ: Հոն, դպրեվանքի տեսուչ վարդապետին ներկայանալով` ըսաւ.

– Ահա ես եմ «անապատի ծաղիկ» կոչուած Աբրահամը… Ձեզի կը յանձնեմ իմ հոգիս ու գանձերս (նշանածէն մնացած ոսկի շղթայ մը ու մետալ մը): Գիտցէ՛ք, որ ես ուխտած եմ Մխիթարեան մը ըլլալ անպայման:

Տարիները սահեցան արագ-արագ: Աբրահամ կուսակրօն քահանայ ձեռնադրուեցաւ ու նուիրուեցաւ կրթական առաքելութեան` միջինարեւելեան գաղութներու մէջ: Դարձաւ արժանաւոր Մխիթարեան մը:

Հ. Աւետիքի բառերով` «անապատի ծաղիկը դարձաւ ազնիւ տունկ մը»:

Պատմութիւնը կ՛աւարտի այսքանով:

Բայց հետաքրքիր ընթերցողին միտքը կը մրճահարուի մնայուն հարցումով մը. «Ո՞վ էր այս Մխիթարեանը»…

Գաղտնի՞ք մը պարզած կ՛ըլլամ` տալով անոր անունը:

Ի՜նչ փոյթ:

Իննսունամեայ վաստակաւոր մըն է ան հիմա, որ դեռ երիտասարդական կորովով կը վազէ հոն, ուր առաքելութիւնը կը կանչէ զինք:

– Հ. Արիստակէս վրդ. Մանուկեան:

Արձանագրեցէ՛ք այս անունը ձեր յուշատետրին մէջ` իրրեւ «Անապատի ծաղիկը»…

(Հալէպ)     

 

«Փրկիչը…»

$
0
0

Խօսքը Յիսուսի մասին չէ: Այլ` յատկանշական գրքոյկի մը, որ «թաւշեայ յեղափոխութենէն» տարի մը առաջ լոյս տեսաւ Երեւանի «Վան Արեան» հրատարակչութենէն: Հեղինակը` լրագրող, հրապարակախօս եւ գրող Լիւսիա Մեհրապեան, «Փրկիչը» խորագրեալ վիպակի մը մէջ կը ներկայացնէ կործանման ենթակայ ժամանակակից գիւղի մը պատմութիւնը, որ միաժամանակ իր ընդհանուրին մէջ հայրենիքը կը խորհրդանշէ:

Ոսկիի երկրպագուները` անտեսելով մարդկային ու հայրենասիրական որեւէ տեսակի արժէք` ոգի ի բռին կ՛ուզեն քանդել գիւղի ընդերքը, ոչնչացնել բնութիւնն ու առհասարակ միջավայրը` միայն ու միայն շահամոլական նկատառումներով: Այս երեւոյթին դէմ պայքարի ելած են մաքուր  հայրենասէր ու բնապաշտութեամբ մտահոգ գիւղացիներ , որոնց ոգեղէն առաջնորդը կը թուի ըլլալ գեղեցիկի հետամուտ արուեստագէտ մը, որ ինքնին «Փրկիչը» կրնայ ըլլալ:

Մեհրապեան գիւղագիրը հմտութեամբ, հաճելի ոճով մը նախ կը ներկայացնէ հայրենի բնաշխարհը, անոր գեղեցկութիւնն ու հմայքը եւ ապա կ՛իմաստաւորէ ու կը կենդանացնէ զայն իր հողին ու ջուրին կապուած բնակիչներով` գիւղացիներով:

Որոշ ճաշակ մը տալու համար ստորեւ կ՛արտատպենք վիպակին եզրակացութիւնը` որոշ յապաւումներով:

Մ. Ծ.

Նկարի տագնապի երթը կինը հրաշալի կազմակերպեց: Արուեստանոց հրաւիրուեցին լրագրողները, բնութեան պահապան երիտասարդները: Նրանք հմայեցին նկարի զօրութեամբ, եւ դէպի հրապարակ նկարի ճանապարհը միասին անցան: Վայրկեաններ անց օտարութիւնից զանգեց տունը մոռացած տղան: Ուղիղ եթերով նրան էր հասել տագնապը:

Դէպի հրապարակ ճանապարհին երիտասարդները երգում էին, պինդ բռնել էին նկարի չորսբոլորից ու որպէս իրենց առաջնորդ` գլխներից վեր պարզած, մէկը միւսին հերթափոխելով, առաջ էին շարժւում` ոգեւորելով անցնող-դարձողին:

Մի մեծ բազմութիւն հասաւ հրապարակ: Գտան յարմար տեղ ճիշդ պատկերասրահի դէմ դիմաց գահընկէց առուած օտար մէկի արձանի տեղում: Օտա՞րն է կրկին երախը բացել եւ մի մատնաչափ հայրենիքը հանքավայր է միայն տեսնում, թէ՞ ոսկու փայլը կուրացրել է օրուայ հզօրներին` էլի ինչ կայ-չկայ` վերցնեն, գնան, քանի դեռ հզօրն իրենք են ու ամէն ինչ կարող են:

Պահի թողտուութեամբ վեր խոյացած տեղական հզօրը անմիտ անկուշտն է: Մատնաչափ հայրենիքը, չտեսնուած-չլսուած բան` իր արդար պահանջով ու հրաբուխի պէս ժայթքած ոգով յաղթում է աշխարհակալ զոռպաներին: Մատնաչափ հայրենիքը նրանց մոռացուած մայր հայրենիքն էլ է, այս հողի արգանդից են դուրս եկել ու ուրացողի մոլեռանդութեամբ կաթոլիկից աւելի կաթոլիկ են դառնում ենիչերիի հոգեբանութիւնն արեան մէջ առած տարագրուածները: Նա, ով բազմաշերտ հողի տակ պահ մտած հայրենիքի ոգին բռնում է իր ալեհաւաքով, գալիս ու սիրով ողջագուրում է անծանօթ երկրին: Ալեհաւաքների ցանցապատ աշխարհում քոնը բռնելն են անգամ խանգարում աշխարհի տէրերը: Ամէն պահդ յափշտակած ցանցը կուլ է տալիս, խճճում ու հիւթաքամ անում մարմնիդ ու ուղեղդ` սնելով ցանցատէր հզօր սարդին:

Մի պուճուր երկիրը մի մեծ հանքավայր է: Այդ հանքն Աստուած ձեր երկրում է դրել, բայց այն աշխարհի բոլոր մարդկանց համար է: Հանքի վրայ նստած` աղքատ էք, հանքը հանենք, տանենք` կը հարստանանք: Հանքը չէ՞ք տալիս, ուրեմն ձեզ կը տանենք, առաջին հանքանիւթը դուք կը լինէք, դատարկուած տեղում հանգիստ կը տարքտրաքացնենք ու թոյն-մոյնը շաղ կը տանք, բողոքող չի լինի:

Նկարը փառահեղ կանգնել է հրապարակում, կողքին նստած է նկարիչը, շուրջբոլոր յամար ու վճռական տեղաւորուել են միւսները, պարող երիտասարդները յաջորդում են իրար, եկան նաեւ երգչախմբերը, մի մեծ էկրան միացրեցին համացանցին ու հէնց նկարի մօտից ալեհաւաքը դէպի աշխարհ գնաց ու վերադարձաւ հրապարակ:

Նկարը տեսան ամբողջ աշխարհում: Նկարից յառնող պատկերների մանրամասները ջերմացրին հեռուներում վազվզող հարազատների նիրհող բջիջները, ոտքի հանեցին նրանց ու գործի դրեցին: Հանրահռչակ պատկերասրահների հարեւանութեամբ նկարի պատկերը լուսարձակեցին ու համացանցային կապով նկարի շուրջ հաւաքուածներին միացրեցին աշխարհի տարբեր ծագերին: Հանքարդիւնաբերողների գործարանների մօտ տարերային հաւաքներ եղան:

Ո՞ւր է գնում ընդերքից գողացուած հողը: Ի՞նչ է դառնում այն: Հանքը մարդուն խժռելով ի՞նչ է վերադարձնում մնացողաց` քաղաքակրթութի՞ւն, թէ՞ վայրենաբարոյ պատերազմի է զինում գողօնից պատրաստուած ու օրէցօր սպառնալից դարձող զէնքով:

Բերդ-ամրոց գիւղի հնչեցրած տագնապը ոսկու պաշտամունքի տիրակալներից տարածուեց նաեւ հարստութեան ու պատերազմով հարստութիւն դիզելու պաշտամունքի դէմ: Ինքնաթիռների վայրէջքները շատացան, հեռուստատեսութեան եւ համացանցի ալիքները հրապարակից տեղափոխուեցին լեռներ եւ բերդ-ամրոց գիւղը միացրեցին աշխարհին, աշխարհն շտապում էր տեսնել ոսկու դուրս պրծնելը շանթահարող անտառապատ ու մարգարտածածկ հերոս լեռնագագաթները: Աշխարհն իր սկզբի կարօտն էր որոնում, նա դէպի մաքրամաքուր լեռներն էր շտապում:

Նկարիչն իր նկարի կողքին էր: Նկարը կռիւ էր տալիս, անոսկի եւ անպողպատ պատերազմի էր ելել:

Լրագրողները զաւթել են երկիրը: Նրանց ձեռքից բռնել եւ գիւղէ գիւղ պտտեցրել են: Համացանցում յօշոտուած բնութեան քատրեր են, աշխատատեղ գտած մարդը վէրքերով  պատուած հողի դիմաց ստացած ապրուստի փողը կուլ տալ չի կարողանում: Հիւանդ են օդից, ջրից, հողից, օտարացած հոգուց: Մեղաւոր լինելու ցաւը նրանց աւերում է:

Հրապարակն օր-օրի լցւում է, ջահելները միմեանց հերթափոխում են, պաշտօնեաները մարդիկ են աննկատ ուղարկում, խնդրում, պահանջում, սպառնում նկարչին: Բայց նա այլեւս կեդրոնական անձ չէ: Իր գիւղն աշխարհով մէկ ներկայացուել է, աշխարհով մէկ իր գիւղի նման էլի ուրիշներն են յայտնաբերուել ու էքրանին են:

– Ուզում էք երկիրը սնանկացնե՞լ, այս ի՞նչ թատրոն էք սարքել, խայտառակ էք անում մեզ աշխարհով մէկ,- բազմութեան միջից բամբ մի ձայն հնչեց, ու անմիջապէս էլ մարեց ջահելների աղմուկից:

Նկարչին մօտենում էին մարդիկ, խնդրում էին յուշել, թէ ի՛նչ կարող են անել իրենց ծննդավայր գիւղերի համար: Էքրանին նորընտիր գիւղապետը հարցազրոյցներ էր տալիս, գիւղը մարդկանցով լի էր, սպիտակեղէնն արեւին տուած, տների դռները լայն բացուած` ահա մեր գիւղի թատրոնն,- ասում էր,- շէնքը տրամադրել ենք մեր համագիւղացի յայտնի ռեժիսորին: Ահա մեր խմբագրութիւնը, տղաս եւ նկարիչը ամսագիր ու գրքեր են հրատարակելու, մեր երեխաների համար արուեստի դպրոց կը դառնայ ահա այս տունը, մենք այն կը նորոգենք, մեր համագիւղացի երաժիշտները նրանց ուսուցիչները կը լինեն: Ահա շէնքը, որտեղ փոքրիկ հիւանդանոց կը հիմնենք ու մեր համագիւղացի բժիշկները ժամանակ առ ժամանակ կը գան ու կը ծառայեն իրենց համագիւղացիներին: Դպրոցում հզօր թանգարան ունենք, համեցէք հնագոյն բնակավայրի նմուշները մեզ կապում են շատ հեռաւոր անցեալի հետ, այս հրաշք բնութեան գրկում, այս լեռներում մարդն ապրել է հազարամեակներ առաջ: Մեր լեռնագագաթներին ձեզ հանգստի ենք հրաւիրում: Սարւորների մօտ վայելէք բնութեան հրաշքը, զգացէք անցեալի շարունակութիւնը, կազդուրուէք, մօտիկ եղէք Աստծուն:

Յուլիս-օգոստոս, 2017 թ.

______________________________________

Լուսիա Մեհրաբեանը աւարտել է Երեւանի պետական համալսարանի ռոմանագերմանական լեզուների բաժինը: Բայց նրա աշխատանքային գործունէութիւնը լրագրութիւնն է եղել ի սկզբանէ:

Շուրջ քսան տարի հայկական հեռուստատեսութեան առաջատար լրագրողներից էր, ապա որպէս գլխաւոր խմբագիր աշխատելով տարբեր նախարարութիւնների գերատեսչական թերթերում` նոր ժամանակներում տեղի ունեցող դրական եւ բացասական փոփոխութիւնների կիզակէտում է եղել:

Հիմնադիր-հրատարակիչն է «Էկոնոմիկա» հասարակական, տնտեսական, տնտեսագիտական, կրթամշակութային վերլուծական ամսագրի, որտեղ գործուն եւ առաջադէմ համախոհ գործիչների հետ միասին լրագրողական լաւագոյն աւանդոյթներին ու սկզբունքներին հաւատարիմ` վաւերագրում է մեր ժամանակների եռուն օրերի անցուդարձը, բարձրացնում հանրային կարեւորութեան հարցադրումներ:

Լրագրողի մասնագիտութիւնը ինքնին առատ պաշար է տալիս ստեղծագործական աշխատանքի համար:

Պատուածքների չորս ժողովածուների, գրականագիտական վերլուծութեան եւ «Չգրուած ակնարկներ» վիպակի հեղինակի նոր գիրքը Մարդ անհատի առ Տուածուրիկը երախտագէտ լինելու մասին է: Փրկել` փրկելու համար: Փրկել մարդուն, եւ նա բնութիւնը կը փրկի նոյն այդ մարդուց:

______________________________________

 

Արասէն Նոր Գիրք. Արա Կիւլերի Լուսանկարներն Ու Պատմուածքները` Միատեղուած

$
0
0

«Արաս» հրատարակչատունէն լոյս տեսած է Արա Կիւլերի «Բաբելոնէն վերջ պիտի ապրինք» գիրքը (144 էջ), որ ի մի կը բերէ ստեղծագործ լուսանկարչութեան ոլորտին մէջ Թուրքիոյ միջազգային գետնի վրայ հռչակուած յառաջատար արուեստագէտներէն մէկուն` Արա Կիւլերի վաղ շրջանին գրառած պատմուածքներն ու հետագայի լուսանկարները, բովանդակալից կերպով կը բացայայտէ անոր նուազ ծանօթ` գրողի ու պատմուածագիրի ինքնութիւնը: Թրքերէն, հայերէն եւ անգլերէն համաժամանակեայ, եռահատոր այս նոր հրատարակութիւնը կը վերածուի «լուսա-պատմուածքի պատկերագիրք»-ի մը` հետապնդելով հաւանական զուգորդումները ընդմէջ Արա Կիւլերի գրութիւններուն ու երեւակայական աշխարհին: Կիւլերի կարծիքով, իր պատմուածքները կարեւոր դեր ունեցած են լուսանկարներուն մէջ իմաստալից պահը որսալու ու անոնցմով համադրութիւն մը կարենալ ստեղծելու ուղղութեամբ: Արուեստագէտը իր այս տասներեք պատմուածքը կը բնութագրէ որպէս լուսանկար: «Բաբելոնէն վերջ պիտի ապրինք»-ը կ՛ապացուցէ, որ Արա Կիւլեր ո՛չ միայն իր լուսանկարներով, այլ նաեւ պատմուածքներով ալ կը պատկանի «պատկերաւոր աշխարհին»:

Գիրքէն`

Շարժանկարին մէջ քովս աղջիկ մը նստաւ: Կին մը կամ աղջիկ մը: Չեմ ճանչնար, պէտք չունիմ երբեք ճանչնալու: Ան ալ զիս չի ճանչնար, պէտք ալ չունի ճանչնալու: Մութ էր: Ճերմակ պաստառին վրայի սեւ գլխարկով մարդը չորս ձեռք կրակեց դեղին կնոջ, ու կինը գետին ինկաւ: Աղջկան մարմինը բաւական տաք ու հրապուրիչ է եղեր: Եթէ լոյսերը վառին, ըստ մեր երկրին սովորութեան, խայտառակ պիտի ըլլանք: Ընկեր մը ունէի ինծի այսպիսի պատահար մը պատմած էր: THE END: Աղջիկը տգեղ է եղեր:

Վստահ եղէք` ո՛չ մէկուն մտքին մէջ գէշութիւն կայ այս դարուս: Օրինակի համար, ես` բարձրահասակ նաւաստին, մինչեւ հիմա ըրածներէս ո՛չ մէկուն համար կը զղջամ: Մինչեւ այսօր փափաքածներս ըրի, ասկէ վերջ դարձեալ պիտի ընեմ: Եթէ ուզեն, երկրին վրայ ապրող բոլոր մարդիկը ինծի հետ գժտին, ես դարձեալ անոնց ցաւերուն հետ ցաւ պիտի զգամ: Ամէն անհատ փափաքածին պէս թող ապրի: Ասոր մէջ ի՞նչ վնաս կայ: Աշխարհը նոյն թուականին է, որ պիտի կործանի: Ես օրէնքներու հնազանդեր եմ կամ ոչ, դուն մահապարտի ճերմակ զգեստով կախաղանի եռոտանիներուն մէջտեղ երեք ժամ անշարժ մնացեր ես, ի՞նչ կայ որ, ըլլալիքը միշտ նոյնն է: Արդեօք կարեւորը երկու բեւեռներու համաձայնութի՞ւնն է: Ըսենք, որ համաձայնեցան, ինծի ի՞նչ: Ըսենք, որ չհամաձայնեցան, դարձեալ ինծի ի՞նչ: Ես նաւաստի մըն եմ: Այսօր այս նաւով, վաղը միւս նաւով, ա՛լ աւելի ուրիշ օր մըն ալ ուրիշ նաւով մը ծով պիտի բացուիմ: Իմ աշխարհս անհուններն է: Եթէ փոթորիկը զօրաւոր ըլլայ ու ընկղմինք, ձուկերը խնճոյք պիտի սարքեն: Իսկ եթէ պատերազմի ընթացքին բլուրի մը ստորոտը անյագ բնութեան նորածին լոյսին ներքեւ կարծր ու տաք փամփուշտով մը անդիի աշխարհ ճամբորդեմ, այն ատեն ալ որդերը խնճոյքի պիտի տիրանան: Արդիւնքը նոյնը ըլլալէ վերջ ես` բարձրահասակ նաւաստին, օրս օր ընել կ՛աշխատիմ:

Այս գիշեր ուշադրութիւն ըրէք, ձեր դրան առջեւէն անպայման մէկը սուլելով պիտի անցնի: Այդ մարդը ե՛ս պիտի ըլլամ:

———————————-

Արա Կիւլեր

1928-ին ծնած է Պոլիս: Յայտնի է որպէս Թուրքիոյ մէջ ստեղծագործ լուսանկարչութեան համաշխարհային ասպարէզին վրայ հռչակուած կարեւորագոյն ներկայացուցիչը: Լիսէի ուսման տարիներուն աշխատած է շարժանկարի սթիւտիոներուն ու շարժարուեստի բոլոր ճիւղերուն վրայ: 1951-ին աւարտած է Կեդրոնական վարժարանը: Թատրոնի ու դերասանութեան դասընթացքներու հետեւած է Մուհսին Էրթուղրուլի մօտ: Այդ տարիներուն է, որ գրական հանդէսներու եւ հայալեզու թերթերուն մէջ հրատարակուեցան իր պատմուածքներն ու հարցազրոյցները: Բարձրագոյն կրթութիւնը կը ստանար Պոլսոյ համալսարանի տնտեսագիտութեան բաժնէն, զոր կիսաւարտ թողեց` որոշելով դառնալ ֆոթօ-լրագրող: Լրագրական ասպարէզ մուտք գործեց 1950-ին, «Ենի Ստամպուլ» թերթով: Ստանձնեց «Թայմ լայֆ», «Փարիզ Մաչ» եւ «Սթերն» հանդէսներու Մերձաւոր Արեւելքի ֆոթօզ-թղթակիցի պաշտօնը: Մաս կազմեց «Մեկնըմ Ֆոթօզ»-ի: Նոյեան տապանին վերաբերեալ իր թղթակցութիւնն ու լուսանկարները «Մեկնըմ Ֆոթօզ»-ի կողմէ տարածուեցան աւելի քան հարիւր հրատարակութիւններու մէջ: Նոյնպէս այդ տարիներուն կատարեց Նեմրութ լերան մասին իր թղթակցութիւնը: Մէկ այլ յայտնի թղթակցութիւնը կը վերաբերէր Ափրոտիսիասին, որուն շնորհիւ մոռացութեան մատնուած այդ բնակավայրը վերստին յայտնաբերուեցաւ, եւ աշխարհ զայն ճանչցաւ Կիւլերի լուսանկարներով:

Մինչեւ 1961-ը որպէս լուսանկարի բաժնի վարիչ` աշխատեցաւ «Հայաթ» հանդէսին մէջ: 1961-ին Անգլիա հրատարակուող «Պրիթըշ ժուռնըլ օֆ ֆոթոկրաֆի եիըր պուք» զինք հռչակեց աշխարհի լաւագոյն եօթը լուսանկարիչներէն մէկը: Նոյն տարին, որպէս անդամ, ընդունուեցաւ Հանդէսի լուսանկարիչներու ամերիկեան միութեան (ASMP): 1962-ին Գերմանիոյ մէջ նուաճեց «Մասթըր օֆ Լէյսա» տիտղոսը: Նոյն տարուան ընթացքին ժամանակաշրջանի կարեւորագոյն հրատարակութիւններէն «Քամերա»  հանդէսը բացառիկ թիւ մը հրատարակեց Կիւլերի մասին: Լորտ Քինրոսի 1971-ին հրատարակուած Այա Սոֆիայի գիրքին լուսանկարները իր հեղինակութիւններն են: 1974-ին հրաւիրուեցաւ Միացեալ Նահանգներ, ուր բազմաթիւ յայտնի ամերիկացիներ լուսանկարելէ ետք աշխարհի բազմաթիւ քաղաքներուն մէջ սարքեց «Ստեղծագործ ամերիկացիներ» ցուցահանդէսը: Երկար տարիներու աշխատանքէ մը ետք Միմար Սինանի ստեղծագործութեանց լուսանկարները հրատարակեց 1992-ին: Հարիւրաւոր ցուցահանդէսներ սարքած է աշխարհի չորս ծագերուն: Իրմէ հրատարակուած են տասնեակ հատորներ: Հարցազրոյցներ կատարած ու լուսանկարած է աշխարհահռչակ բազմաթիւ անուններ` Պերթրանտ Ռասըլէն մինչեւ Ուինսթըն Չըրչիլ, Առնոլթ Տոնպիէն Փիքասօ, Ուիլիըմ Սարոյեանէն Սալվատոր Տալի, ինչպէս նաեւ` Թուրքիոյ յառաջատար արուեստագէտները:

———————————-

Յաւերժական Երուսաղէմ – 1. «Սիոն» Պաշտօնաթերթը 90 Տարեկան Է

$
0
0

ԼԵՒՈՆ ՇԱՌՈՅԵԱՆ

Նախ` հարցում մը. Երուսաղէմի մասին ի՞նչ գիտենք, մանաւանդ հա՛յ Երուսաղէմի մասին որքա՞ն բան գիտենք, ի՞նչ կարդացեր ենք: Ամբողջ տարուան մը ընթացքին քանի՞ լուր կը լսենք կամ կը կարդանք հայ Երուսաղէմի մասին…

Գիտենք անշուշտ, որ հոն դարաւոր պատրիարքարան մը ունինք, եւ այդ պատրիարքութիւնը մէկն է Հայ եկեղեցւոյ նուիրապետական չորս աթոռներէն: Թերեւս գիտենք նաեւ, որ Երուսաղէմի հայոց պատրիարքութիւնը սեփականատէրերէն մէկն է Պաղեստինի քրիստոնէական Ս. Տեղեաց` յոյն ուղղափառ ու լատին կաթողիկէ եկեղեցիներուն հետ զուգահեռ, անոնց համահաւասար չափով ու նոյնանման իրաւունքներով:

Երուսաղէմի նման միջազգային ու միջկրօնական ոստանի մը մէջ բացառիկ մենաշնորհ մըն է ասիկա, որ կը բարձրացնէ Հայ եկեղեցւոյ վարկն ու հեղինակութիւնը, կը շեշտէ անոր պատմական եզակի ժառանգութիւնը:

Սրբոց-Յակոբեանց-վանքին-համայնապատկերը

Ճիշդ այս պատճառով ալ մեծ ու ծանրածանր պարտականութիւն դրուած է Երուսաղէմի հայոց Սրբոց Յակոբեանց վանքի միաբաններու ուսերուն, գիշեր-ցերեկ խստաբիբ հսկելու մեր եկեղեցւոյ նուիրագործեալ իրաւունքներուն վրայ ու առիթ չտալու, որ ճարպիկ համայնքներ կամ նենգամիտ շրջանակներ ոտնձգութիւններ կատարեն այդ իրաւունքներուն շրջածիրէն ներս…

Ա՛յս է գլխաւոր եւ բուն կոչումը հայ Երուսաղէմին:

Ահա թէ ինչո՛ւ, աւանդաբար, Երուսաղէմի հայ հոգեւորականները կը սիրենք կոչել «զինուորեալ միաբաններ»: Անոնք իսկապէս զինուորներ են, թէեւ չեն կրեր այն համազգեստը, որ կը հագնին պատերազմի ճակատ մեկնող հրացանակիր մարտիկներն ու Վատիկանը պաշտպանող «Զուիցերիական պահակագունդ»-ի անդամները…

Մեր նախնիները ի՜նչ զոհողութիւններով ու իմաստուն ջանքերով կրցեր են տէր դառնալ Ս. Երկրին մէջ նիւթական ու բարոյական արժէք ներկայացնող մեծղի հարստութեանց: Իրերայաջորդ սերունդներն ալ պահպաներ են զանոնք` նախանձախնդրութեամբ ու երբեմն ալ արեա՛մբ:

Փաստօրէն, այսօր, Երուսաղէմի Հայ առաքելական աթոռը երկրորդ գլխաւոր սրբավայրն է հայութեան, Ս. Էջմիածնայ մայր աթոռէն ետք:

* * *

Հիմա պիտի ըսէք, թէ այս հաստատումներն ու մտորումները, այսպէս յանկարծակի, ուրկէ՞ մէջտեղ ելան: Ի՞նչ առիթով Երուսաղէմի մասին կը գրեմ կամ կը մտածեմ:

Պատասխանեմ: Վերջերս պատեհութիւնն ունեցայ թղթատելու Երուսաղէմի հայոց պատրիարքութեան «Սիոն» պաշտօնաթերթին վերջին չորս թիւերը:

Ես` հալէպաբնակ տրուպս, հասկնալի պատճառներով, երկա՜ր տարիներէ ի վեր այս ամսագիրը չէի տեսներ: Երուսաղէմը թէեւ աշխարհագրականօրէն մօտ է մեզի, սակայն… անմատչելի է քաղաքականօրէն: Սուրիա-Լիբանանի հայերը 50 տարիէ ի վեր չեն կրնար Երուսաղէմ ուխտի երթալ: Սահմանները փակ են 1967-էն ի վեր:

Հիմա յանկարծ «Սիոն»-ի վերջին թիւերը հասան ինծի… Երեւանի ճամբով, գրասէր բարեկամի մը բարեհաճութեամբ: Յափշտակութեամբ սկսայ թերթատել ու կարդալ զանոնք: Թերթը այլեւս եռամսեայ է: Թէեւ, ըստ երեւոյթին, այդ պարբերականութիւնն իսկ անխախտ պահելու դժուարութիւններ առկայ են: Օրինակ, 2017-ին լոյս ընծայուած է երեք թիւ` չորսի փոխարէն: Իսկ 2018-ի առաջին թիւը, բնական ընթացքով, կ՛ընդգրկէ յունուար, փետրուար եւ մարտ եռամսեան:

Իմ ուշքը, բնականաբար, կլանուեցաւ հայ Երուսաղէմի անցեալի փառքերով ու այժմու մարտահրաւէրներով:

Բայց ամէն բանէ առաջ, մտածեցի, պէտք է ողջունել «Սիոն»-ի 90-ամեակը:

Պարբերականին վերջին երկու թիւերը իրենց խմբագրականներուն մէջ անդրադարձումներ կատարած են այս մասին ու` նշած, որ 1927-էն ի վեր հրատարակուող պատրիարքական այս պաշտօնաթերթը արդէն իսկ բոլորած է իր 90-ամեակը:

Երեւակայե՜լ, որ թերթ մը գոյատեւէ ամբողջ 90 տարի: Սփիւռքեան պայմաններու մէջ ասիկա կամքի, աւանդապահութեան ու հերոսութեան ցուցանիշ մըն է: Կ՛արժէր, որ այս պատկառելի տարեդարձը նշուէր պատշաճ կերպով` Երուսաղէմի մէջ թէ արտասահման, ու ատիկա առիթ ծառայէր վե՛ր առնելու հայ Երուսաղէմի իւրայատուկ նկարագիրն ու տեղը` հայոց դարաւոր պատմութեան ելեւէջներուն ընթացքին:

«Սիոն»-ի-անդրանիկ-խմբագիրը՝-Բաբգէն-եպս. Կիւլէսէրեան

Անմիջապէս նկատել տամ, որ «Սիոն», իբրեւ Երուսաղէմի Ս. Աթոռի պաշտօնաթերթ, ունեցեր է հրատարակութեան երկու շրջան: Նախ` 1866-1877 (12 տարի), այնուհետեւ` 1927-էն սկսեալ, իբրեւ նոր շրջան: Այս նոր շրջանն է, որ բոլորած է հիմա իր 90-ամեակը:

Եղիշէ Դուրեան մեծանուն պատրիա՛րքն է, որ հիմը դրած է «Սիոն»-ին` զայն դարձնելով իր արդիւնալից գահակալութեան կարեւոր իրագործումներէն մին: Այդ օրերուն ան խմբագրապետի պաշտօնը յանձներ է Արմաշու դպրեվանքի անդրանիկ հունձքի փայլուն դէմքերէն Բաբգէն եպս. Կիւլէսէրեանին (հետագային` աթոռակից կաթողիկոս Տանն Կիլիկիոյ): Բաբգէն սրբազան, բազմահմուտ եկեղեցական ու գրագէտ անձ, նորածիլ «Սիոն»-ը վերածեր է գրական, աստուածաբանական ու բանասիրական որակաւոր հանդէսի մը:

30-ական թուականներուն խմբագիրի պաշտօնին մէջ Կիւլէսէրեանին յաջորդեր է Թորգոմ պատրիարք Գուշակեանը (ա՛ն ալ արմաշական), որ աւելի՛ ճոխացուցեր է թերթին էջերը, իր շուրջ կրցեր է հաւաքել սփիւռքահայ մեծաթիւ աշխատակիցներ, ինչպէս` Յակոբ Օշական, Շահան Պէրպէրեան, Արշակ Ալպոյաճեան եւ այլն, եւ այլն:

«Սիոն»-ի դերն ու առաքելութիւնը եղած է շատ մասնայատուկ: Երբ կը հիմնուէր ան 1927-ին, Հայ եկեղեցւոյ միւս նուիրապետական աթոռներէն դեռ ո՛չ մէկը ունէր իր պաշտօնաթերթը: Ո՛չ «Էջմիածին» ամսագիրը կար (պիտի սկսէր հրատարակուիլ 1944-ին), ո՛չ Անթիլիասի «Հասկ»-ը (լոյս պիտի տեսնէր 1932-ին), ո՛չ ալ Պոլսոյ «Շողակաթ»-ը (որ պիտի երեւէր 1952-ին): Հետեւաբար, լոկ «Սիոն»-ի ուսերուն բեռցած էր Հայց. եկեղեցւոյ պաշտօնական բանբերը դառնալու լուծն ու պատասխանատուութիւնը: Եւ «Սիոն» իր դերը կատարած է պատուով ու յաջողապէս:

Սփիւռքի հայահոծ ու հին գաղութներու հանրային-ակումբային շատ մը գրադարաններ ունին «Սիոն»-ի հին հաւաքածոներ. կրցեր են խնամքով կազմել ու պահել զանոնք: Կ՛արժէ ձեռք առնել այդ թանկագին հաւաքածոները ու թղթատել, կարդալ յօդուածներ` հոսկէ-հոնկէ: Որքա՜ն հետաքրքրական եւ օգտաւէտ նիւթեր արծարծուած են հոն: Եւ թէ` որքա՜ն հմայիչ ու հիւթեղ հայերէնով մը, որուն կարօտը ունինք հիմա…

(Հալէպ)

Յաւերժական Երուսաղէմ – 3. Գրգիռներ` Երուսաղէմը Յիշելու Համար

$
0
0

Հալէպի Սալիպէ թաղամասին փողոցները

Հալէպի Սալիպէ թաղամասին փողոցները

ԼԵՒՈՆ ՇԱՌՈՅԵԱՆ

Երբ կը թղթատէի «Սիոն»-ի նոր թիւերը, անզգալաբար իմ միտքը թռիչք կ՛առնէր դէպի Երուսաղէմ:

«Երուսաղէ՜մ, Երուսաղէ՜մ», բացագանչեր էր Շաւարշ Նարդունին վիպերգութեան մը մէջ` ճիշդ 80 տարի առաջ, 1938-ին:

Ես Երուսաղէմ չեմ գացած, չեմ տեսած Ս. Երկիրը, մոմ չեմ վառած Ս. Յարութեան տաճարին կամ հայոց Սրբոց Յակոբեանց վանքին կանթեղազարդ խորաններուն առջեւ, բախտը չեմ ունեցած դեգերելու քաղաքին քրիստոսակոխ վայրերուն ու հնադարեան փողոցներուն մէջ: Բայց երբեմն երբեմն, կարծէք, Երուսաղէմը ի՛նք եկած է իմ մօտ, գրկած է զիս…

Պիտի համարձակիմ ըսել, որ մեր Հալէպի հայահոծ կամ քրիստոնէաբնակ կարգ մը հին թաղերը ես միշտ նմանցուցած եմ Երուսաղէմի թաղերուն:

Օրինակ` Սալիպէն: Արաբերէն այս անուանումը կազմուած է արդէն «սալիպ» բառէն, որ կը նշանակէ «խաչ»: Եկէ՛ք եւ ըսենք` խաչառա՜տ թաղ:

Քանի՜ քանի՛ եկեղեցիներ իր մէջ պարփակող Սալիպէի Ֆարհաթ հրապարակէն դէպի հայոց Ս. Քառասուն Մանկանց մայր եկեղեցի առաջնորդող նեղլիկ թաղերը, տեղ-տեղ` կամարակապ ծածկոյթներով ու դուրս ցցուած վանդակորմէ պատուհաններով, ինծի այն խաբկանքը տուած են միշտ, որ կը քալեմ Երուսաղէմի փողոցներուն մէջ, մանաւանդ որ ամէն քայլափոխիդ խունկի անուշ բոյրը կը խուժէ ռունգերէդ ներս, ու ամէն կողմէ ականջիդ կը հասնին բազմալեզու շարականներու թովիչ եղանակներ… Յետոյ յանկարծ դիմացդ կ՛ելլէ հայ կամ օտարադաւան քահանայ մը, սեւաթոյր վերարկուով ու փակեղը գլխուն, որ յարգալիր շարժումով մը կը բարեւես` փոխադարձաբար ալ ընդունելով իր օրհնութիւնները…

Այս բոլորը երուսաղէմեան մթնոլորտ մը չե՞ն յիշեցներ:

Բայց չըլլայ, որ մոռնանք ՀՈԳԵՏՈՒՆԸ: Սալիպէին անմիջապէս քովը` Թիլել պողոտային կողին վրայ բացուած Հոգետունը:

Մեր քաղաքին նոր սերունդը հաւանաբար գաղափար չունի, բայց հիները գիտեն կամ պէտք է յիշեն, որ Հոգետունը առ այսօր Երուսաղէմի հայոց պատրիարքութեան պատկանող կալուած մըն է: Այնտեղ գտնուող բազմատասնեակ խանութներուն սեփականատէրն ու վարձակալը հայոց պատրիարքարանն է:

Հոգետունը, դարեր առաջ, ժողովրդային իջեւանատուն մը եղած է Կիլիկիայէն կամ պատմական Հայաստանի գաւառներէն դէպի Երուսաղէմ գացող ուխտաւորներու համար: Նշանաւոր Պարոնտէր պատրիարքին օրերէն յամեցող կառոյց մըն է այս: Աւելի ճիշդ պիտի ըլլար ըսել` հին խաները յիշեցնող ընդարձակ բակ մը, շրջապատուած միայարկ բազմաթիւ սենեակներով, հիմա բոլորն ալ` խանութի վերածուած:

Մեր մեծերը յաճախ պատմեր են մեզի, որ մինչեւ 50-60 տարի առաջ, Հոգետունի խանութներուն մեծամասնութիւնը հայապատկան էր, հայերու կողմէ կը բանեցուէր: Հոն գտնուած են Անդրանիկ Ծառուկեանի «Նայիրի» ամսագրին խմբագրատունն ու տպարանը, հոն գործած է Տիգրանակերտի հայր. միութեան «Տիգրիս» գրադարանը եւ այլն: Այսօր տխուր է հաստատել, որ Հալէպի Հոգետունը ամբողջովին դիմագիծ փոխած է, հայաթափուած է, ու այնտեղ` իբրեւ հայապատկան գործատեղի, մնացած է լոկ «Ոսկետառ» տպարանը, զոր 1949-ին հիմնած էր Գառնիկ Մանուշակեանը: Տասնամեակ մը անց տպարանը տէր փոխած էր ողբացեալ Գրիգոր Պուրճլեանի գալուստով: Իսկ հիմա անոր սեփականատէրը երիտասարդ տպագրիչ Վաչէ Գայթանճեանն է:

Վաչէն կը շարունակէ հայերէն ճաշակաւոր գիրքեր տպել ու Հոգետունին հնամենի  պատերէն ներս ապրեցնել աւանդութիւն մը, որ դարերու շունչը կը կրէ իր մէջ…

***

Ըսի, որ հին Հալէպի, մասնաւորաբար Սալիպէի նեղլիկ փողոցներն ու Հոգետունը Երուսաղէմը կ՛ապրեցնէին իմ մէջ:

Ուրի՞շ: Ուրիշ ինչե՞ր կան (կամ կային) իմ շուրջ, որոնք Երուսաղէմը կը յիշեցնէին ինծի, իմ մտածումները կ՛առաջնորդէին դէպի Ս. Երկիր:

Նախ` այն քանի մը գիրքերը, որոնք կը խօսէին Երուսաղէմի մասին, եւ զորս կարդացեր էի տարիներ առաջ. Տիգրան Սաւալանեանցի «Պատմութիւն Երուսաղէմի» խորագրեալ երկհատոր գործը, որուն մէջ ամէնէն շատ տպաւորուեր էի Գրիգոր Շղթայակիր պատրիարքին պատմութեամբ, յետոյ` Մկրտիչ եպս. Աղաւնունիի «Միաբանք եւ այցելուք հայ Երուսաղէմի»-ն, Նարդունիին վիպերգութիւնը, Օրմանեան սրբազանին փոքր գիրքը, նոյնիսկ ԺԶ. դարու իտալացի բանաստեղծ Թասսոյին գլուխ-գործոց «Երուսաղէմ ազատեալ»-ը, զոր գեղեցկօրէն հայերէնի թարգմանած է հ. Արսէն Ղազիկեանը:

Գրադարանիս մէջ ունէի նաեւ «Սիոն»-ի հին թիւերու տրցակ մը, զոր ատեն-ատեն կը թղթատէի` մամուլի հին հաւաքածոներ պրպտելու իմ վաղեմի սովորամոլութեան գոհացում տալու նպատակով:

Իմ շուրջ կային քանի մը երէց ազգականներ ալ, որոնք 1967-ի արաբ-հրեայ պատերազմէն առաջ կրցեր էին անձամբ ուխտի երթալ հայ Երուսաղէմ ու հոն «մահտեսի» դառնալ («հաճի»): Անոնք իրենց բազուկին վրայ, դաստակէն քիչ մը վեր կը կրէին խաչանիշ դաջուածք մը, որ իրենց Երուսաղէմ այցին ցուցանիշն էր: Ես ամէն անգամ որ դաջուածքներ տեսնէի հայ մարդոց բազուկին ներքին երեսին վրայ, շուտով կ՛անդրադառնայի, որ անոնք Երուսաղէմ այցելելու բախտին արժանացեր էին…:

Յետոյ, կար Քարէն Եփփէ Ազգ. Ճեմարանի մեր հայերէնաւանդ անմոռանալի ուսուցիչը` Մկրտիչ Մկրտիչեանը: Ան ինծի համար Երուսաղէմի մէկ խորհրդանիշն էր, որովհետեւ 30-ական թուականներուն ուսանած էր տեղւոյն Սրբոց Յակոբեանց վանքի Ժառանգաւորաց վարժարանին մէջ ու այնտեղ աշակերտեր էր մեծանուն գրագէտ Յակոբ Օշականին, ճի՛շդ այնպէս ինչպէս եղած էր պարագան լիբանանահայ գրագէտ Պօղոս Սնապեանին:

Այս բոլորէն ետք, կար տակաւին ս. պատարագի ընթացքին նուիրապետական աթոռներու գահակալներուն անուններուն յիշատակութեան պահը, որ անպայման կ՛ընդգրկէր Երուսաղէմը: Յիշատակութեան այդ պահը նուիրական եղած է ինծի համար նոյնիսկ այն հի՜ն օրերուն, երբ պատանի դպիր մըն էի Ս. Քառասուն Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ: Ուղղակի կ՛ոգեւորուէի, երբ պատարագիչ եպիսկոպոսը բամբ ձայնով կը գոչէր.

– Եւս առաւե՜լ` զեպիսկոպոսապետն մեր եւ զպատուական հայրապետն Ամենայն Հայոց… եւ Երուսաղիմայ առաքելական աթոռոյն պատրիարք` զտէր Եղիշէ սրբազան արքեպիսկոպո՜սն… շնորհեսցես մեզ ընդ երկայն աւուրս ուղիղ վարդապետութեամբ:

Ի դէպ, նուիրապետական չորս աթոռներու գահակալներուն անուան յիշատակումը աւելի ուշ մասնակիօրէն կրճատուեցաւ Հալէպի մէջ` ինծի անծանօթ պատճառով: Պոլսոյ ու Երուսաղէմի պատրիարքները ա՛լ արժանի չնկատուեցան կիրակնօրեայ յիշատակումի:

Ճիշդ այս պատճառով ալ այսօր մեր եկեղեցիները լեցնող հայ հաւատացեալներուն ջախջախիչ մեծամասնութիւնը, ինչպէս նաեւ դպիրներ  կամ ուրարակիրներ չեն գիտեր, թէ ո՛վ է Պոլսոյ հայոց այժմու պատրիարքը, չեն գիտեր, թէ ո՛վ է հայ Երուսաղէմի ամենապատիւ գահակալը…

Հա՛, Երուսաղէմը ինծի յիշեցնող բան մը եւս կայ. թաղմանական արարողութիւնները:

Ամէն անգամ որ բարեկամի մը յուղարկաւորութեան ներկայ գտնուիմ ու եկեղեցւոյ կամարներուն ներքեւ տխրօրէն հնչէ «Ի վերին Երուսաղէմ» շարականը, ես կրկին ու կրկին կը յիշեմ Երուսաղէմը: Այն միակ տարբերութեամբ սակայն, որ այս Երուսաղէմը իմ փայփայած Ս. Քաղաքը չէ, այլ` երկնքին մէջ անծանօթ տեղ մը…

(Հալէպ)


Հոկտեմբերի Հայ Մշակոյթի Ամսուան Առիթով. Իտալահայ Գաղթօճախի Եւ Հայ Տպագրութեան Անցեալին Կարճ Ակնարկ Մը

$
0
0

ՏՔԹ. ՍԱՐԳԻՍ ԱՏԱՄ

Իտալիոյ մէջ հայերու գոյութեան մասին հաւաստի տեղեկութիւնները 6-րդ դարուն Իտալիոյ հիւսիս-արեւելքի կողմէն Պոլոնիա քաղաքի մօտ Ռավեննա անուն քաղաքը հաստատուած հայկական զօրամասերուն կը վերաբերին: Այդ ժամանակ Ռավեննայի պահակազօրը հիմնականին մէջ կազմուած եղած է հայերէ, որոնք  կոչուած են Numeros Armeniorum:

6-7 դարուն հայկական զօրանբանակ մը տեղափոխուած է Սիկիլիա, իսկ աւելի վերջերը, հայ զինուորականներու եւ անոնց շրջանակներու զուգահեռ, իտալական տարբեր քաղաքներու` Վենետիկ, Ֆլորանս, Նափոլի, Անքոնա, Հռոմ եւ այլ քաղաքներու մէջ յայտնուած են նաեւ հայ վաճառականներ ու վանականներ:

Պատմական աղբիւրներու մէջ կը յիշուին նաեւ Նափոլիի Ս. Հոգի հայկական եկեղեցին(1328), Հայոց տունը(1356):

Իտալիոյ մէջ հայերը համեմատաբար կայուն համայնքներ կազմակերպած են: 12-րդ դարու կէսին Իտալիոյ 9 տարբեր քաղաքներու մէջ 10-էն աւելի հայկական  եկեղեցիներ գործած են, հայերու այս աշխուժացման խթանիչ գործօնները եղած են Կիլիկիոյ հայոց թագաւորութիւնը եւ խաչակրաց արշաւանքները:

14-րդ դարուն իտալահայ գաղութը 40-է աւելի գործօն եկեղեցիներու կից ունեցած է նաեւ  հիւանդանոցներ, հայ տուներ, ուր կը բուժուէին  հայեր եւ կ՛իջեւանէին հայ վաճառականներ:

1201 թուականին հայոց  Լեւոն թագաւորի եւ  Վենետիկ քաղաքի իշխանութեան միջեւ  ստորագրուած դաշնագիրին համաձայն, 1235 թուականին հայերը Վենետիկի մէջ ունեցան «Հայ տուն-հիւրանոց» մը:

14-րդ դարու կէսէն մինչեւ 17-րդ դար հայերու`  Իտալիոյ մէջ տարածուիլը գագաթնակէտին հասած է, իսկ 17-րդ դարէն ետք կը սկսի անկում մը` բացի Հռոմ, Վենետիկ, Թրիեստէ, Լիվոռնոյի հայ համայնքներէն:

17-րդ դարուն Հայաստանի տարածքին վրայ քաղաքականութեան պատճառով տեղի ունեցող արտագաղթը, միւս կողմէն ալ հայ վաճառականներու Եւրոպայի հետ առեւտուրի նպատակը իտալահայ համայնքները վերստին աշխուժացուցած է: 17-րդ դարուն Գրիգոր Կիրակոս Միրմանեանի դրամական  նուիրատութեամբ կը կառուցուի Վենետիկի այսօրուան Ս. Խաչ եկեղեցին, ուր դեռ հայաբարբառ Հայաստանեայց եկեղեցւոյ  արարողութեամբ կը կատարուին սուրբ խորհուրդներ: Եկեղեցին կը խնամակալուի Ս. Ղազարի Մխիթարեան միաբանութեան կողմէ:

Ըստ վաւերագիրերու, 16-18 դարերուն Վենետիկի առեւտրական պաշտօնական տօնավաճառին մասնակցած են աւելի քան 2000 հայ առեւտրականներ, որոնք Իտալիա կը բերէին պարսկական մետաքս, որուն արտահանութեան մենաշնորհը միայն իրենց կը պատկանէր, եւ վաճառելու համար կը բերէին նաեւ մոմ, գոհարեղէն, համեմունք եւ այլ իրեր:

16-րդ դարուն Իտալիոյ մէջ հայերը լաւ համբաւ ունեցան, անոնցմէ Անտոն Սուրեան Վենետիկի նաւաշինութեան մէջ շատ նշանաւոր էր: Ան մեծ նաւերը ջուր իջեցնելու  համար նոր համակարգ մը մշակեց եւ ստեղծեց նաեւ սարք մը, որ ծովու յատակին կուտակուած կեղտերն ու ցեխերը կը մաքրէր:

Վենետիկ` Հայ Տպագրութեան Կեդրոն

15-րդ դարուն իտալահայ համայնքներու շարքին ամէնէն աւելի աշխուժացաւ Վենետիկի գաղթօճախը, ուր սկիզբ առաւ եւ զարգացաւ հայկական  տպագրութիւնը: Անտոն Սուրեանը Վենետիկի եւ յատկապէս հայ համայնքին կարկառուն դէմքերէն մին դարձաւ: Ան անգնահատելի եւ շնորհալի ծառայութիւններ մատուցեց Վենետիկի, ի մասնաւորի` մեծ նաւերու շինարարութեան մարզին մէջ:

Վենետիկ 15-րդ, դարուն հակառակ տնտեսական դժուարութիւններուն եւ առեւտրական գործունէութիւններու տկարացման, եղած է  Եւրոպայի մշակոյթի կարեւոր կեդրոններէն մին, ուր մշակոյթը ա՛լ աւելի մատչելի դարձնելու նպատակով զարգացաւ տպագրութիւնը: Վենետիկ հաստատուած հայերն ալ օգտուեցան այս առիթէն:

Յակոբ Մեղապարտ` Հայկական Տպագրութեան Նահապետ

Առաջին անգամ Յակոբ Մեղապարտ , որ երկար ատենէ ի վեր Վենետիկ հաստատուած էր, որոշ  ու լուրջ նախապատրաստական աշխատանքներէ ետք, 1512 թուականին հայատառ տպարան բանալով, ձեռնարկեց տպագրութեան աշխատանքին:

1512 թուականին հրատարակեց «Պարզատումար»-ը, որ տոմարագիտական բովանդակութեամբ  գիտական լուրջ աշխատանքի մը արդիւնք է:

1512 թուականին լոյս տեսան վեց գիրքեր, «Տաղարան», «Բժշկարան եւ հաքիմարան ստոյգ  եւ զարմանալի մեծի Գալանիոս հաքիմին արարեալ», «Ուրբաթագիրք», ուր գրուած են հիւանդութիւններէ առողջանալու համար աղօթքներ, «Աղթարք», «Պատարագատետր» անուններով: Յակոբ Մեղապարտի հրատարակած գիրքերու վերջաւորութեան  դրուած են տպարանին նշանը, որ քառակուսիի մէջ խաչակիր նշան մըն է:

Աբգար Դպիր` Որպէս Յակոբ Մեղապարտի Հետեւորդ

Յակոբ Մեղապարտի տպագրական գործին շարուանակողը եղաւ Աբգար Դպիր Թոխատեցի: 1562 թուականին, Աբգար Դպիրի գլխաւորութեամբ,  հայ պատգամաւորութիւն մը Հռոմ կու գայ, Հռոմի Պիոս Բ. պապին քով, Հայաստանի ազատագրութեան ու դաւանական հարցերու լուծման առնչութեամբ: 1564 թուականին հայ պատուիրակութիւնը սիրալիր ընդունելութեան կ՛արժանանայ Հռոմի պապին կողմէ, Աբգար Դպիր առիթը յարմար նկատելով` պապէն արտօնութիւն  կը խնդրէ հայերէն գիրքեր տպագրելու համար: Քահանայապետէն  արտօնութիւն ստանալէ ետք Աբգար Դպիր Հռոմէն կը մեկնի դէպի Վենետիկ` նպատակ ունենալով հոն զբաղելու հայ հրատարակչական գործունէութեամբ:

1565 թուականին կը հրատարակէ  մէկ էջի վրայ տոմարական աշխատութիւն մը: Նոյն տարին ան լոյս կ՛ընծայէ «Փոքրիկ մեկնիչ սաղմոսաց» գիրքը: 1567 թուականին իր հրատարակչական գործունէութիւնը Վենետիկէն կը տեղափոխէ  Պոլիս, ուր  տպարան մը կը հիմնէ, որ առաջինն էր Միջին Արեւելքի մէջ: Ուրկէ կը հրատարակէ վեց գիրք,

1567-ին «Փոքր քերականութիւն»,1568-ին «Պարզատումար», «Ժամագիրք», «Պատարագամատոյց», «Տօնացոյց»,1569-ին` «Մաշտոց» անուններով:

Իսկ 12-13 հոկտեմբեր 1688 թուականին Հոլանտայի Ամսթերտամ քաղաքի մէջ լոյս տեսաւ հայերէն Աստուածաշունչի առաջին տպագրութիւնը, որ իրագործուեցաւ Ոսկան վրդ. Երեւանցիի նախաձեռնութեամբ ու գործունէութեամբ:

—————-

Օգտագործուած ակեր.

Հայկական գաղութներ-Ասպետ Մանճիկեան, «Մարմարա», փետրուար 2003
Հայկական սովետական Հանրագիտարան-1974
Հայերը Իտալիայում

Յաւերժական Երուսաղէմ – 4. Երկու Զմայլելի Դէմքեր` Դուրեան Եւ Գուշակեան (Ա.)

$
0
0

ԼԵՒՈՆ ՇԱՌՈՅԵԱՆ

Երբ հայ Երուսաղէմի անունը կու տամ, անպայման իմ մտածումներուն մէջ կը յայտնուին երկու զմայլելի դէմքեր, իրերայաջորդ երկու պատրիարքներ, որոնք իսկապէս փառաւորեցին իրենց բազմած աթոռն ու դարձան անոր անմոռանալի խորհրդանիշերը.

Եղիշէ արք. Դուրեան (1860-1930) եւ Թորգոմ արք. Գուշակեան (1874-1939):

Հայ Երուսաղէմի 1921-էն մինչեւ 1939 երկարող երկու տասնամեակները իրե՛նցն են, այս երկու դէմքերուն:

Մին Պոլսոյ Սկիւտար թաղամասի ծնունդ էր, իսկ միւսը` հայաբնակ Պարտիզակի ծոցէն հասած արժէք մը, որոնք ճակատագրականօրէն դէմ դիմաց ելան Արմաշի դպրեվանքին մէջ ու անոր երդիքին տակ ագուցուեցան իրարու: Դուրեան ուսուցիչն եղաւ պատանի Գուշակեանին: Իսկ բանիմաց ու պիտանի աշակերտն ալ շատ բան ծծեց իր ուսուցչին անսահման հմտութենէն ու դաւանած բարոյական արժէքներէն. կարծէք` անզգալաբար հետեւեցաւ անոր խորհրդաւոր ոտնահետքերուն: Պահ մը գրաւեց իր ուսուցչին տեսչական ամպիոնը, Արմաշի մէջ: Գիրի ու բեմական պերճ խօսքի վարպետ մը դարձաւ անոր նման: Ի վերջոյ, երջանի՜կ օր մը, յաջորդեց անոր` Երուսաղէմի աթոռին վրայ, լիովին ծաղկեցնելով այն բոլոր ձեռնարկները, որոնք սկիզբ առեր էին իր հոգեւոր մեծանուն ծնողին կողմէ:

Եղիշէ պատրիարք Դուրեան սիրելի դէմք մըն է մեր եկեղեցական պատմութեան ու գրականութեան մէջ հաւասարապէս: Վաղամեռիկ բանաստեղծ Պետրոս Դուրեանի կրտսեր եղբայրն էր ան, որ թաղային պարզ ուսում մը ստացաւ լոկ, սակայն ինքնաշխատութեամբ ու տքնութեան մեծ ճիգով կրցաւ ամբարել քանի մը համալսարաններէ վկայեալ բախտաւորներու գիտելիքներէն շա՛տ աւելին:

19 տարեկանին աբեղայ ձեռնադրուեցաւ Իզմիրլեան սրբազանի ձեռամբ:

Սքանչելի ու հմայիչ ուսուցիչ մը դարձաւ ան` նախ Պարտիզակի մէջ (լման տասը տարի, 1880-1889), այնուհետեւ` նորաբաց Արմաշի դպրեվանքը, Պոլսէն քիչ մը անդին, Օրմանեան Մաղաքիա սրբազանին հետ կողք-կողքի:

Ամբո՜ղջ սերունդ մը ներշնչուեցաւ ու խանդավառուեցաւ իրմով:

Դուրեան Արմաշի մէջ մնաց 1890-էն մինչեւ 1904, գրեթէ տասնհինգ տարի: Եւ եկեղեցականներու զարգացեալ այն հոյլը, որ իր շունչին տակ ու ափերուն մէջ շաղուեցաւ, վերջին քանի մը դարերու մեր պատմութեան մէջ մնաց եզակի: Բաբգէն Կիւլէսէրեան, Թորգոմ Գուշակեան, Գարեգին Տրապիզոնի (Խաչատուրեան), Զաւէն Տէր Եղիայեան, Մեսրոպ Նարոյեան, Փառէն Մելքոնեան, Գրիգորիս Պալաքեան, ինչպէս նաեւ 1915-ին նահատակեալ շարք մը խոստմնալից վարդապետներ կ՛իյնան այս հոյլին մէջ: Արմաշ, ամբողջ քառորդ դար, մինչեւ Մեծ եղեռն, հանդիսացաւ արեւմտահայ տոհմաշունչ ու հոգեւոր դաստիարակութեան ամէնէն մաքուր ու ճարճատուն քուրաներէն մին:

Դուրեան, դեռ իր վարդապետական օրերէն, շատ կը կարդար, շատ գիտելիք ունէր: Տարիներ յետոյ ոմանք մեղադրեցին զինք իբրեւ… «քանքարաթաքոյց», այսինքն` իր տաղանդը թաքցնող, պահող, զայն հանրութեան ի սպաս դնելէ խուսափող: Իբր թէ Դուրեան սրբազան ժլատ եղած էր իր գիտական հարուստ պաշարը հանրութեան ինչքը դարձնելու:

Անարդա՜ր արժեւորում:

Լոկ Պարտիզակի մէջ պաշտօնավարած իր տասնամեայ շրջանին, երբ տարիքով ալ շատ երիտասարդ էր, ան պատրաստած ու հրատարակած էր չորս հատորներ` առանց հաշուելու պարբերական մամուլի էջերուն ցրուած իր գրութիւնները: Ճիշդ է թէեւ, որ աւելի ուշ յարաբերաբար քիչ արտադրեց` նուիրուած ըլլալով բացառաբար կրթական եւ ուսուցողական մարզին:

Ինք, արդէն, իբրեւ պատասխան զինք ամբաստանողներուն, մատնացոյց կ՛ընէր իր աշակերտները ու կ՛ըսէր. «Ասո՛նք են իմ հեղինակութիւններս»…

Դուրեան եպիսկոպոսական ձեռնադրութիւն ստացաւ Խրիմեան Հայրիկէն, 1898-ին: 1904-1908 կոչուեցաւ Զմիւռնիոյ առաջնորդութեան, իսկ 1909-ին Պոլսոյ պատրիարք ընտրուեցաւ, թէեւ այդ պաշտօնէն հրաժարեցաւ նուազ քան երկու տարի ետք` բաւարարուելով թաղային քարոզիչի եւ ուսուցիչի համեստ պաշտօններով` Կեդրոնականի, Էսայեանի, Պէրպէրեանի, Հինդլեանի, Պէզազեանի ու այլ վարժարաններու  մէջ: Կը վազէր դպրոցէ դպրոց` գիրքերու ծրար մը անութին տակ ու քաղցր ժպիտ մը դէմքին: Ուր որ պաշտօնի կոչուեցաւ, հոն մտաւորական ու հոգեւոր զարթնում մը յառաջացուց:

Եղեռնէն փրկուեցաւ: Չաքսորուեցաւ, ի զարմանս շատերու:

Ինծի համար անմոռանալի կը մնայ իր մէկ արտայայտութիւնը` տարեցոյցներու անկրկնելի հրատարակիչ Թէոդիկի կողմէ պատմուած:

Արդարեւ, Թէոդիկ կը պատմէ, որ երբ Տաւրոսեան լեռներու վրայ երեք տարուան աքսորէ ետք, 1918-ի զինադադարին Պոլիս վերադարձաւ, առաջին հերթին վազեց դէպի Գումգաբուի Ազգ. պատրիարքարանը: Հոն, մուտքի աստիճաններուն վրայ դէմ յանդիման եկաւ Դուրեան սրբազանին: Դուրեան զայն տեսած պահուն հառաչեց.

– Եկո՛ւր` պագնեմ ճակտէդ, մեռած ազգիս ո՜ղջ զաւակը…

Իսկ Թէոդիկ շատ սրտառուչ պատասխան մը տուաւ անուանի հոգեւորականին.

– Ներէ՛, սրբազա՛ն, որ պահ մը ընդվզի աքսորադարձ հայու սիրտս այդ գգուական խօսքիդ ի լուր, որ աչքերս խոնաւցուց: Ազգը չէ՛ մեռած եւ անհնար է, որ մեռնի…

Դուրեան ինք ալ համոզուած էր, որ ազգը չէր մեռած: Եւ արդէն, մեր Մեծ աղէտէն քանի մը տարի անց, 1921-ին, երբ ազգը կը յանձնէր իրեն Երուսաղէմի Սրբոց Յակոբեանց աթոռին պատրիարքական ասան, Դուրեան կը յայտարարէր, որ «անարիւն եւ սուրբ վրէժխնդրութիւն» մը վիճակուած էր իրեն` իր այս նոր պաշտօնին մէջ. տապարի հարուած ստացած ազգը պէտք էր ոտքի հանել, վերականգնել անոր բարոյական ու մարդկային ուժերը, նո՛ր նուաճումներով նո՛ր կեանք բանալ անոր առջեւ: Ըստ իրեն, հայ Երուսաղէմը լաւագոյնս ծառայած կ՛ըլլար ազգին ու եկեղեցիին, եթէ կարենար կրթական բեղուն կեանք ու իմացական որոշ բարձրութեամբ մակարդակ մը ստեղծել: Այլ խօսքով` նոր Արմաշ մը գոյաւորել հայոց վանքին պարիսպներէն ներս:

Դուրեան մշակուած գրագէտ մըն էր նաեւ, գեղապաշտ բանաստեղծ մը: Իր «Հովուական սրինգ»-ը  (1909) ու աւելի ուշ հրատարակեալ «Սրբազան քնար»-ը (իր բոլոր բանաստեղծութիւններուն հաւաքումը, ինքնագիր ու թարգմանածոյ, 1936) կրօնական նուրբ ու իմացապաշտ խոկումներու հորիզոն մը կը բանան մեր առջեւ` թելադրիչ զօրութեամբ ու անդրադարձումներու մղող ներուժով մը:

Իր կարգ մը քերթուածները դասագիրքերու մէջ անցան իր ողջութեան իսկ: Օրինակ` «Անառակը» կամ «Օշական»-ը, որոնք ասեղնագործուած ոսկեթել ժանեակներու պէս հիւսուած են` շքեղօրէն ու նկարչագեղ ճարտարութեամբ: Անոնք շատ սիրուած կը մնան առ այսօր, կրնան արտասանուիլ բեմերէ, թէեւ հեղինակին հայոց լեզուի արտասովոր բառամթերքն ու Ս. Գիրքէն քաղած յատուկ անուններու ծանր տողանցքը կրնան դժուարութիւններ յարուցել շատ-շատերու համար: Ճի՛շդ է Մուշեղ Իշխանի դատումը. «Դուրեանը ըմբոշխնելու համար պէտք է ունենալ կրօնական եւ գրական որոշ պատրաստութիւն: Հասուն տարիքի եւ աստուածաշնչական պատմումներու տեղեակ մարդոց քերթողն է ան» («Արդի հայ գրականութիւն», Գ. հատոր, Պէյրութ, 1975):

Բանասիրական, քննադատական ու լեզուաբանական իր գործերն ալ կը կազմեն առանձին դէզ մը: Անոնց գրեթէ ամբողջութիւնը լոյս ընծայուած է Երուսաղէմ, բազմահատոր շարքով մը: Այդ գիրքերուն վերնագրերը կրնան գաղափար մը տալ մեզի, թէ Դուրեան Եղիշէ պատրիարք որքա՜ն լայնածիր ու բազմազան հետաքրքրութիւններ ունէր պատմական ու բանասիրական կալուածներէ ներս: Թուենք քանի մը անուն. «Ընթացք ի գրոց բարբառ» (գրաբարի եռամաս դասագիրք), «Ազգային պատմութիւն» (մինչեւ Բագրատունեաց շրջան), «Պատմութիւն հայ մատենագրութեան» (մինչեւ ԺԴ. դար), «Բառագիտւթիւն», «Հայոց հին կրօնը», «Կրօններու պատմութիւն», «Համառօտ պատմութիւն փիլիսոփայութեան», «Բարոյագիտութիւն» եւ այլն, եւ այլն: Ասոնցմէ ոմանք հրատարակուած են «ի պէտս վարժարանաց», այսինքն` իբրեւ դպրոցական դասագիրք:

Երբ կը պրպտեմ իր կենսագրութիւնը, ակնբախ կը դառնայ ինծի, թէ այս վեղարաւոր գիտնականը իր ամբողջ կեանքը ապրեր է գիրքերու մտերմութեան մէջ` իբրեւ յաւիտենական պրպտող մը կամ անձանձրոյթ վերծանող մը:

Կը պատմուի, որ Երուսաղէմի պատրիարքարանի իր երեք սենեակներուն  պատերը լեցնող բազմալեզու գիրքերուն տեղերը գոց գիտէր` առանց ցուցակի: Անվարան իր մատը կը դնէր փնտռուած գիրքին վրայ եւ գրեթէ մէկ-երկու թերթատումով կը գտնէր ուզուած գլուխը կամ էջը… Համայնագիտական միտք մըն էր, բարձր մտաւորական մը, որուն կեանքին մեծագոյն հաճոյքը եղաւ մտքի հետեւողական աշխատանքը:

Կրցած էր կատարելագործել ինքզինք եւրոպական ու արեւելեան շարք մը լեզուներու մէջ (մինչեւ իսկ` լատիներէն եւ ասորերէն) ու օտար դասական հեղինակները կը կարդար իրենց բնագրէն:

Անբասիր ու անխոցելի եկեղեցական մը մնաց ան` իր հոգեւոր գործունէութեան 50 տարուան ընթացքին: Իր վախճանումէն տարի մը առաջ, 1929-ի հոկտեմբերին, Երուսաղէմի մէջ եռօրեայ մեծավայելուչ ձեռնարկներով նշուեցաւ իր քահանայութեան կիսադարեայ յոբելեանը:

Շիջեցաւ 27 ապրիլ 1930-ին:

Երկու ծաւալուն գիրքեր, երկուքն ալ իր լաւագոյն աշակերտներուն գրչով ի՛ր մասին գրուած` պսակ կը կապեն իր ճակտին վրայ: Մին Թորգոմ պատրիարք Գուշակեանի մենագրութիւնն է, միւսը` Գարեգին Խաչատուրեան պատրիարքին «Դուրեան` Բ. Շնորհալի» փառաւոր հատորը:

Հալէպ

Յաւերժական Երուսաղէմ – 5. Երկու Զմայլելի Դէմքեր` Դուրեան Եւ Գուշակեան (Բ)

$
0
0

ԼԵՒՈՆ ՇԱՌՈՅԵԱՆ

Թորգոմ պատրիարք Գուշակեան

Դուրեանով սկիզբ առած Երուսաղէմի վերածնունդը շարունակուեցաւ իր յաջորդին` Գուշակեան Թորգոմ պատրիարքի օրով ալ: Սրբոց Յակոբեանց միաբանները ճիշդ ընտրութիւն մը կատարեր էին 6 յունիս 1931-ին` իրենց քուէները կեդրոնացնելով արմաշական այս սիրելի անունին վրայ:

Նորընտիր Թորգոմ պատրիարք այնպիսի ուժեղ պաշտամունք մը ունէր իր վախճանեալ նախորդին յիշատակին, գործին ու մտասեւեռումներուն նկատմամբ, որ ուղղակի անոր լիակատար ժառանգորդը սեպեց ինքզինք: Դուրեանի մտատիպարը միշտ առինքներ էր զինք, հետեւաբար գրաւուած մնացեր էր անոր իմացական ու հոգեկան շնորհներէն, ու հիմա պիտի ուզէր իր ձեռքը կառչած պահել անկէ ժառանգ մնացած արօրին մաճին վրայ…

Գուշակեան Արմաշի դպրեվանքին ամենափայլուն շրջանաւարտներէն էր, աբեղայ ձեռնադրուած` 1896-ին, Օրմանեան սրբազանէն: Արդէն, իր երկու հիմնական ուսուցիչներն եղած էին Օրմանեանն ու Դուրեանը: Երբ իր ուսին կ՛առնէր հոգեւորականի սեւ քղամիդը, հայ կեանքը արիւնոտ շրջան մը կը բոլորէր իր մայր բնօրրանին մէջ` համիտեան համատարած ջարդեր, աքսորներ, յեղափոխական շարժումներ, սարսափ:

Յաղթահարուեցան այդ դժուարին օրերը:

Թորգոմ վարդապետ Արմաշի դպրեվանքին մէջ եղաւ ուսուցիչ, յետոյ վերատեսուչ նշանակուեցաւ 1904-1907` յաջորդելով Դուրեանին: Իր վարչական ու դաստիարակչական փորձառութիւնը աւելիով կոփուեցաւ, երբ 1907-էն սկսեալ մինչեւ 1913 վարեց Սեբաստիոյ մեծ թեմին առաջնորդական պաշտօնը: Այս շրջանին է, որ պատրաստեց նոյն նահանգի Ս. Նշան պատմական վանքին ձեռագրաց քննական մանրամասն ցուցակը ու զայն հրատարակեց Վիեննայի «Հանդէս Ամսօրեայ»-ին մէջ: Եպիսկոպոս ձեռնադրուեցաւ 1910-ին, Ս. Էջմիածին, Իզմիրլեան հայրապետէն: Գաւառ վերադարձի ճամբուն վրայ այցելեց Անի ու անոր կիսակործան մայր տաճարին մէջ մատուցեց իր եպիսկոպոսական Բ. պատարագը:

Յետոյ կանչուեցաւ Եգիպտոս, ուր առաջնորդական պաշտօն վարեց լման տասնեօթը տարի, 1914-էն մինչեւ իր պատրիարք ընտրութիւնը: Այդ ժամանակաշրջանէն պահած է եօթնամեայ օրագրութիւն մը, որ եգիպտահայոց ազգային կեանքին տեսակ մը կենդանի պատմութիւնը կը նկատուի: Այս շրջանին է դարձեալ, 1916-ի պատերազմական տարիներուն, երբ իբրեւ հայրապետական նուիրակ` մեկնեցաւ Ծայրագոյն Արեւելք ու մէկուկէս տարի շրջեցաւ Հնդկաստան, Պիրմանիա, Ճաւա, Սումաթրա եւ այլուր` հոն ցրուած հայ գաղութներուն այցելելու ու հանգանակութիւններ կատարելու նպատակով: Ասիկա պատճառ դարձաւ, որ գրի առնէ ընդարձակ տպաւորութիւններ այդ մոռցուած, լքեալ ու երբեմնի շէն գաղութներուն մասին, եւ լոյսին գայ գիրք մը, որ կը կոչուի «Հնդկահայք»: Յակոբ Օշական մեծ գովեստով կ՛արտայայտուի Թորգոմ սրբազանի այս գիրքին մասին` գրելով.

– Հաւատարիմ իր մեթոտին, սրբազանը չէ գոհացած մարդերու այլապէս թանկ վկայութեամբ: Ան հաւասար գուրգուրանքով հարցաքննած է նաեւ քարերը, ինչպէս` մագաղաթները, օձերէ բնակուած ու խոտերէն նուաճուած մեր ժամերը, առնելու համար այն, ինչ որ կարելի էր տակաւին ազատել, ընդօրինակելով, լուսանկարելով, ինչ որ արժանի էր: Մեռելներուն, դամբաններուն անշունչ վկայութիւններուն հանդէպ իր բարեպաշտ պատկառանքը կը բարեխառնուի ողջերը դիտելու, խրախուսելու այնքան յորդ տուրքերով: Մեր պատմութեան հին քանի մը սրտայոյզ սարսուռները կը համակեն ընթերցողը, երբ տարիներով հայ խօսքի կարօտ ականջներուն մէջ սրբազանը կը հոսեցնէ ոսկեղէն հնչումը մեր շարականներուն, կը մատուցանէ, ափափոյ յարդարուած սենեակի մը մէջ, մեր ամէնէն թունդ արարողութիւնը` մեր պատարագը, բոլորին արցունքին, սրտազեղման, սփոփման մէջ: Դիւցազներգակ քերթողներուն գրչին վայել պատկերներ են ասոնք: Կը մկրտէ: Կը մխիթարէ: Կը վառէ այդ պաղած սրտերուն մէջ հեռաւոր Հայաստանի բախտին հանդէպ ջերմ սէր ու հաւատք: Առաքելութեան այս ոգեղէն իմաստը կը յորդի ամբողջ գիրքին մէջ, զայն ընելու համար հայութեան հուրքովը մխացող անմահ մատեան մը («Համապատկեր արեւմտահայ գրականութեան», Է. հատոր, Անթիլիաս, 1979):

Գուշակեան հազիւ եօթը տարի գահակալեց Ս. Յակոբեանց աթոռին վրայ: Իր օրերուն Ժառանգաւորաց վարժարանն ու ընծայարանը տուին մեծաթիւ շրջանաւարտներ, որոնցմէ 16-ը վարդապետ ձեռնադրեց ի՛նք (անոնցմէ մին Պոլսոյ ապագայ Շնորհք պատրիարքն էր): Շատ կարեւորութիւն կ՛ընծայէր նոր ու զարգացեալ միաբաններու պատրաստութեան գործին: Այդ հեռանկարով ալ դուրսէն ուսուցչական նոր ուժեր հրաւիրեց Երուսաղէմ (Յ. Օշական, Շահան Պէրպէրեան, Ներսէս Թամամեան): Բայց մեծ ուսուցիչ մըն ալ ինք էր արդէն. ունեցած էր մեծանուն ուսուցիչներ ու գիտէր, թէ ի՜նչ հրաշքներ կարելի էր գործել պատրաստուած անձերով:

Վանքին ելեւմտական կացութիւնը եւս բարւոք ընթացք մը առաւ իր վերահսկողութեամբ ու խոհեմ կարգադրութիւններով:

Կրօնական ու վարչական իր պարտաւորութեանց կողքին, Գուշակեան միշտ մնաց գրչի հաւատարիմ սպասարկու մը, վարպե՛տ մը նոյնիսկ: 30-ական թուականներու «Սիոն»-ի հաւաքածոները շատ բան կրնան պատմել մեզի այս մասին: Թորգոմ պատրիարք ինք անձամբ կը խմբագրէր ամսաթերթը ու ճիգ չէր խնայեր դարձնելու համար զայն հանդիսարան մը` գրական ու կրօնական ապրումներու: Ունէր համոզկեր ոճ մը, հարցեր պարզաբանող ու կնճռոտ նիւթեր վերլուծող դիւրասահ գրիչ մը: «Սիոն»-ի իր հիւթեղ խմբագրականները հաճոյքով կը կարդացուին այսօ՛ր եւս եւ կրնան հայերէն լեզուի օգտաշատ դասընթացք մը դառնալ մերօրեայ ընթերցողին համար` անկախ իրենց բովանդակութենէն:

Գուշակեանին ստորագրութիւնը կրող երկու ընդարձակ մենագրութիւններ, մին Խրիմեան Հայրիկի (Փարիզ, 1925), իսկ միւսը` Եղիշէ պատրիարք Դուրեանի մասին (Երուսաղէմ, 1932), պիտի ապրին իբրեւ բաբախուն գործեր, ապացոյցներ` իր գեղագէտի ոճին ու գրագէտի հմտութեան: Այս երկու աշխատասիրութիւններն ալ շուրջ 330 էջանի փառաւոր հատորներ են, որոնց մէջ ո՛չ միայն սեւեռումի կ՛ենթարկուին Խրիմեանն ու Դուրեանը առանձնաբար, այլեւ անոնց ամբողջ շրջապատը` զայն եզերող մարդոցմով, ժամանակաշրջանի դէպքերով ու եռեւեփումներով: Ճիշդ այս պատճառով ալ զոյգ գիրքերը կը կարդացուին վէպի մը պէս, յափշտակութեամբ:

Առ այսօր շատ գործնական ուղեցոյց մըն է իր «Սուրբք եւ տօնք Հայաստանեայց եկեղեցւոյ» գիրքը, որ քանիցս վերատպուած է Անթիլիասի մէջ: «Նարեկ»-ի  իր աշխարհաբար թարգմանութիւնը եւս շատ գնահատուած է եւ ունեցած` բազմաթիւ տպագրութիւններ, 1926-էն մինչեւ այսօր: «Աւետարանի ճամբէն»-ը աւետարաններէն քաղուած նիւթերու շուրջ խորհրդածութեանց շարք մըն է, իսկ «Եգիպտոսի հայոց հին եւ արդի եկեղեցիները» (1927)` հետաքննական ուսումնասիրութիւն մը: Դեռ ունի ֆրանսերէնէ կատարուած ծաւալուն թարգմանութիւններ, ինչպէս` Քոռնէյի «Պողիկտոս» ողբերգութիւնը (1935), Պուալոյի «Արուեստ քերթողական»-ը, Ֆլոպերի «Հերովդիա»-ն եւ այլն:

Իր ամբողջական գործերը, գեղատիպ հատորներու շարքով մը, հրատարակուեցան Երուսաղէմ` մահէն անմիջապէս ետք (1939-1941):

Գուշակեան ճիշդ 42 տարի իր գլխուն կրեց Հայ եկեղեցւոյ սրածայր վեղարը ու զայն արժեւորեց զմայլելի պատուազգացութեամբ:

Շիջեցաւ 10 փետրուար 1939-ին` յանկարծական կաթուածէ մը զգետնուած:

Եգիպտահայ բազմավաստակ պատմագիր Արշակ Ալպոյաճեանը 700 էջանի  փառաւոր մենագրութեամբ մը (Գահիրէ, 1940) պատմութեան յաջորդ սերունդներուն յանձնեց Գուշակեանի կեանքին ու վաստակին լման ուղեծիրը:

Հալէպ

Յաւերժական Երուսաղէմ – 6. Մկրտիչ Եպս. Աղաւնունիի Աղաւնետունը

$
0
0

ԼԵՒՈՆ ՇԱՐՈՅԵԱՆ

Մկրտիչ եպս. Աղաւնունի

«Աղաւնետուն» բառը գործածեցի փոխաբերաբար կամ նմանողաբար:

Այս նմանողութիւնը  ըրի` պարզապէս շեշտադրելու համար Մկրտիչ սրբազանին իւրայատուկ մականունը. Աղաւնունի:

Ասիկա իրակա՞ն մականուն մըն էր, թէ՞ գրչանուն մը, չեմ կրցած ստուգել: Կ՛ընդունիմ սակայն, որ հայաոճ սիրուն մականուն մըն է, որ կարծէք իր տիրոջ շիջումով դադրած է ի սպառ:

Անմիջապէս նշեմ սակայն, որ ԺԹ. դարու մեր եկեղեցական կեանքին մէջ ունեցած ենք այլ «Աղաւնի» մըն ալ, որ երկիցս բարձրացած է Պոլսոյ պատրիարքական աթոռը: Անիկա Ստեփանոս Աղաւնի պատրիարքն է, բուն մականունով` Զաքարեան: Գահակալեր է նախ 1831-1839, ապա`1840-1841, համբաւ շահելով իբրեւ եկեղեցաշէն պատրիարք մը: Օրմանեան սրբազան իր «Ազգապատում»-ին մէջ  դիտել  կու տայ, որ Ստեփանոս պատրիարք «Աղաւնի» կոչուած էր իր մեղմիկ, հեզահոգի, հոգեսէր եւ խաղաղասէր բնաւորութեան համար:

Մկրտիչ եպս. Աղաւնունին Երուսաղէմի խորհրդանիշ մը եղած է ինծի համար: Եւ երբ կը գործածէի «աղաւնետուն» բառը, պարզապէս կ՛ուզէի ակնարկել Սրբոց Յակոբեանց վանքի իր համեստ սենեակին` խուցին, ուր անցուց իր կեանքին վերջին քսանհինգ տարիները (1916-1941), գլուխը հակած` հնատիպ գիրքերու, ձեռագիր յիշատակարաններու, նամակներու, կոնդակներու ու հաշուական տոմարներու դէզերուն վրայ, Ս. Քաղաքին հազարամեայ պատմութենէն ինչ-ինչ անծանօթ տուեալներ վերբերելու համար:

Երեք գիրքեր, երեքն ալ Երուսաղէմի մասին, փառքը կը կազմեն Աղաւնունիի բանասիրական վաստակին.

ա) «Միաբանք եւ այցելուք հայ Երուսաղէմի» (1929)
բ) «Հայկական հին վանքեր եւ եկեղեցիներ Սուրբ Երկրին մէջ» (1931)
գ) «Սուրբ Երկրին սրբավայրերու աւանդութիւնները» (1936)

Ինծի համար զարմանալի է ու անըմբռնելի` թէ ինչո՞ւ համար վաստակաւոր այս բանասէրին անունը տեղ չէ գտած Հայկական Սովետական Հանրագիտարանի բազմահատոր շարքին մէջ: Դեռ աւելին, Աղաւնունիի անունը ի զո՜ւր պիտի փնտռէք Հայաստանի յետ-անկախութեան շրջանին լոյս ընծայուած «Ով ով է» (2005) կենսագրական բառարանին մէջ եւս…: Արեւելահայ մեր զարմիկները ի՞նչ չափանիշերու կը հպատակին` դժուար է հասկնալ:

Աղաւնունի արհամարհելի անուն մը չէ երբեք: Վերեւ յիշուած իր երեք գիրքերը շատ բան կը փրկեն Երուսաղէմի  եւ առհասարակ Ս. Երկրի հայկական սրբավայրերու պատմութենէն ու կրնան սկզբնաղբիւրի արժէք ներկայացնել այսօր:

Օրինակ` սա «Միաբանք եւ այցելուք»-ը: Հին յիշատակարաններէ ու հնատիպ մատեաններէ ջոկելով` ան հարիւրաւոր անուններ շարայարած է այբբենական կարգով, անոնց մասին դոյզն ու մերթ լայն տեղեկութիւններ հաղորդելով: Այս գործը իր կառուցուածքով կը յիշեցնէ Աճառեանի «Անձնանունների բառարան»-ը:

Կամ` միւս երկուքը, որոնք կը բացատրեն մեզի, թէ հայերը ինչպէ՛ս սկսան վանքեր հիմնել Ս. Երկրին մէջ, Դ. դարէն սկսեալ: Այդ վանքերը հետզհետէ ինչպէ՞ս ուռճացան, այնուհետեւ ինչո՞ւ քանդուեցան, չքացան… Յետոյ, ի՞նչ աւանդութիւններ կապուած են Ս. Յարութեան տաճարին հետ, աւանդութիւններ` Ս. Գերեզմանին, Չարչարանաց ճանապարհին, Սողոմոնեան տաճարին, Ձիթենեաց լերան, Սիոն լերան ու անոր կողին գտնուող հայոց Սրբոց Յակոբեանց վանքին, Երիքովի կամ Յորդանանի հետ:

Անծանօթ տեղեկութիւններու յորդահոս շտեմարաններ:

Բայց ո՞վ էր Մկրտիչ եպս. Աղաւնունին, ուրկէ՞ կու գար ան:

Ծնած էր Պարտիզակ, Պոլսէն դէպի արեւելք հայաբնակ գիւղը, 1863-ին: Տեղւոյն ազգային վարժարանին մէջ աշակերտած էր Եղիշէ Դուրեան վարդապետին: Յետոյ ինք եւս սկսեր էր ուսուցչութիւն ընել միեւնոյն դպրոցը` աւանդելով կրօն ու թրքերէն: Պարտիզակէն դուրս` ուսուցչութեան կոչուեր էր նաեւ մօտակայ Ատափազարի ու Նիկոմիդիոյ մէջ: Կուսակրօն քահանայ ձեռնադրուեր էր 1890-ին Նիկոմիդիա (Իզմիթ)` ձեռամբ Ստեփանոս արք. Յովակիմեանի, այնուհետեւ ծառայելու համար թէ՛ տեղւոյն թեմին (1890-94), թէ՛ Քէօթահիոյ ու Աֆիոն Գարահիսարի մէջ (1895-1905): 1905-1912 առաջնորդ եղած էր եգիպտահայ թեմին ու այդ շրջանին եպիսկոպոսական ձեռնադրութիւն ստացեր էր Ս. Էջմիածին (սեպտ. 1910), Իզմիրլեան հայրապետէն, օծակից ունենալով Բաբգէն Կիւլէսէրեանը, Թորգոմ Գուշակեանն ու եօթը այլ վարդապետներ:

Եգիպտոսէն հրաժարելով, Պոլիս դարձեր էր 1912-ին` ստանձնելով Սկիւտարի Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ քարոզչութիւնը: Մեծ Եղեռնի շրջանին կառավարական հրահանգով աքսորուեր էր Երուսաղէմ: Հոն, 1921-ին ընդունուեր էր Ս. Յակոբեանց միաբանութեան շարքերը: Եւ այդ թուականէն սկսեալ մինչեւ իր վախճանումը, Դուրեան եւ Գուշակեան պատրիարքներու օրով, ծառայեր էր վանքին` թէ՛ ուսուցչագործելով Ժառանգաւորաց վարժարանին մէջ, թէ՛ աշխատակցելով «Սիոն»-ին` հմտալից յօդուածներով:

Իր շրջանի զոյգ պատրիարքներն ալ  գնահատեցին զինք ու պատրիարքական փոխանորդի պաշտօնը վստահեցան իրեն: Բայց Մկրտիչ սրբազանին բո՛ւն առաքելութիւնը  իր մենաստանին մէջ էր, իր «աղաւնետուն»-ին մէջ: Ամէն անգամ որ հայ Երուսաղէմի վերաբերեալ նոր յայտնաբերում մը կատարէր հին յիշատակարանէ մը, կ՛երջանկանար ու աւելի՛ զօրաւոր կը փարէր իր գիրքերուն:  Իր հնախուզական յայտնաբերումները ապշահար կը ձգէին ընթերցողները: Օրինակ դուք կրնա՞ք անտարբեր անցնիլ յօդուածի մը վրայէն, որ կը կրէ հետեւեալ վերնագիրը. «Հայկական վանք մը Չինաստանի սահմանին վրայ»: Յօդուածագիրը ո՞վ կրնար ըլլալ, եթէ ոչ` Աղաւնունի սրբազանը…

Մկրտիչ եպս. Աղաւնունիի «սաղիմասիրութիւն»-ը իմ մտքիս մէջ իր անունին կ՛առնչէ ուրիշ արժեքաւոր հոգեւորականի մը անունը, որ յատկապէս ծանօթ է հալէպահայութեան. Արտաւազդ արք. Սիւրմէեանն է ան (1889-1951):

Եթէ Աղաւնունին շարունակ աչքի լոյս կը թափէր Երուսաղէմի պատմութեան վրայ, ասդին` Արտաւազդ սրբազանն ալ իրեն մտասեւեռում դարձուցած էր Հալէպի ու հալէպահայոց հին շրջաններու պատմութիւնը` եկեղեցիներէն, դպրատուներէն ու ծաղկարար գրիչներէն սկսեալ մինչեւ գերեզմանատուներու տապանաքարերուն արձանագրութիւնները… Իր «Պատմութիւն Հալէպի հայոց»-ի երեք հատորները վկան են ատոր:

Մինչ կը գրեմ այս տողերը, ինծի համար հետաքրքրական յայտնութիւն մը եղաւ երկու եպիսկոպոսներուն գրական կապը եւ բարեկամութիւնը:

Ինչպէս ծանօթ է, Արտաւազդ սրբազան, դեռ վարդապետ եղած շրջանին, Հալէպի մէջ լոյս ընծայած էր «Տաթեւ» անունով տարեգիրքերու շարք մը, 1925-1930, ընդամէնը` վեց թիւ (Ա. հատորը տպուած է Պոլիս): Գրական, բանասիրական ու տեղագրական ճոխ բովանդակութեամբ հատորներ էին ասոնք, պատկերազարդ ու լի` տարաբնոյթ անհամար տեղեկութիւններով:

Շահեկան է տեսնել, որ «Տաթեւ»-ի մնայուն ու գլխաւոր աշխատակիցներէն մին եղած է Մկրտիչ եպս. Աղաւնունին: Տարեգիրքին վեց թիւերէն հինգին մէջ ան ստորագրած է բանասիրական բնոյթի գրութիւններ: Կու տամ խորագրերը.

– «Սաղիմական գրիչներ» (Ա. տարի, 1925)
«Կրօնական ուսումը հիներու մօտ եւ սաղիմական մատենագիրներ» (Բ. տարի, 1926)
«Սալահէտտին եւ հայերը» (Գ. տարի, 1927)
«Ս. Գրոց անվաւերական գրեանք եւ «Ադամ գիրք»-ի հայ թարգմանիչը» (Դ. տարի, 1928)
«Անապատական կեանքը Եգիպտոսի մէջ» (Ե. տարի, 1929)

Կը թուի, որ երկու բանասէր եպիսկոպոսներուն բարեկամութիւնը շարունակուեր է ընդ երկար, մինչեւ Աղաւնունիի մահը: Եւ ճակատագիրը այնպէս մը տնօրիներ է, որ վախճանեալ Աղաւնունի սրբազանին դամբանականը խօսելու տխուր պարտականութիւնը վիճակուի…Արտաւազդ սրբազանին:

Տեղեկութիւնը կը քաղեմ «Սիոն»-էն (Սեպտ. 1941): Այդ տարի, Արտաւազդ սրբազան հինգ ամիս հիւրը եղած է Երուսաղէմի հայոց վանքին` իր մասնակցութիւնը բերելով Զատկուան մեծահանդէս արարողութիւններուն, ինչպէս նաեւ` ուսումնասիրելով զինք հետաքրքրող ձեռագրեր:

Ճիշդ այդ օրերուն, 24 օգոստոս 1941-ին, իր աչքերը կը փակէ Մկրտիչ եպս. Աղաւնունին:

«Սիոն» իր ամփոփ մահագրականին մէջ կը գրէ.

«Ճշմարիտ կրօնականի մը վայելուչ բարքով ապրեցաւ իր բովանդակ կեանքին մէջ: Յոխորտ կեցուածքը եւ սողոսկող մարդահաճութիւնը իսպառ անծանօթ մնացին իր խաղաղ եւ անբիծ հոգիին: Անիկա սքանչելիօրէն իր վրայ իրագործել գիտցաւ եպիսկոպոսին «անարատ, հեզ, ցած եւ պարկեշտ» լինելու առաքելական պատուէրը»:

Աղաւնունիի աղաւնակերպ բարի հոգին դեռ կը թեւածէ՞ արդեօք Սիոնի բարձունքին վերեւ…

Հալէպ

Յաւերժական Երուսաղէմ – 7. Եղիվարդի Նուշերն Ու Փուշերը

$
0
0

ԼԵՒՈՆ ՇԱՌՈՅԵԱՆ

Եղիշէ պատրիարք (Եղիվարդ)

Իմ մտքին մէջ տեղ գտած են, հինէն ի վեր, քանի մը մտերիմ սաղիմահայեր:

«Մտերիմ» բառը կը գործածեմ իր ոչ նիւթական` զգացական առումով միայն, որովհետեւ ես առ այսօր, իրական իմաստով, ո՛չ մէկ սաղիմահայ ճանչցեր եմ, ո՛չ մէկ սաղիմահայու հետ առնչութիւն կամ կապ ունեցեր եմ:

Իմ «մտերմութիւն»-ը բացառաբար գիրքերու ճամբով է, այլ խօսքով` գրականութեան ընդմէջէն: Եւ հաւատացէ՛ք ինծի, որ գրականութեան ճամբով հաստատուած կամուրջն ու մտերմութիւնը ամէնէն տոկունն է, ամէնէն վստահելին:

Ահա սկսեր են արդէն իմ մտքին մէջ տողանցել հայ գիրի ու գրականութեան աշխարհէն քանի մը դէմքեր, որոնք ինծի համար մի՛շտ ալ խորհրդանշած են Երուսաղէմը: Եւ այս դէմքերուն մէջ առաջին կարգի վրայ կու գայ ԵՂԻՎԱՐԴԸ:

Բոլոր անոնք, որոնք պիտի սերտեն սփիւռքահայ գրականութեան 40-ական թուականներէն մինչեւ 80-ականներ երկարող քառասնամեայ շրջանը, անպայման իրենց առջեւ պիտի գտնեն սքեմաւոր այս բանաստեղծը, որ, ինչպէս ըսի տեղ մը, ուրիշ մէկը չէ, եթէ ոչ` Երուսաղէմի հայոց նախկին պատրիարքներէն Եղիշէ արք. Տէրտէրեանը: «Եղիվարդ»-ը իր գրչանունն է, կազմուած` «Եղիշէ վարդապետ» անուանումին առաջին վանկերէն:

Դուրեան եւ Գուշակեան զմայլելի պատրիարքներէն ետք, Եղիվարդ մօտաւորապէս 50 տարի ամէնէն տիրական ու հեղինակաւոր անունը մնաց հայ Երուսաղէմին` թէ՛ վանքէն ներս ստանձնած իր պատասխանատու այլաբնոյթ պաշտօններով (Ժառանգաւորաց վարժարանի տեսուչ, լուսարարապետ, պատրիարքական տեղապահ, ապա պատրիարք), թէ՛ ալ իբրեւ հզօր շունչ ունեցող բեղուն բանաստեղծ ու վարպետ գրիչ: Ան իր անունը անխզելիօրէն կապեց նաեւ «Սիոն» ամսագրին` տասնամեակներ շարունակ զայն խմբագրելով ձեռնհասօրէն ու անոր էջերուն մէջ լոյս ընծայելով չափածոյ ու արձակ անհամար գրութիւններ, կուռ խմբագրականներ ու քարոզախօսական ընտիր էջեր, որոնք կը փայլին մանաւանդ իրենց պայծառ հայերէնով ու վերլուծական ճարտարութեամբ:

Եղիվարդի թէ՛ եկեղեցական ու թէ՛ գրական վաթսունամեայ կեանքը անցաւ արտակարգ փոթորիկներու ու պայքարներու մէջէն: Անոնք, որոնք պիտի փորձեն սերտել իր կենսագրութեան մանրամասնութիւնները, պիտի շշմին Եղիվարդը իրենց ծոցին մէջ առնող ահագնադղորդ դէպքերու ու եղելութիւններու տարողութեան դիմաց, պիտի զարմանան, թէ ան ինչպէ՛ս կուրծք տուաւ իր դէմ ցցուած լեռնակուտակ դժուարութիւններու, տոկաց զինք մաշեցնել ուզող ընդդիմութիւններու եւ մամուլի անուանարկիչ արշաւներու դիմաց, ի վերջոյ` ո՛չ թէ ընկճուելու կամ ճզմուելու համար անոնց վիթխարի ծանրութեան տակ, այլ անհաւատալի ճարպիկութեամբ յառնելու` ովսաննաներու  փառերգութեամբ…

Եղիվարդ` վասպուրականցի այս նախկին որբը, արտասովոր նկարագրի տէր հոգեւորական մըն էր, հակասութիւններու մարմնացում մարդ մը, դրականի ու ժխտականի խառնուրդ խմոր մը, մերթ անուշահամ «նուշ»-եր հրամցնող, մերթ ալ` թունաւոր «փուշ»-եր արձակող տիպար մը, որ իր գրական ու եկեղեցական երկարամեայ գործունէութեան ընթացքին շարունակ խօսիլ տուաւ իր մասին: 7 տարի պատրիարքական տեղապահ մնաց ան (1949-1956)` ճիշդ 30  տարի ալ իր ափին մէջ պահեց Երուսաղէմի պատրիարքական ասան (1960-1990)` խորհրդաւոր ու առանցքային դերեր ստանձնելով այդ շրջանի վանական ու արտավանական աղմկայարոյց բազմաթիւ տագնապներուն մէջ, որոնց լուծման մոգական բանալին, ի զարմանս շատերու, օր մը անպայման դուրս կ՛ելլէր իր պարեգօտին պզտիկ գրպանէն… Յիշենք, օրինակ, որ Վազգէն Ա. ու Կիլիկիոյ նորընտիր Խորէն Ա. կաթողիկոսներու «հաշտութիւն»-ը իրականացնողը ի՛նք եղաւ (երկու հայրապետներուն նշանաւոր ողջագուրումը Երուսաղէմի մէջ, 26 հոկտ. 1963): Կամ աւելի առաջ, 1956 մարտին, Անթիլիասի գանձատունէն Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի Աջին ու յարակից մասունքներու գողութեան պարագան, Զարեհ կաթողիկոսի ընտրութենէն ընդամէնը օրեր անց: Ամբողջ տարի մը մղձաւանջ ու շփոթ ստեղծուեցաւ հայ կեանքին մէջ այդ պատճառով: Ու յանկարծ Եղիվա՛րդն է, որ գողօնը «գտաւ» Ամմանի մէջ ու փութաց վերադարձնելու Անթիլիաս…

Եղիվարդ հին շրջանի մեր շարք մը եկեղեցականներուն նման (Խրիմեան, Սրուանձտեանց եւ այլն)` բնիկ վանեցի էր, Ռշտունեաց գաւառի Կայնիմիրան գիւղէն, ուր ծնած էր 1910-ին: Եղեռնի խորշակը զինք նետեց նախ Պարսկաստան (Սալմաստի մօտերը), այնուհետեւ` Միջագետք, ուր կրցաւ ապաստանիլ Պասրայի մօտիկ Նահր Օմարի հայկական որբանոցը: Յետոյ, Բարեգործականի օժանդակութեամբ, հարիւրաւոր երեխաներու հետ բերուեցաւ Երուսաղէմ 1922-ին ու երկու տարի ետք ալ սան դարձաւ Ժառանգաւորաց վարժարանին: Ուսման ընթացքը ութ տարի էր: Բախտն ունեցաւ աշակերտելու արմաշական երեք հռչակաւոր ուսուցիչներու` Դուրեանի, Կիւլէսէրեանի եւ Գուշակեանի, ինչպէս նաեւ` Աղաւնունիի:

Գուշակեան Թորգոմ պատրիարքին կողմէ ձեռնադրուած վարդապետներէն մէկն եղաւ ան, որ սքեմ ու վեղար ստացաւ 1932-ին:

Իր աստղը փայլիլ սկսաւ վանքին մէջ 1937-ին, երբ  տեսուչ նշանակուեցաւ Ժառանգաւորաց վարժարանին: Այս պաշտօնին մէջ մնաց մինչեւ 1945` մտերմօրէն գործակցելով Յ. Օշականի ու Շ. Պէրպէրեանի նման դաստիարակներու հետ: Դեռ այդ օրերէն իսկ կրցաւ դառնալ ամէնէն ազդեցիկը Երուսաղէմի երիտասարդ վարդապետներուն մէջ, անկասկած` շնորհիւ իր խօսելու ու գրելու բնածին եւ մշակեալ յատկութիւններուն, վարչական անվիճելի կարողութիւններուն, ինչպէս նաեւ` արտավանական անիմանալի կապերուն եւ յարաբերութիւններուն:

Կիւրեղ Բ. Իսրայէլեան պատրիարքի կարճատեւ գահակալութեան ամբողջ տեւողութեան (1944-1949) Եղիշէ վրդ. ստանձնեց լուսարարապետի պաշտօնը: Ու երբ վախճանեցաւ Կիւրեղ պատրիարք, Եղիվարդ դարձաւ վանքին թիւ մէկ դէմքը` թէ՛ պատրիարքական տեղապահ ընտրուելով, թէ՛ ալ զուգահեռաբար շարունակելով լուսարարապետի բարձր պաշտօնը, եօթը տարի: Փաստօրէն վանքին գրեթէ բոլոր լծակները առաւ իր ափերուն մէջ:

Այս շրջանին (1951) եպիսկոպոս ձեռնադրուեցաւ ան Ս. Էջմիածին, Գէորգ Զ. Չէօրէքճեան հայրապետէն` օծակից ունենալով ապագայ Վազգէն Ա. Ամենայն Հայոց հայրապետը:

Պատրիարքական աթոռին եօթը տարուան թափուր վիճակը, սակայն, յորդեցուց ոմանց համբերութիւնը 1956-ին: Քանի մը ազդեցիկ միաբաններ, գլխաւորութեամբ Տիրան Ներսոյեան ու Շնորհք Գալուստեան եպիսկոպոսներուն, օգտուելով տեղապահ Եղիշէ արքեպիսկոպոսին արտասահման ճամբորդութենէն, միաբանական ժողով մը գումարեցին ու պաշտօնազրկեցին զինք ի բացակայութեան: Յետոյ, ծանրակշիռ նոր քայլ մը առնելով, արտաքսեցին զինք միաբանութեան շարքերէն ալ, զանազան ամբաստանութիւններով: Եւ ի լրումն այս բոլորին` Վազգէն Ա. Ամենայն Հայոց կաթողիկոսին ստորագրութեամբ ալ փիլոնազուրկ հռչակեցին զինք եւ հոգեւոր գործունէութենէ առժամեայ կախակայեցին…

Պաշտօնազրկեալ տեղապահին փոխարէն` 1957 մարտին պատրիարք ընտրուեցաւ Ներսոյեան սրբազանը: Բայց թնճուկը չքակուեցաւ, որովհետեւ Յորդանանի  իշխանութիւնները ո՛չ միայն չվաւերացուցին ընտրեալ պատրիարքին պաշտօնը, այլեւ դատական որոշումով մը չեղեալ նկատեցին ընտրական ամբողջ  գործընթացն ու Երուսաղէմէն բռնի հեռացուցին Ներսոյեանը 1958 օգոստոսին…

Աւելի ուշ Երուսաղէմէն բռնի հեռացուեցաւ նաեւ Շնորհք սրբազանը, որ Թուրքիա անցնելով` պատրիարք ընտրուեցաւ Կ. Պոլսոյ աթոռին (1961):

* * *

Եղիշէ պատրիարք Վազգէն Ա. Կաթողիկոսին ու ՀԲԸՄ-ի նախագահ Ալեք Մանուկեանի հետ

Հայ Երուսաղէմը ահա այսպիսի փոթորկայոյզ տագնապ մը ապրեցաւ լման չորս տարի, 1956-1960:

Այս ամբողջ տագնապի ընթացքին Եղիվարդ մայրաքաղաք Ամման նստած` մնաց աներեր, առանց կարեւորութիւն տալու իր պատուազրկումներուն: Ան դատեր բացաւ զինք ամբաստանողներուն դէմ, տակաւ առ տակաւ չէզոքացուց իր ընդդիմադիրներն ու ի վերջոյ պետական նեցուկով դա՛րձեալ Երուսաղէմ վերադարձաւ ու «կանոնական» ընտրութեամբ բազմեցաւ պատրիարքական գահին վրայ, 8 յունիս 1960-ին: Անմիջապէս Ամենայն Հայոց կաթողիկոսն ալ  յարմար դատեց բեկանել փիլոնազրկումի նախկին պատիժը ու հայրապետական ճանաչում շնորհեց Երուսաղէմի նորընտիր պատրիարքին…

Եղիվարդ հանգիստ շունչ մը քաշեց այդ թուականէն ետք ու ինքզինք նուիրեց Հայ Երուսաղէմի ծաղկումին: Թէեւ իր յախուռն ու քինայոյզ նկարագրին պատճառով նորանոր տագնապներ անպակաս եղան վանքին մէջ, իրեն ոչ համակիր հոգեւորականներ արտաքսուեցան միաբանութենէն, յաճախ աղմուկ բարձրացաւ իր անունին ու գործելաոճին շուրջ: Օրինակ, վանապատկան ձեռագիրներու գողութեան ու վաճառքի գայթակղութիւնը (1967) մէկն էր ատոնցմէ, որ խորապէս յուզեց հայ աշխարհը երկար ամիսներ:

Այսպիսի դէպքեր չէին կրնար ստուեր չթողուլ իր անունին ու համբաւին վրայ:

Բայց իրողութիւնն այն է, որ Գրիգոր Պարոնտէրէն ու Շղթայակիրէն ետք ինք ամէնէն երկարատեւ գահակալը եղաւ Երուսաղէմի աթոռին վրայ:

Ու ճակատագրին անիմանալի մէկ խաղն էր կ՛երեւի, որ «Երուսաղէմի տագնապ»-ին երեք գլխաւոր դերակատարները իրենց մահկանացուն կնքէին գրեթէ վեց ամսուան նման կարճ ժամանակամիջոցի մը մէջ` իրերայաջորդ կերպով. Ներսոյեան սրբազան` 1989 սեպտեմբերին, Եղիշէ պատրիարք` 1 փետրուար 1990-ին, իսկ Շնորհք պատրիարք` 7 մարտ 1990-ին: Եւ «Սիոն», որուն հին հաւաքածոներուն մէջ թաղուած կը մնային այդ տխուր տագնապին բոլոր մանրամասնութիւնները, վախճանեալ երեք հակընդդէմ հոգեւորականներուն լուսանկարներն ու մահագրականները կը ստիպուէր դնել կողք-կողքի, միեւնոյն թիւին մէջ…

* * *

Եղիվարդի եկեղեցական փոթորկոտ կեանքը ժամանակի անհունութեան մէջ հակամէտ է մոռցուելու: Բայց ատոր դիմաց ապրելու եւ գոյատեւելու լուրջ երաշխիքներ կու տայ իր գրականութիւնը:

Ժամանակակիցները կը վկայեն, որ Եղիվարդ պերճախօս քարոզիչ մըն էր, մտերիմ շրջանակներու մէջ ալ` կատակաբան ու սրամիտ:

Պերճախօսութիւնը ինքզինք ցոյց կու տայ իր քերթողութեան ու արձակին մէջ եւս: Իր լեզուական շնորհը անուրանալի է: Վարժ է բանաստեղծական արդիաշունչ գիւտեր կատարելու կամ իմացական խորասուզումներու անձնատուր ըլլալու: Կը սիրէ ներշնչուիլ սուրբգրային աւանդութիւններէ ու զանոնք պատմել չափածոյ տողերով: Մանաւանդ ունի բաւական վայելուչ ինքնատիպ ոճ մը, որ ուրիշինը չէ՛, ի՛րն է բացառաբար:

Եղիվարդի բանաստեղծական առջինեկ հատորը կը կոչուէր «Մագդաղինէն մեղրամոմէ», լոյս ընծայուած` 1941-ին: Անոր յաջորդեցին` «Խորտակման գիշերներ»-ը (1943), «Անցորդը» (1946), «Ակեղդամա»-ն (1948): Աւելի ուշ արձակ ու չափածոյ տասնեակ հատորներ հրատարակուեցան իրմէ, մի՛շտ Երուսաղէմի մէջ. «Լերան վրայէն երանիներ» (1945), «Վարդանանք» (թատերախաղ, 1951), «Նարեկը հայ գրականութեան մէջ»«Հայաստանեայց եկեղեցին երէկ եւ այսօր» (1948), «Սուրբ Մեսրոպ» (1962), «Օտարականը» (արձակ էջեր Յիսուսի կեանքէն, 1966), «Կարմիր զօրավար» (Մեծ եղեռնի ձօնուած պոէմ, 1975), «Հեթանոսաց առաքեալը» (Պօղոս առաքեալի ձօնուած, 1975), «Լուսամատեան» (աստուածաշնչական պատումներ, 1980), «Հայրենականք տոհմականք» (1983), «Լուսաւորիչը» (1987) եւ այլն: Ինչպէս կը տեսնուի, քանակով ուշագրաւ վաստակ մըն է, ուր չի պակսիր նաեւ որակը: Բոլորին մէջ ալ կրօնական ու ազգային տաքուկ շունչ մը կայ միշտ, որ ինքզինք  կը զգացնէ անայլայլ:

Բայց ինծի կը թուի, որ Եղիվարդի գրականութիւնը հարկ եղած ուշադրութեան չէ արժանացած ընդհանրապէս:  Հայաստանի մէջ ծանօ՞թ են իրեն: Հայկական Սով. Հանրագիտարանը իր նեղ սիւնակին մէջ հազիւ 15 տողով տուած է անոր կենսագրականը: Իսկ «Ով ով է» կենսագրական բառարանը բոլորովին մոռցած է զայն:

Ինծի ծանօթ սփիւռքահայ դասագիրքերու մէջ ալ չեմ հանդիպած Եղիվարդի անունին: Բայց գոնէ Մինաս Թէօլէօլեան ու Ճանաշեան Մեսրոպ վարդապետ տեղ տուած են իրեն` իրենց գրական ժողովածուներուն մէջ, նմուշ-քերթուածներով միասին: Թէօլէօլեան դրական կ՛արտայայտուի, իսկ հայր Ճանաշեան համոզում կը յայտնէ, որ անոր ստորագրած էջերուն մէջ «կը պակսի ներշնչումն ու ճշմարիտ բանաստեղծութիւնը»: Ըստ Մխիթարեան վարդապետին, Եղիվարդի բանաստեղծութիւնները թէեւ մերթ ունին գունաւոր եւ ուժեղ պատկերներ, բայց անոնք վիրաւոր են «միամիտ պատմելու եղանակ»-ով…

Տարիներ առաջ, Եղիվարդի վախճանումին առթիւ գրի առնուած մահագրականի մը մէջ սաղիմահայ նորընծայ վանական մը համարձակութիւնը ունեցեր էր գրելու, որ ողբացեալ պատրիարքին մօտ «աղօթելու սէրը պակաս էր»…: Կրնա՛յ ըլլալ: Մ. Թէօլէօլեանն ալ 1947-ին «Նայիրի»-ի մէջ մատնանշեր էր Եղիվարդի «վանականի խմոր» չունենալը… Բայց ատոր փոխարէն` Եղիվարդ ուրիշներէ շա՛տ աւելի քաջածանօթ էր Հայ եկեղեցւոյ պատմութեան եւ դաւանական ըմբռնումներուն: Նաեւ արթուն պահակն էր ատոնց: Այս առնչութեամբ, անմոռանալի կը մնան իր ընդարձակ հերքումները կարտինալ Աղաճանեանի («Սիոն», 1950) ու հ. Սահակ Կոգեանի («Սիոն», 1962) թիւր ու շինծու «փաստարկում»-ներուն դէմ, Հայ եկեղեցւոյ դաւանութեան կամ «մոլորութիւններ»-ուն մասին:

Ահա՛ նմուշ մը` Եղիվարդի հրապարակագրական «խածնող» ոճէն: Գրութիւնը թիրախ ունի Պէյրութի «Մասիս» շաբաթաթերթին մէջ հայ կաթողիկէ հոգեւորականի մը` Վարդան վրդ. Թէքէեանի մէկ յօդուածը, որ գրի առնուած էր ի պաշտպանութիւն Կոգեանի (օտար շրջանակներու մէջ ծանօթ` Լորենցօ Կոգի անունով) «Հայոց եկեղեցին» ձախաւեր հատորին, եւ որ, ինչպէս ծանօթ է, հրատարակուեցաւ Պէյրութ, 1961-ին, նպատակ ունենալով ծայրէ-ծայր ջրել Օրմանեան սրբազանի յիսուն տարի առաջ պատրաստած համանուն յայտնի գործը.

Այդ գիրքը,- կը գրէր Եղիվարդ,- սուտի եւ չարութեան խառնարան մըն է լոկ, ապացոյց` Լորենցոյի հոգիի ամայութեան եւ անհայութեան: Մարդ ուղեղի տեղ մաղձամաշկ  եւ մարմնի փոխարէն խանձած ոսկրակոյտ մը պէտք է ունեցած ըլլայ նման գործ մը փսխել կարենալու համար: Ոչ մէկ ատեն հայ կաթողիկէ գրող մը չէ եղած այնքան առատ իր հոգիին աղբովը, որքան Լորենցոն` իր այս ստապատումին մէջ: Լորենցոն հանգուցեալ Օրմանեան սրբազանի  եւ Հայ եկեղեցիին դէմ իր հսկայ նախանձէն` գլխատուած հաւու մը պէս կը չարչարուի, առանց մեռնիլ կարենալու: Իր ստապատումը գիտական մեթոտ եւ պատմական գործ ըլլալէ աւելի` Հայ եկեղեցւոյ դէմ նետուած թուք մըն է, եւ Թէքէեան վարդապետը այդ թուքն է, որ կը լզէ մեղր ըմբոշխնողի ախորժակով եւ թշուառ մեղսակցութեամբ («Սիոն», նոյ.-դեկտ. 1962, էջ 324):

Աւելի քան 55 տարի անցեր է վերի գրութեան թուականէն:

Մեր օրերուն այսպիսի ոճով կը համարձակի՞նք գրել:

(Հալէպ)

Յաւերժական Երուսաղէմ – 8. Ծառուկեան Ու Եղիվարդ Դէմ Առ Դէմ

$
0
0

ԼԵՒՈՆ ՇԱՌՈՅԵԱՆ

Թերեւս աւելի ճիշդ պիտի ըլլար ըսել` «Նայիրի» ու Եղիվարդ դէմ առ դէմ: Որովհետեւ այն հակադրութիւնն ու թշնամութիւնը, որ իրարու դիմաց հանեց «Թուղթ առ Երեւան»-ի տաղանդաւոր հեղինակն ու երուսաղէմցի Եղիվարդը, եւ որ տարուէ տարուի սաստկանալով` վերածուեցաւ ծայրայեղ ատելութեան ու հասաւ աներեւակայելի համեմատութիւններու, իրականութեան մէջ սկիզբ առաւ «Նայիրի»-ի մէջ Պօղոս Սնապեանի հրատարակած շատ ցնցիչ մէկ յօդուածին պատճառով:

Այո՛, ցնցիչ յօդուած մը, որ բոլո՜ր ժամանակներուն համար պիտի մնայ գրական անօրինակ գայթակղութիւն մը:

Նախ յիշեցնեմ, թէ «Նայիրի»-ն գրական որակաւոր պարբերաթերթ մըն էր, որ սկսաւ լոյս տեսնել Հալէպ, 1941-ին, Անդրանիկ Ծառուկեանի խմբագրութեամբ: Կարճ ժամանակ անց անիկա վերածուեցաւ ամսագրի ու այդպէս շարունակուեցաւ մօտ տասը տարի, մինչեւ որ Պէյրութ փոխադրուեցան թէ՛ թերթը, թէ՛ խմբագիրը` հոն շարունակելու համար իրենց առաքելութիւնը երեսուն տարի եւս:

Եղիվարդ, «Նայիրի»-ի Ա. թիւէն սկսեալ, շուրջ երկու տարի, դարձաւ անոր մնայուն աշխատակիցը:

Ո՞վ կրնար չյուզուիլ սաղիմաբնակ վարդապետին սա տողերուն դիմաց.

Դուն ալ մեծցար, աղուորցար, ամէն օր քիչ մ՛աւելի
Ու լեցուցիր քեզմով զիս, առանց երբեք գիտնալու`
Արեւն ինչպէս կ՛ողողէ բիւր բաժակներ ծաղիկի:

Իր «Մագդաղինէն մեղրամոմէ» առջինեկ քերթողագիրքը կանուխէն գրախօսուեցաւ «Նայիրի»-ի մէջ ու ըսել տուաւ խմբագրին, թէ այդ գիրքը` «մաս կը կազմէ այլեւս հայ գրականութեան ապրելու սահմանուած գրացանկին»: Բարձր արժեւորում մըն էր ասիկա Ծառուկեանին կողմէ, որ դժուարահաճ գրագէտ էր ու իր ամսագրին մէջ ունէր «Հաշուեյարդար» խորագրեալ վախազդու սիւնակ մը, ուր անխնայ պատէ պատ կը զարնուէին անորակ գիրքերու հեղինակները…

«Նայիրի»-ի 1951-ի մարտ-ապրիլի թիւը ռումբի մը պայթումին համազօր եղաւ սակայն: Այդ թիւին մէջ Երուսաղէմի Ժառանգաւորաց վարժարանի 1949-ի շրջանաւարտներէն Պօղոս Սնապեան, այդ օրերուն` հազիւ 24 տարեկան գրեթէ անծանօթ տղայ մը, որ տարիներ ետք պիտի դառնար հռչակաւոր գրականագէտ ու Պէյրութի «Բագին» ամսագրի երկարամեայ խմբագիր, կը հրապարակէր տասնհինգ էջանի ընդարձակ ուսումնասիրութիւն մը, ուր ամբողջովին հարցականի տակ կ՛առնէր Եղիվարդի բանաստեղծի շնորհքը: Բազմաթիւ օրինակներով ան ցոյց կու տար, թէ Եղիվարդ բանաստեղծական իր չորս գիրքերուն մէջ շշմեցնող առատութեամբ բանագողութիւններ կատարած էր Յակոբ Օշականէն: Սնապեան վարագոյր մը կը պատռէր կարծէք ու արար աշխարհին կը յայտարարէր, որ «թագաւորը մերկ է»:

Յօդուածը կը կրէր արդէն բարացուցական վերնագիր մը. «Բանագող մը` Եղիվարդ»:

Ընթերցողներուն չափ խմբագիր Ծառուկեանն ալ շշմած էր ու շփոթած: Ան կ՛ըսէր, որ երկար ատեն մտմտուքի մատնուեցաւ, մինչեւ որ վերջապէս որոշեց հրատարակել Սնապեանին այս ուսումնասիրութիւնը ու պարագան յանձնել հանրութեան արժեւորումին:

Եղիվարդի բանագողութիւններուն մասին Սնապեանին ցոյց տուած ապացոյցները անվիճելի էին ու կարկամեցնող: Սնապեան «Նայիրի»-ի միեւնոյն էջին վրայ քով-քովի կը տեղադրէր թէ՛ Օշականի բանաստեղծութիւններէն հատուածներ ու տողեր, թէ՛ Եղիվարդին գիրքերէն քաղուած քերթուածներ ու տողեր: Օշականի ստորագրութիւնը կրողները գրուած ու տպուած էին տասը կամ աւելի տարիներ առաջ` բաղդատմամբ Եղիվարդի ստորագրածներուն: Եղիվարդ գրեթէ նոյնութեամբ ընդօրինակեր եւ իւրացուցեր էր վարպետին բանաստեղծութիւնները` թերեւս մտածելով, որ անոնք ցրուած ըլլալով զանազան հին պարբերականներու մէջ` չէին կրնար ուշադրութիւնը գրաւել մարդոց… Ահա՛ օրինակ մը.

Հողին պէս հեզ, հողին պէս դաշն
Մեր հերկերուն,
Ծոցին պէս պարզ, ծոցին պէս կոյս
Մեր լիճերուն,
Ինչպէս բաժակն երկնակնիք                            Ծաղկըներուն.
Ու ոսկեզարդ ինչպէս օրրանն
Մանկիկներուն…

(Յ. Օշական, «Այն օրերուն», ՍԻՈՆ, նոյ. 1935, էջ 357)

Հողին պէս հեզ, հողին պէս դաշն
Մեր հերկերուն,
Ծոցին պէս պարզ, ծոցին պէս կոյս
Մեր լիճերուն,
Ինչպէս բաժակն երկնակնիք
Ծաղիկներուն.
Ու ոսկեզարդ ինչպէս օրրանն
Մանկիկներուն…
(Եղիվարդ, «Անցորդը», 1946, էջ 18)

Ինչպէս կը տեսնուի, վարդապետը քաղեր էր վարպետին ծաղիկները ու զանոնք զետեղեր էր ի՛ր թաղարին մէջ… Սնապեան կը հեգնէր Եղիվարդը սա՛ տողերով.

«Եւ մտածե՜լ, թէ տակաւին Օշական կը գանգատէր, թէ զինք չեն կարդար… Եղիվարդին պէս հաւատարիմ ընթերցող մը ունենալէ ետք, այլեւս ի՞նչ պատճառ ունէր դժգոհելու: Ու այնքա՛ն հաւատարիմ, որ կարդալէ ետք իր գիրքերուն մէջ կը փոխադրէր կարդացածը… հաւատարմօրէն»:

Սնապեան իր ընդարձակ յօդուածը կը շարունակէր` բազմատասնեակ մէջբերումներ կատարելով բանագողութեամբ կորզուած տողերէ, հասնելով այն տխուր եզրակացութեան, որ` «գոյութիւն չունի Եղիվարդ անունով բանաստեղծ մը, այլ գոյութիւն ունի Օշականը կապկող ճարպիկ գրիչ մը, որ ըստ իր քմայքին, երբեմն հատուածները նոյնութեամբ կ՛արտագրէ, երբեմն աղաւաղելով կը փոխադրէ, բայց միշտ կը գործածէ անոր ոճն ու ձեւը»:

Այս ցնցիչ յօդուածը դեռ ունէր իր շարունակութիւնն ալ: «Նայիրի»-ի խմբագրութիւնը նկատել կու տար, որ Պօղոս Սնապեանի կողմէ իրեն յանձնուած էր ձեռագիր այլ ուսումնասիրութիւն մըն ալ, ուր այս անգամ կը մատնանշուէին Եղիվարդի ստորագրութեամբ տպուած, սակայն ուրիշներու պատկանող ԱՐՁԱԿ ԷՋԵՐ` առնուած դա՛րձեալ Օշականէն եւ Շահան Պէրպէրեանէն… Բայց «Նայիրի» զանց առած էր ատիկա, այնքան ալ շահեկան չնկատելով անոր հրապարակումը:

Այս գայթակղութեան ու նուաստացուցիչ մերկացումին դիմաց Եղիվարդ ի՞նչ զգաց, ի՞նչ տագնապ ապրեցաւ, դժուար է գիտնալ: Մէկ բան որոշ է ու յստակ. ան չդադրեցաւ բանաստեղծութիւններ գրելէ ու գիրքեր հրատարակելէ:

Իր «Դար մը գրականութիւն» հատորին մէջ (1977) Մ. Թէօլէօլեան զգուշաւոր լեզու մը կը գործածէ Եղիվարդի իւրացումներուն մասին, չ՛ուզեր, որ բանաստեղծի անոր դիմագծութիւնը աղարտի: Ուստի ան կը խուսափի «բանագողութիւն» բառն իսկ գործածելէ` ատոր փոխարէն օգնութեան կանչելով… «բանաքաղութիւն» բառը: Կարդա՛նք իր գրածը.

«Իր սկզբնական շրջանի էջերուն մասին տասնամեակներ առաջ բանաքաղութեան վերագրումով արտայայտուած կարգ մը վերապահութիւններ եւ նշումներ վճռաբար հերքելու ի վիճակի չենք, սակայն կը հաւատանք,  որ բանաստեղծ Եղիշէ պատրիարք արտաքին նպաստներու եւ անթացուպերու պէտք չունի  իր տաղանդը լրիւ արժեւորելու համար հոգեշունչ, հայրենատրոփ, իմաստասիրական թէ աշխարհասեւեռ ստեղծումներու մէջ…»:

«Նայիրի»-ի պայթեցուցած ռումբը խրամատ մը բացաւ անշուշտ Ծառուկեանի ու Եղիվարդի միջեւ: Ու անոնք ա՛լ առիթ չփախցուցին զիրար դատափետելու, զիրար յօշոտելու…

(Հալէպ)

Յաւերժական Երուսաղէմ – (9). Երուսաղէմի «Թշուառական»-ը Ու «Նայիրի»-ի Քոթոթը…

$
0
0

ԼԵՒՈՆ ՇԱՌՈՅԵԱՆ

Եղիշէ պատրիարք Տէրտէրեան (1960)

Գզվռտուկը «Նայիրի»-ի ու Եղիվարդի միջեւ եղաւ շատ բուռն ու մոլեգին:

Ծառուկեանի համար Եղիվարդ այլեւս «Երուսաղէմի թշուառական»-ն էր, փոխադարձաբար ալ` Եղիվարդ Ծառուկեանը անուանեց… «Նայիրի»-ի քոթոթը»: Բայց այս արտայայտութիւնները, երկուստեք, ամէնէն մեղմերն էին:

1951-ի այն օրէն ասդին, երբ բացայայտուեր էին Եղիվարդի բանագողութիւնները, Ծառուկեան ա՛լ վերջնականապէս կռնակ դարձուց իր երբեմնի աշխատակիցին ու առիթ չփախցուց զայն կսմռթելու: 1956-ին ծայր տուած Երուսաղէմի տագնապը, սակայն, բազմաթիւ նոր առիթներ ստեղծեց Ծառուկեանին համար, որպէսզի ան «Նայիրի»-ի սիւնակներէն հրապարակաւ պարսաւէ Եղիշէ եպիսկոպոսը ու թերթին մէջ տեղ տայ իրեն գաղափարակից այլ յօդուածագիրներու պախարակող գրութիւններուն եւս` միշտ նպատակ ունենալով մատնանշել իր թիրախին «ապօրէնութիւններն ու անօրէնութիւններ»-ը:

Ծառուկեանը փոլեմիքի սիրահար մարդ էր: Իր կծու ու հեգնական ոճով դիւրաւ կրնար ըմբերանել դիմացինը:

Բայց «դիւրին պատառ» չէր նաեւ… միւսը: Եղիվա՛րդն ալ գրչի տէր էր արդարեւ, նոյնքան կծու ու խայթող, որքան` Ծառուկեանը, բայց հաստատօրէն` աւելի՛ կատաղի ու ջղագրգիռ, աւելի՛ սահմանազանց ու անհակակշիռ:

Այս գրչապայքարին մէջ Ծառուկեանը անհամեմատօրէն աւելի բախտաւոր կը սեպուէր անշուշտ` շնորհիւ իր սեփական թերթին` «Նայիրի»-ին, որ Սուրիա-Լիբանանէն մինչեւ Եւրոպա ու Ամերիկա` համակիրներու լայն շրջանակ ունեցող եւ ուշադրութեամբ կարդացուող շաբաթաթերթ մըն էր: Մինչդեռ Եղիվարդ,  վանքէն հեռացուած շրջանին (չորս տարի), զրկուած կը թուէր ինքնապաշտպանութեան միջոցներէ: Իր համակիրները, վանքէն ներս թէ դուրս, թիւով քիչ էին: Սփիւռքահայ մամուլին մէջ զինք կը յորջորջէին «Ռասփութին» (ռուսական արքունիքի տխրահռչակ վանականը), «Կայէնատիպ», «Սադայէլ» եւ այլ նուաստացուցիչ մակդիրներով: Իսկ ինք կը համբերէր այս բոլորին, թերեւս ալ` քմծիծաղ մը ունենալով շրթունքին վերեւ…

Բայց, ինչպէս տեսանք արդէն, կացութիւնը հիմնովին շրջուեցաւ ի նպաստ իրեն, ու ինք 1960-ի մարտին աքսորէն վանք վերադարձաւ յաղթական, միաբանութիւնը ենթարկեց իրեն, անմիջապէս վերստին ձեռք առաւ տեղապահի իր երբեմնի պաշտօնը, յետոյ ալ անյապաղ պատրիարք ընտրուեցաւ:

Եղիվարդ ա՛լ պահը յարմար նկատեց հակադարձելու իր թշնամիներուն: Հիմա այլեւս իր տրամադրութեան տակ ունէր գրաւոր բեմ մը` «Սիոն» ամսագիրը, որուն էջերէն սկսաւ նիզակ ու սուր ճօճել իր հակառակորդներուն դէմ` խտիր չդնելով գրավէճի ընդունելի ու անընդունելի կերպերուն միջեւ: Բառարաններէն դուրս բերաւ հայերէն լեզուի ամէնէն խոցահարիչ բառերը` անոնցմով քարկոծելու համար իր ընդդիմադիրները: Առիթով մը, բացայայտօրէն գրած էր արդէն. «Մենք կը թքնենք բերանը անոր, որ մեզի բարոյականի դասեր կը փորձէ տալ, եւ մեր թուքը դիւրին չի չորնար»... (Խմբագրական, «Սիոն», նոյեմբեր 1960, էջ 292):

Եղիվարդի հակազդեցութիւնը մա՛նաւանդ «Նայիրի»-ի դէմ շատ ծանր եղաւ:

Պատմութեան համար թերեւս շահեկան պիտի չըլլար լրագրական այսպիսի գրչապայքարի մը վերյիշումը, եթէ հակամարտող զոյգ կողմերը մտաւորական դէմքեր չըլլային: Ծառուկեանը սփիւռքահայ գրականութեան ամէնէն սիրուած անուններէն մէկն էր, հեղինակը` «Մանկութիւն չունեցող մարդիկ»-ի, իսկ Եղիվարդ վերջապէս պատրիարք մըն էր, նուիրապետական աթոռի մը գահակալը, նաեւ` քերթողագիրքերու հեղինակ ու «Սիոն»-ի խմբագիր:

Շատ պիտի չծաւալիմ այս վէճին մանրամասնութիւններուն մէջ: Պիտի տամ տուեալ գրչապայքարէն երկու նմուշ միայն:

Իմ գրասեղանին վրայ ունիմ «Նայիրի»-ի քանի մը թիւեր, 1960 թուականէն: Անոնց մէջ Եղիվարդի դէմ ծանր գրութիւններ ունի Ծառուկեանը, բայց նոյնքան ծանր երկու գրութիւններ ալ` Շնորհք եպս. Գալուստեան, Կ. Պոլսոյ աթոռին ապագայ պատրիարքը:

Պէտք է ընդունիլ, որ Շնորհք եպիսկոպոսի գրութիւնները իսկական վաւերաթուղթեր են` պարզաբանելու համար «Երուսաղէմի տագնապ»-ին բոլոր ծալքերը, տրամաբանական մերձեցումով, անսայթաք դատողութեամբ, հարազատ նկարագրութեամբ ու վճիտ վերլուծումով մը, որոնք գրողի իր ցայտուն յատկանիշերն են արդէն: Բայց Շնորհք եպս. Եղիվարդի գրչին տակ պարզապէս «բարոյականի անՇնորհք քարոզիչ» մըն էր…

Իսկ Ծառուկեանի գրութիւններէն գէթ մէկը, եկէ՛ք, կարդանք միասին.

– Հրապարակներուն վրայ մերկ վազվզող փրփրած խենթերը ի՞նչ կ՛ընեն. Կը բռնեն, կը կապկպեն, խենթանոց մը կը նետեն:

Կը պատահի նաեւ, որ պատրիարք ընեն:

Ահա Երուսաղէմինը: Պարզ խենթ մը չէ այլեւս: Լուսնոտութեան եւ մտային խանգարումի վիճակ մը կը պարզէ` սուր ջղագարութեան մը բացայայտ նշաններով, հաւանօրէն հետեւանք` գէշ դարմանուած վեներական ախտերու: Առաջ հակակրելի էր միայն: Հիմա մեղքնալիք է պարզապէս: Տարիներու լարուածութենէ մը ետք ջիղերը մէկէն լքած են զինք: Պայքարող մարդ մըն էր առաջ, գէշ մարդ մը` անշուշտ, բայց` մա՛րդ մը վերջապէս, որ եղունգներովը կը կառչի նպատակի մը: Այժմ, հասնելէ ետք աթոռին, վերածուած է անճանաչելի բանի մը: Մարդ մըն է ու մարդ մը չէ, տեսակ մը զարտուղութիւն` բնութենէն, միջին սեռ մը, որ ո՛չ արու է, ո՛չ էգ, ո՛չ խելացի է, ո՛չ անխելք, ո՛չ չար է, ո՛չ բարի: Մտաւոր եւ ֆիզիքական իր բոլոր կարողութիւնները լարուած ըլլալ կը թուին միակ ձգտումով մը.  խայտառակել… ինքզի՛նքը («Նայիրի», 4 դեկտ. 1960):

Այս նախաբանէն ետք Ծառուկեանը կը յիշեցնէր, որ տարիներ առաջ, երբ Եղիվարդ իմացաւ, թէ «Նայիրի» ամսագրին մէջ պիտի հրատարակուէր իր բանագողութիւնները բացայայտող ծանօթ յօդուածը, նախ եկեղեցական ու աշխարհական միջնորդներ ղրկեց «Նայիրի»-ին` զայն տարհամոզելու համար, որ հրաժարի Պօղոս Սնապեանի գրութիւնը հրատարակելու իր դիտաւորութենէն: Միջնորդութիւնները ապարդիւն մնացին: Ուստի Եղիվարդ քանիցս անձամբ եկաւ Պէյրութ` դրամական խայծերով կաշառելու Ծառուկեանը: Չյաջողեցաւ: Յետոյ փորձեց «Նայիրի»-ի խմբագիրը Երուսաղէմ հրաւիրել` զայն սիրաշահելու յոյսով: Նորէ՛ն չյաջողեցաւ:

Իր այս անտեղիտալի կեցուածքով Ծառուկեանը կը հաւատար, որ «Նայիրի»-ն ստանձնած էր` «ճշմարտութիւնը իր ընթացքին մէջ պահելու դերը` բովանդակ սփիւռքի հայ մամուլին մէջ»: Ինք գիտէր, թէ ապերախտ դեր մըն էր ատիկա, որ սակայն` իր «գրչին ու խղճին հետ հաշտ ըլլալու գոհունակութիւնը» կը պարգեւէր իրեն («Նայիրի», 25 դեկտ. 1960):

Հիմա ալ, եկէ՛ք, տեսնենք, թէ ի՛նչ եղաւ հակազդեցութիւնը Եղիվարդին:

«Սիոն»-ի էջերը 1960 յունիսէն սկսեալ լեցուն են այդ հակազդեցութիւններով:

Լրագրական բարքերու տեսակէտէ, երեւոյթը աննախընթաց է, որովհետեւ վանական այս պաշտօնաթերթին խմբագիր-պատրիարքը չափի ու պատշաճութեան բոլո՜ր սահմանները քանդած էր:

Պիտի արտագրեմ միակ օրինակ մը: Բայց առ ի գիտութիւն ըսեմ, թէ Եղիվարդ միշտ համոզուած էր, որ Երուսաղէմի աթոռին դէմ դաւադրութիւններ սարքող «եպերելի խմբակ» մը կայ, որուն գլուխը «Պոլսոյ մաղձաշնորհ պատրիարքն է» (կ՛ակնարկուի ծերունազարդ Գարեգին արք. Խաչատուրեանին), իսկ պոչը` «Նայիրի-ի քոթոթը»: Այս վերջինն ալ… Ծառուկեանն է:

Ու անոր մասին Եղիվարդ կը գրէ.

– Այս վերջինը շատ ծանր գտած է իր պոչին տրուած հարուածը եւ ուժգին ոռնոցներով լեցուցած է իր թերթուկին էջերը` իրեն վայել հաջոցներով:

Թող ներուի մեզի այս բացատրութիւնը` բարացուցելու համար այս լիրբին կեցուածքը, որ տասը տարիներէ ի վեր «Նայիրի»-ի փողոցին մէջ պպզած, ցռուկը դէպի Երուսաղէմ, կը հաջէ անդադար, օր մը` գրականութեան հաշուոյն, օր մը` կուսակցական նպատակներով, օր մը` վճարուած ըլլալու ուրախութեամբ եւ ուրիշ օր մը` վճարուած չըլլալու տրտմութեամբ:  

… Ըսած էինք, որ քոթոթներու չենք պատասխաներ, այլ հոշտ մը կ՛ըսենք ու կ՛անցնինք, սակայն այս վճարուած աներեսը, ինչպէս կ՛երեւի, դիւրին հասկցող մը չէ, հետեւաբար ո՛չ թէ իրեն, այլ իր տէրերուն ուղղուած կը նկատենք մեր այս տողերը` համաձայն ժողովրդային ասութեան, թէ` «շունին փայտը քաշէ, բայց տէրը յիշէ…»:

Ամբողջ գրութիւնը կը շարունակուի այս ոճով ու բառամթերքով: Եղիվարդ Ծառուկեանը կը կոչէր դրամաշորթ, պնակալէզ, վաշխառու, աղտոտ բերան, խեղանդամ, կոյուղիապետ, համազգային ձեռնածու եւ այլն, եւ այլն («Նօթք եւ նիշք», «Սիոն», 1960 դեկտեմբեր, էջ 343 ):

Լրագրական ինչպիսի՜ բարքեր ապրեր ենք 55-60 տարի առաջ…

Հալէպ


Յաւերժական Երուսաղէմ – 10. Տիւ Ու Գիշեր` Ձեռագրերու Մտերմութեան Մէջ

$
0
0

ԼԵՒՈՆ ՇԱՌՈՅԵԱՆ

Պողարեան սրբազան՝ իրեն այնքան սիրելի ձեռագրերու եւ հնատիպ գիրքերու մտերմութեան մէջ

Մեծ եղեռնէն փրկուած այնթապցի երկու օծակից քահանաներ էին անոնք`  Ներսէս քհնյ. Թաւուքճեան եւ Գարեգին քհնյ. Պողարեան:

Շուրջ տարի մը տեւած Այնթապի ինքնապաշտպանական մարտերէն ետք (1921), անոնք Հալէպ հաստատուեցան ընտանեօք, մինչ իրենց զաւակներէն երկուքը ղրկուեցան Երուսաղէմ` իբրեւ սան տեղւոյն Ժառանգաւորաց վարժարանին: Տարին 1922-ն էր:

Ժառանգաւորացը վերակազմակերպումի նոր շրջան մը թեւակոխած էր այդ օրերուն` Դուրեան պատրիարքի եւ Կիւլէսէրեան Բաբգէն եպիսկոպոսի հսկողութեան ներքեւ: Այնթապցի զոյգ սաները, երկուքն ալ ուշիմ ու յառաջադէմ, ուսանեցան այնտեղ վեց տարի ու ի վերջոյ որոշեցին զինուորագրուիլ Սրբոց Յակոբեանց միաբանութեան: Դուրեան պատրիարք Ս. Քաղաքի իր առաջին այս սաները աբեղայ ձեռնադրեց 1928 յունիսին, իրենց քահանայ հայրերո՛ւն իսկ ներկայութեամբ, որոնք Հալէպէն Երուսաղէմ ժամանած էին յատկապէս: Ցնծալից օր մը եղաւ ատիկա հայ Երուսաղէմի համար: Նորօծ միաբանները կոչուեցան Տիրան եւ Նորայր:

Տիրան վրդ. իր օտարահունչ մականունը շուտով փոխեց «Ներսոյեան»-ի, իսկ Նորայր վրդ. աւելի ուշ նախընտրեց օգտագործել «Ծովական» գրչանունը:

Երկուքն ալ արդիւնաշատ պտղաբերութեամբ գործեցին Հայ եկեղեցւոյ ծոցին մէջ, երկա՜ր տարիներ, թէեւ` աշխատանքի տարբեր ուղղութիւններով:

Տիրան սրբազան մնաց Երուսաղէմի «ընտրեալ պատրիարք»-ը` առանց կարենալ գահակալելու: Ստիպողաբար անցաւ Ամերիկա ու Նիւ Եորքի մօտերը հիմնեց Ս. Ներսէս Ընծայարանը` նոր հոգեւորականներ պատրաստելու համար ամերիկահայ թեմերուն: Իսկ Նորայր սրբազան գրեթէ իր բովանդակ կեանքը անցուց Երուսաղէմի մէջ ու դարձաւ մեր ամէնէն հմուտ ու հռչակաւոր ձեռագրագէտը:

* * *

Նորայր արք. Ծովականին անունը անքակտելիօրէն կապուած է Երուսաղէմի հայոց պատրիարքութեան ձեռագրատան հետ: 1950-էն մինչեւ 1992, աւելի քան 40 տարի ան տեսուչն եղաւ այդ դարաւոր ու հարուստ ձեռագրատան, զննեց եւ ուսումնասիրեց բոլոր ձեռագրերը մի առ մի` արտասովոր համբերութեամբ, յետոյ ալ սկսաւ ցուցակագրել զանոնք մանրամասն նկարագրութեամբ: Զուտ գիտական սպառիչ աշխատանք մըն էր ասիկա, որուն դիմաց մարդ միայն կ՛ապշի ու կը զարմանայ:

Անհատ մը, միա՛կ անհատ մը ինչպէ՞ս կրնայ հազարաւոր ձեռագրեր «մաղէ անցընել» ու ներկայացնել անոնց պարունակութիւնը անջատ-անջատ, երբ գիտենք, որ նմանօրինակ մեծղի աշխատանքներ ընդհանրապէս հաւաքական ճիգով յառաջ կը տարուին: Պողարեան սրբազան, փաստօրէն, առանձինն ակադեմական ամբողջ հաստատութեան մը գործը իրականացուց: Ու երբ 1966-էն սկսեալ Սրբոց Յակոբեանց տպարանէն հերթաբար սկսան լոյս տեսնել «Մայր ցուցակ ձեռագրաց Սրբոց Յակոբեանց»-ի հաստափոր ու պատկառելի հատորները, գիտական աշխարհը զմայլեցաւ այս գործին տարողութեան ու մեծութեան դիմաց: Ի զուր չէ, որ Հայաստանի Հանրապետութեան Ա. նախագահը` Լեւոն Տէր Պետրոսեան, երբ 6 նոյեմբեր 1995-ին Երուսաղէմ կ՛այցելէր ու պահ մը կը հիւրընկալուէր հայոց պատրիարքարանին կողմէ, փափաք կը յայտնէր անպայման հանդիպիլ ծերունազարդ ձեռագրագէտ վանականին` անոր անձնական համեստ սենեակին մէջ: Նախագահը, ինք եւս ձեռագրագէտ ու Մատենադարանի նախկին գիտաշխատող, կը խոնարհէր 91 տարեկան Պողարեան սրբազանի ազազուն կազմուածքին առջեւ ու կ՛ըսէր. «Եկած եմ ձեր ձեռքը համբուրելու…»:

Պողարեանի «Ցուցակ»-ները պարփակուեցան 11 հատորներու մէջ, որոնց հրատարակութիւնը տեւեց 25 տարի, 1966-1991: Լիզպոնի «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութիւնը իր կնիքը դրաւ այս պատուական շարքին վրայ` իբրեւ մեկենաս ու հրատարակիչ: Այս 11 հատորներէն ի յայտ կու գար, որ անոնց ձեռագրագէտ հեղինակը ցուցակագրեր ու ներկայացուցեր էր մեզի Երուսաղէմի հայոց վանքին մէջ պահպանուած 3890 ձեռագրեր…

Անոնք, որոնք ժամանակակիցները եղան Պողարեան սրբազանին, կը վկայեն, որ ձեռագրերն ու հնատիպ մատեանները միախառնուած էին անոր կեանքին հետ: Իր «մտերիմ»-ները միջնադարեան գրիչներն ու ծաղկողներն էին միայն, որոնցմէ դուրս գրեթէ ընկերային շրջանակ չունէր: Կը պատմուի, որ ան անգիր գիտէր մէն մի ձեռագրի պարունակութիւնը, գրառումի դարաշրջանը, ձեռագրին փրկութեան ոդիսականը… Ինք ձեռագրատան ո՛չ միայն տեսուչն էր, այլեւ` անոր շունչն ու հոգին, հոն դասդասուած հազարաւոր մատեաններու պահապան հրեշտակը:

Օր մը հարցուցեր են իրեն.

– Սրբազա՛ն, մէկը չհասցուցիք, որ ձեզի օգնէ եւ ձեր գործը շարունակէ:

Ցաւագին շեշտով մը պատասխաներ էր.

– Փափաք յայտնող մը չեղաւ…

Ու հիմա կ՛ամփոփեմ իր կենսագրականը.

Նորայր արք. Պողարեան ծնած էր Այնթապ, 1904-ին: Նախակրթութիւնը ստացած էր տեղւոյն Վարդանեան վարժարանը: Երուսաղէմի մէջ աբեղայ ձեռնադրուելէ անմիջապէս ետք, երկու տարի (1928-30) աստուածաբանական բարձրագոյն ուսման հետեւած էր Անգլիա (ի Մանչեսթըր եւ Լոնտոն), իր օծակից Տիրան վարդապետին հետ միասին:

Երուսաղէմ վերադառնալէ ետք, գրեթէ մինչեւ իր կեանքին վերջը, ծառայած է հո՛ն տեւաբար, բացի այն հինգ տարիներէն (1935-40), երբ Անթիլիասի դպրեվանքին տեսուչ նշանակուեր է` Բաբգէն աթոռակից կաթողիկոսին հրաւէրով ու Երուսաղէմի Գուշակեան պատրիարքին արտօնութեամբ: Այս միջանկեալ շրջանին վարած է միաժամանակ կաթողիկոսարանի «Հասկ» պաշտօնաթերթին խմբագրութիւնը, ինչպէս նաեւ հսկած է վախճանեալ Բաբգէն կաթողիկոսի «Պատմութիւն կաթողիկոսաց Կիլիկիոյ» հսկայակազմ հատորին տպագրութեան (1939):

Երկար տարիներ ուսուցչագործած է թէ՛ Երուսաղէմի Ժառանգաւորացին, թէ՛ ալ Թարգմանչաց վարժարանին մէջ: Ի դէպ, հալէպաբնակ իր եղբայրը եւս` Գրիգոր Պողարեան, եղած է կրթական բեղուն մշակ մը, երկարամեայ տնօրէն` Կրթասիրաց վարժարանին:

Եպիսկոպոս ձեռնադրուած է 1951-ին, Ս. Էջմիածին, Գէորգ Զ. կաթողիկոսի ձեռամբ` օծակից ունենալով ապագայ Վազգէն Ա. հայրապետն ու Եղիշէ (Եղիվարդ) պատրիարքը:

Պաղեստինէն դուրս Պողարեան սրբազան չէ ունեցած հովուական որեւէ ծառայութիւն: Բնութեամբ եղած է հանդարտաբարոյ, խառնուածքով` զգուշաւոր ու մենասէր, ոչ զուարթախոհ: Երուսաղէմի վանքին մէջ ծագած մեծ ու փոքր զանազան տագնապներուն, կագ ու կռիւներուն եւ վէճերուն մասնակից կամ «կողմ» չէ եղած առհասարակ: Նախընտրած է գլուխը հակել իր սիրելի ձեռագրերուն վրայ, քիչ խօսիլ, կարճ ու կտրուկ նախադասութիւններով ըսել իր ըսելիքը ու քալել…

Բոլորին ծանօթ եղած է իր ծայրայեղ ու անշեղ կարգապահութիւնը` թէ՛ իր անձին նկատմամբ, թէ՛ ալ վանական օրէնքներուն հանդէպ: Ամբողջ կեանքը բաւարարուած է վանական համեստ խուցով մը, ուր անհրաժեշտ իրերէ զատ` ոչինչ կը տեսնուէր… Աւանդասէր, աւանդապահ ու աւանդապաշտ եղած է միաժամանակ: Գարեգին Ա. Ամենայն Հայոց հայրապետը հետեւեալ տողերով բնութագրած է զինք.

– Եղիշէ պատրիարք Դուրեանէն, Թորգոմ պատրիարք Գուշակեանէն, Բաբգէն կաթողիկոս Կիւլէսէրեանէն ուղղակիօրէն իր ժառանգած կրօնաթոյր ու հայաշունչ ոգին եւ Մաղաքիա Օրմանեանի գիտական վաստակէն իր քաղած ուղղութիւնը մնացին իր մէջ այնպէս առողջ եւ առոյգ, որ ո՛չ ժամանակը եւ ո՛չ ալ արդիապաշտ մտայնութեան ու կենցաղակերպի փորձութիւնները կրցան տժգունել թարմութիւնն այդ ժառանգութեան եւ նուազեցնել ուժգնութիւնը իր սիրոյն եւ յարգանքին Հայց. եկեղեցւոյ դարաւոր աւանդութեան հանդէպ («Սիոն», յուլիս-դեկտ. 1997):

Պողարեան եղած է հայ Երուսաղէմի ամէնէն երկարակեաց միաբաններէն մին: Ու իր այս երկարակեցութեան շնորհիւ` բախտն ունեցած է տեսնելու պատրիարքական գահ բարձրացող վեց գահակալներ (Դուրեան, Գուշակեան, Մեսրոպ Նշանեան, Կիւրեղ Իսրայէլեան, Եղիշէ Տէրտէրեան եւ Թորգոմ Մանուկեան):

* * *

Թող չկարծուի բնաւ, որ Պողարեան սրբազան միմիայն ձեռագրերով զբաղեցաւ: Ո՜չ: Գրաբար լեզուի իր հմտութիւնը ու հնատիպ գիրքերու հետ ամէնօրեայ շփումը իր մէջ խմորած ու կազմաւորած էին նաեւ հմուտ բանասէրը, մատենագէտը, հնախոյզը եւ կրօնագէտը: Իր անհամար յօդուածները տասնամեակներ շարունակ զարդարեցին առաւելաբար «Սիոն»-ի էջերը, բայց նաեւ` «Հասկ»-ի, «Էջմիածին»-ի ու այլ պարբերականներու սիւնակները: Առատ նիւթեր կը հաւաքէր հին մատենագիրներու, գրիչներու, տաղասացներու կամ կազմարարներու մասին, կը խօսէր հին վանքերու, հազուագիւտ վաւերագրերու, ծիսական ու կանոնագիտական հարցերու շուրջ, կը սիրէր կատարել բնագրային ճշդումներ:

Իր յօդուածները առհասարակ ամփոփ էին: Կը պակսէին իրեն նկարագրական ու պատմողական առինքնող ոճն ու գրական դարձուածքները, եւ ասիկա թերեւս իր գլխաւոր թերութիւնն էր:

Իր գիրքերուն անունները գաղափար մը կու տան, թէ ինչպիսի՛ նիւթերու շուրջ կը դեգերէր Ծովական Նորայր արքեպիսկոպոս. «Հայ գրողներ (Ե.-ԺԷ. դար)» (1971), «Կորիւն վարդապետի երկերը» (1984), «Հայ նկարողներ (ԺԱ.-ԺԷ. դար)» (1989), «Ծիսագիտութիւն» (1990), «Կանոնագիտութիւն» (1992), «Կրօնագիտութիւն» (1992), «Հայ գրիչներ (Թ.-ԺԷ. դար)» (1992), «Հայ եկեղեցւոյ հաւատոյ հանգանակները» (1993), «Վանատուր» (բանասիրական յօդուածներու ժողովածու-1993) «Ժամանակագրութիւն (ԺԶ. դար)» (1996), «Սաղիմական» (1998) եւ այլն, եւ այլն:

Այս վաստակաւոր ու անխոնջ գրիչը իր աչքերը լոյսին փակեց 19 դեկտեմբեր 1996-ին, Երուսաղէմ, 92 տարեկանին:

 

 

 

 

Ներածութիւն. Աքսորի Գրականութիւնը Եւ Բաղդատական Մօտեցումը

$
0
0

Մեր աշխատանքը ուսումնասիրութեան առարկայի օրինավիճակ մը կ՛ընծայէ հայ գրականութեան կեդրոնի մը, ըսենք` Փարիզին, ուր սփիւռքեան այս փորձառութիւնը ամէնէն խոր կերպով արձանագրուած է եւ յատուկ է սերունդի մը որ ծնած է դարուն սկիզբը, պատմական Հայաստանի, կամ Կ. Պոլսոյ մէջ: Ֆրանսահայ գրականութիւնը եզակի է, այն իմաստով որ զանցելով պարզ միգամածի փուլը, յանկարծակի բիւրեղացումով մը դիմած է դէպի «հնոց» մը, դառնալու համար «յառաջապահ» հոսանք: Ան առած է այն ընդհանուր համածիրը որ Յ. Օշական «Փարիզի դպրոցը» կը կոչէ. հարկ չկայ այս արտայայտութեան տալու միատարր խմբակի մը իմաստը, որ յօրինէր ու հռչակէր որոշ գեղագիտութիւն, մշակէր գրական ստեղծումի օրէնքներ ու չափանիշեր: Հաւանօրէն, պարզ դիպուածով մը չէ որ Փարիզի մէջ իսկ քով քովի եկած են տասնեակ մը երիտասարդ գրագէտներ, դիմագրաւած` աքսորը, ինքնութեան տագնապը, կամ յայտնաբերած երկակի պատկանելիութիւնը:

Վարկածաբար կարելի է ըսել. հոն ուր արեւմտեան աշխարհին հետ առճակատումը ամէնէն սաստիկն է, այդ առճակատումը համարկելու ջանքը եւ ինքն իր անձին հարցադրումը ամէնէն արդիւնաւէտը եղած են: Հատումը վերածուած է ինքնութեան եւ երկերու ստեղծիչի:

Ինչպէս անունը կը նշէ, ֆրանսահայ գրականութիւնը ծնած է աքսորի կամ/ եւ հիւրընկալ հողի վրայ: Ան մասնաւորապէս հետաքրքրական պարագայ մը կը կազմէ, ոչ միայն գրական դիտանկիւնէն, այլ նաեւ ազգագրական, ընկերաբանական, հոգեվերլուծական տեսանկիւններէն. որովհետեւ հարցը կը վերաբերի հողային հաւանական կամ անհրաժեշտ կապերէ ձերբազատ եւ խորհրդանշական վայր մը գտնելու հետամուտ արտադրութիւններու ամբողջութեան մը: Այս իրողութիւնը զառանցանքի նկարագիր մը տուած պիտի ըլլար տրամասութեան (discours), եթէ յիշողութիւնը որ կը ծնի իր հետ, չունենար իր ստոյգ յղումները անցեալի դէպքերուն եւ շրջապատի աշխարհին առօրեայ իրականութեան: Մեր գործը աղէտէ մը ճողոպրածներու պատկանող գրականութեան մը հետ է: Հողազուրկ գրականութիւն մը` որ աղէտի ենթախորքին վրայ կը յայտնուի եւ ատով կրնայ բնութագրուիլ իբրեւ «յետաղէտեան»: Պարզելով աքսորի եւ օտարութեան հայկական փորձառութիւն մը, որ մարդիկ ապրած են իրենց կեանքի գնով, այդ կեանքը երբեմն վտանգելու աստիճան, այդ գրականութիւնը այս փորձառութենէն կը հանէ օտար աշխարհի տեսութիւն մը եւ ինքնութեան ըմբռնում մը,  առաւել կամ նուազ գիտակցուած ու թեմայացուած, որ հարկ պիտի ըլլայ բացայայտել: Սակայն, սփիւռքեան այս փորձառութիւնը որուն առանձնաշնորհեալ վկան ու թատերաբեմն է գրականութիւնը, կը հետաքրքրէ այն բոլոր մարդիկը որոնք այս դարուն ամենատարբեր աղէտներով փշրուած են եւ քշուած` անելանելի աքսորի մը ճամբաներուն վրայ:

Սփիւռքի այս գրականութիւնը կրնայ «իտէալ» նիւթ մը նկատուիլ բաղդատական գրականութեան համար: Այն որ զարգացած է Ֆրանսայի մէջ կը համապատասխանէ ֆրանսական գրականութեան ամէնէն ճոխ շրջաններէն մէկուն որ 1920-ական թուականներու գերիրապաշտութենէն կ՛երկարի 1970-ականներու կառուցապաշտութիւնը, անցնելով` դիմադրական, ապա յանձնառու գրականութենէն, գոյապաշտութենէն ու «Նոր վէպ»-էն: Գրական շարժումներու նման յաջորդականութիւն չէր կրնար անդրադարձներ չունենալ Փարիզի հայ գրողներուն մօտ: Յղումները, մէջբերումները, փոխմիջնորդումները, փոխանակումները մեծաթիւ են ու սերտ, նոյնիսկ երբ հազուադէպ են թարգմանութիւնները: Ֆրանսական ներազդումը (prégnance) տեւական ծածկակայուն ներկայութիւն է, որ հարկ է պահել ուշադրութեան կեդրոնին: Մեր ուսումնասիրութեան շրջանակը չ՛արտօներ զբաղիլ խորապէս անոնցմով: Ա. Ժիդին, Պ. Վալերիին, Գ. Ապոլինէրին, Բ. Սանդրարին, կամ գերիրապաշտներուն, գոյապաշտութեան, կամ «Նոր վէպ»-ին դրոշմը քննել անհրաժեշտ ու մեծապէս հետաքրքրական աշխատանք մըն է, որ սակայն լայնօրէն կը զանցէ մեր նախանշած սահմանները: Սակայն եւ այնպէս, պիտի յիշատակուին այս փոխմիջնորդումները, ստէպ-ստէպ եւ ոչ համակարգային կերպով:

Արդարեւ` եթէ կը բացառենք մանրամասն բաղդատականներ ընել, որոշ նմանութիւններ ընդգծելով հանդերձ, պատճառը այն է, որ մեր ուշադրութիւնը կը սեւեռենք ուղղիչ կարգ մը սխեմաներու. զօդերը, ագոյցները, շփումները, որոնք մեր հեղինակները յաճախ կը կոչեն «պատուաստ», «ներածում», «ներմուծում», կամ պարզապէս «թարգմանութիւն», այսինքն` փոխադրում, բայց ո՛չ միայն լեզուական: Այս մոթիւներուն տակ գտնուածը թէ՛ գոյութեան գետնին վրայ Այլին հետ յարաբերութեան հարցն է, թէ՛ գրական կամ մշակութային գետնի վրայ այլութեան հետ յարաբերութիւնը:

Հասկնալի է որ հարցը երբեք չի վերաբերիր աւանդական դարձած «ազդեցութիւններու» որոնումին, որ գրականութեան պատմութեան աշխատաւորներուն համար յաճախանքի մը բնոյթն ունէր ատենօք: Վաղուց է որ բաղդատական մեթոտը խնդրականացուցած է «ազդեցութիւն» յղացքը, հրաժարած միուղի ազդումի գաղափարէն, անոր տեղ դրած «շփում», «փոխադարձ շաղկապում», «անցք», «փոխադրութիւն-վերստեղծում» եւ այլ յղացքներ, որոնք երկու գրութիւններու միջեւ գտնուող յարաբերութիւնը չեն վերածեր կրաւորական ստացումի, սոսկական կապկումի, առանց հակազդեցութեան, վերաձեւաւորումի, խթանի:

Վերջապէս, լման ուսումնասիրութիւն մը կայ կատարելիք Ֆրանսայի մէջ գրական հայերէնի զարգացման նիւթով. բառապաշարին եւ մասնաւորաբար «երկլեզու» կամ զուգահեռ գրութեան մասին որ նախ` վէպերու մէջ որպէս «տեղական գոյն», յետոյ` հետզհետէ մնայուն ջանքի ձեւով կը կազմաւորէ գրական խօսքն ու տրամասութիւնը: Ֆրանսերէնը կ՛ընկերանայ հայերէնին եւ ի յայտ կու գայ հանգուցային կէտերու վրայ, որպէս յղումի լեզու: Խորհրդանշական կարգին մէջ` Այլը նաեւ լեզուախօսութիւն մըն է (langage):

Մեթոտի Մասին

Մեր նպատակը կրկնակ է. մէկ կողմէ` գրականութեան «պատմութիւն» մը, միւս կողմէ` մեծ թեմայի մը ուսումնասիրութիւնը: Պիտի փորձենք ցոյց տալ որ այդ թեման եւ պատմութիւնը կ՛ընդելուզուին, կ՛արձագանգեն իրարու, պատմութեան հարցը կապուած ըլլալով օտարութեան մէջ արմատաւորումի մը, այդ պատմութիւնը ինքն իսկ յաճախ ըլլալով գրականութեան ատաղձը:

Փորձել պատմութիւնը գրել անկայուն, խուսափուկ առարկայի մը եւ ձեռնարկել թեմայի մը ուսումնասիրութեան, մարտահրաւէր մըն է, որ կ՛առաջադրենք դիմագրաւել: Նոյնէն Այլին հարցին ուսումնասիրութիւնը անկարելի կ՛ըլլար եթէ պատմութիւնը ուրուագծուած չըլլար: Արդէն անոնց յարաբերութեան զարգացումը պտուղն է պատմական հոլովոյթի մը որ չենք կրնար անգիտանալ, նոյնիսկ եթէ չենք յաւակնիր ամբողջական հասկացողութեան մը: Միւս կողմէ, ընթերցողին անծանօթ երկերու մեծ թիւը կը ներկայացնէ վտանգը թեմային վերլուծումը յղումներէ եւ յստակ շրջարկէ զուրկ նիւթի մը վերածելու: Գրականութեան պատմութիւնը այդ շրջարկի դերը կը կատարէ հոս:

Գլխաւոր Փուլերը

1922-էն 1970-ական տարիներու սկիզբը, խորհրդանշականօրէն Ն. Սարաֆեանի մահուան թուականը (1972) երկարող ժամանակաշրջանի մը համար` պարտադիր էր փուլերու բաժանում մը կատարել: Եթէ մեկնակէտը մեծ հարցեր չի ստեղծեր, համապատասխանելով դէպի Ֆրանսա գաղթի յորձանքին, յանգման կէտը կրնայ կամայական թուիլ:

Ինչպէս ընթերցողը պիտի անդրադառնայ, 1930-ական թուականներու սերունդէն որոշ գրողներ, որոնք ապրած են մինչեւ 1980-ականներու սկիզբը, մեր ուսումնասիրութեան մէջ տեղ գտած են 1972-էն ետքի իրենց գործերուն ուսումնասիրութեամբ: Զանոնք բացառել մեր առարկան անդամահատելու համազօր պիտի ըլլար, ինչպէս աւելորդ` չափազանց խստօրէն սահմանափակուելու ի վերջոյ խորհրդանշական սահմանագիծով մը:

Իրականութեան մէջ, մեր ուսումնասիրութիւնը կը պարագրկէ շուրջ յիսուն տարուան շրջան մը որ կը համապատասխանէ գրական շարժումին զարգացումին. 1922-ի շուրջ Ֆրանսա հաստատուած ու 1972-ի շուրջ անյայտացած «սերունդ»-ի մը վերելքին եւ վայրէջքին: Ինչ որ շրջանին միութիւնը կը կազմէ, գրագէտներու կեանքի ժամանակն է ուրեմն ամէնէն առաջ եւ է նաեւ անոնց երկերուն սկիզբն ու աւարտը:

Այսուհանդերձ, այս միութիւնը ինքն իսկ կը գտնուի սփիւռքեան փորձառութեան մէջ, որուն մասին խօսեցանք. փորձառութիւն, որ խումբերուն, հեղինակներուն եւ երկերուն ցրւումով, քիչ մը անոնց ծանրութեան կեդրոնը կը կազմէ:

 

Ֆրանսահայ Գրականութիւն 1922-1972 Նոյնէն Այլը *

$
0
0

ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

Սփիւռքահայ գրական կեանքին մէջ իրապէս հազուադէպ է տեսնել այսքան բծախնդրօրէն եւ մանրամասնօրէն պատրաստուած ուսումնասիրութիւն մը, ինչպիսին է Գրիգոր Պըլտեանի ֆրանսահայ գրականութեան կէսդարեայ վաստակին նուիրուած շուրջ 900 էջ հաշուող այս կոթողային աշխատանքը:

Գործը, տուեալ հրատարակութենէն շուրջ քսան տարի առաջ պատրաստուած, ֆրանսերէնով գրուած հեղինակին երկրորդ աւարտաճառն է, որ թարգմանուած է Արփի Թոթոյեանի եւ վերաշարադրուած` Գրիգոր Պըլտեանի կողմէ, ինչպէս գրքի առաջին էջերուն վրայ կը կարդանք:

Թարգմանութիւն մը, նոյնիսկ` հեղինակին կողմէ կատարուած, բազմաթիւ հարցեր կը ստեղծէ, մասնաւորաբար` նման գիտական-մտածողական աշխատասիրութեան մը պարագային, որովհետեւ իր բնագրին մէջ արտադրուած է այդ լեզուի մտածողութեամբ, բառապաշարով, եզրերով եւ աւարտաճառի մը պահանջած «օրէնք»-ներով, մինչ երբ հայերէնի կը վերածուի, յաճախ համապատասխան բառերն իսկ կը պակսին զայն թարգմանելու: Այնպէս որ, գործը պարզ վերարտադրութիւնը չէ նախորդին, եւ հեղինակին իսկ հաստատումով, թէ՛ նոյնն է եւ թէ՛ տարբեր:

Ցեղասպանութեան եւ քեմալական շարժումին պատճառով Պոլսոյ պարպումէն ետք ձեւաւորուած ֆրանսահայ գաղութի երիտասարդութիւնը 1922-1972 տարիներուն ստեղծեց ուժական եւ ինքնատիպ գրականութիւն մը, որ իսկապէս իւրայատուկ է սփիւռքահայ գրականութեան մէջ, եւ այս գործին մէջ ոչ միայն անոր պատճառները, փուլերը կը ներկայացուին, այլեւ գրական խմբակները, գրական համայնք  կազմելու ճիգերը,  հանդէսներու պատմութիւնը, խմբակներուն ձգտումները, հանգանակ  կազմելու փորձերը կը բացատրուին եւ կը վերլուծուին եւ այլն: Այս մէկը նաեւ նշեալ սերունդին կողմէ Արեւելքէն Արեւմուտք անցում մըն էր, որ զիրենք կը դնէր գերադաս մշակոյթի մը դիմաց, որուն ճիշդ է որ որոշ չափով ծանօթ էին արեւմտահայ գրականութեան ճամբով, սակայն այլեւս անմիջականօրէն մաս կազմէր իրենց կենցաղին:

Սկիզբը, մեզի ծանօթ սահմանումով մը այդ «օտար»-ը, որ հոս աւելի ճշգրիտ եզրով մը իբրեւ այլը կը ներկայացուի, իր երկդիմութեամբ թէ՛ գրաւիչ է, թէ՛ վախցնող, յաճախ մղող` ենթակաները  լրիւ իրենք իրենց  մէջ քաշուելու, սակայն որոշ մտաւորականներու համար դէպի  անոր բացուելու ազատագրութեան միջոց մը կը դառնայ: Աստիճանաբար, յաջորդ փուլի ընթացքին, ինչպէս կը բնորոշէ Պըլտեան` «Նոյնը կ՛առնչուի Այլին», ներքին հակադրութիւններ կամ հակասութիւններ կը ստեղծուին: Հոս գլխագիր Նոյնը ինքնութեան տագնապն է, զայն աւանդական ձեւով պահելու տագնապը, որ լարուածութեան, բախումի մէջ է այս նոր, անծանօթ կամ օտար` Այլ շրջապատին հետ: Հետեւաբար ընտրութեան մը հարցը կը ստեղծուի` կա՛մ շարունակ ետեւ, կորսուածին նայիլ, ինչ որ Նիկողոս Սարաֆեանի ստեղծած պատկերով պիտի ըլլար ետին դառնալ Ղովտի կնոջ պէս, քարանալ, եւ կա՛մ վերանորոգուելով մոխիրներէն` վերյառնել փիւնիկին նման:

Շահեկան են ուսումնասիրողին յստակ մանրամասնութիւններ ճշդող եզրերը. օրինակ` երբ «Մենք»-ի խմբակը կը փորձէ համայնք մը ձեւաւորել, սակայն չի յաջողիր, ան եզր մը փոխ կ՛առնէ Փոլ Ռիքքէօրէն, «որ ինքնութեան երկու կերպ կը զանազանէ. mêmeté (նոյնութիւն)  ipsétité (ինքնութիւն). առաջինը կը յղէ ժամանակի մէջ շարունակականութիւն մը, իսկ երկրորդը` հաւատարմութեան խոստում նկատուած ինքնութիւն մը… Հայերէնի մէջ երկու` երրորդ դէմքերու ներկայութիւնը` «ան» եւ «ինք», ճիշդ այս տարբերութիւնը կը նշէ» (էջ 228): Ինքնութեան մասին Քլոտ-Լեւի Սթրաուսի յղացքը եւս կարեւոր է, որ հեղինակին կողմէ կ՛օգտագործուի այլուր: Նման բաղդատականներ, բազմիցս մէջբերուած եւ օգտագործուած` յա՛տկապէս տողատակի ընդարձակ յղումներուն մէջ, շատ աւելի լայն շրջագիծի մը ծիրին մէջ կը կատարեն քննարկումները:

Գրիգոր Պըլտեանի կողմէ արդէն նախորդող տասնամեակներուն պատրաստուած է ենթահողը այս աշխատանքին: Իր ընթերցումները Սարաֆեանի, Շահնուրի, Որբունիի եւ այս սերունդի կարգ մը այլ անդամներուն մասին իրեն թոյլ տուած են խոր կերպով հասկնալու այս գրականութիւնն ու անոր զարգացումը, նաեւ պէտք է նշել, որ վաթսունական թուականներու երկրորդ կէսին Սարաֆեան, Որբունի, Կոստանդեան, Թոփալեան, Փոլատեան եւ կարգ մը այլ դէմքեր ողջ էին, եւ հեղինակը սերտ կապեր ունէր  գոնէ ասոնցմէ առաջին երկուքին հետ: Այս պարագան օգտակար է անշուշտ, սակայն հեղինակը հետեւողականօրէն ուսումնասիրած է ո՛չ միայն տուեալ յիսնամեակին ընթացքին ֆրանսահայ սերունդին ստեղծագործական  կամ քննական գրութիւնները, այլեւ` այս մասին կատարուած մամուլի, նամակագրական, յօդուածային եւ այլ բոլոր ձեւի արտայայտութիւնները, կատարուած ըլլան անոնք Ֆրանսայի մէջ թէ այլուր:

Ուսումնասիրութիւնը չի կեդրոնանար ֆրանսահայ գրականութեան գլխաւոր դէմքերուն վրայ, այլ` որոշ չափով երկրորդական, այսօր մոռցուած գրողներուն ու անոնց փորձերուն նաեւ: Հոս կ՛անդրադառնանք սփիւռքեան գրականութեան մէջ իսկական նուաճում իրագործած ֆրանսահայ վէպին` Շահնուրէն մինչեւ Հրաչ Զարդարեան, Վ. Շուշանեանէն մինչեւ Զ. Որբունի, Ն. Պէշիկթաշլեանէն մինչեւ Ղեւոնդ Մելոյեան, Կ. Փոլատեան եւ բազմաթիւ այլ անուններ: Նոյնիսկ Ն. Սարաֆեան վիպական աշխատանքներ կը կատարէ: Հոն կը տեսնենք` Նոր վէպը, վկայական վէպը, հրաշավէպը, երգիծավէպը, բանաստեղծական պատումը եւ այլն:

Յետեղեռնեան կացութենէն ծնած այս գրականութիւնը, որուն դերակատարներուն մեծ մասը աղէտին տագնապը կը կրէր, որուն լաւագոյն օրինակներէն մէկը Նարդունիի գլխաւորած Չափահաս որբերու միութիւնն է, նոր շրջապատին հետ համարկումի իր ճիգին մէջ պիտի ըմբոստանար հայրերուն դէմ, պիտի փորձէր մենք ըլլալ, եւ ամենակարեւորը` աւելի մեծ, ուժական ու արդիական գրականութեան մը հետ սերտօրէն շփուելով` պիտի ստեղծէր սփիւռքահայ գրականութեան ամենախոր ու արդիական էջերը, որուն լաւագոյն փաստը Սարաֆեանին բանաստեղծութիւնն ու Որբունիին վէպն է:

—————-

* Պըլտեան Գրիգոր, «Ֆրանսահայ գրականութիւն» 1922-1972 «Նոյնէն այլը», Երեւան, 2017, Սարգիս Խաչենց, Փրինթինֆօ, Անտարես հրատարակչութիւն:

Յաւերժական Երուսաղէմ – 11. «Ո՛ւր Ալ Մեռնիմ, Զիս Միայն Երուսաղէմ Թաղեցէք…»

$
0
0

ԼԵՒՈՆ ՇԱՌՈՅԵԱՆ

Անել (բժ. Կարօ Կարապետեան)

Բանաստեղծութենէ մը քաղուած տողեր են ասոնք: Եւ բանաստեղծն ալ կը կոչուի ԱՆԵԼ: Բուն անունով` տոքթ. Կարօ Կարապետեան:

Հայ Երուսաղէմի աշխարհական բանաստեղծներէն մէկն էր Անել, որուն որդեգրած այս արտասովոր ու տարօրինակ գրչանունը միշտ ալ զարմացուցած է զիս:

Անե՞լ… Հայերէնի իմ բառարանը կ՛ըսէ ինծի, որ «անել» կը նշանակէ ելք չունեցող տեղ, փակուղի: Նաեւ` դժուարին, անհարթելի: Ուրեմն, ժխտական իմաստ ցոլացնող բառ մըն է այս, որ մօտաւորապէս վաթսուն տարի գործածուեցաւ հարիւրաւոր բանաստեղծութիւններու ներքեւ ու զարդարեց նաեւ ճակատը հեղինակին հրատարակած հատորներուն: Սակայն ի յառաջագունէ ըսեմ, որ Անելի բանաստեղծական թռիչքներուն դիմաց չկային «անել» ճամբաներ, այլ կային հորիզոններ, որոնք դուռ կը բանային մեր առջեւ զգացական ու իմացական պեղումներու…

Վերջին հարիւր տարիներուն հայ Երուսաղէմը կրցաւ տալ մեզի քանի մը բանաստեղծներ, որոնցմէ ոմանք կ՛ապրէին վանքին պարիսպներէն ներս (Եղիվարդ, Շէն-Մահ), ոմանք ալ` այդ պարիսպներէն դուրս, ինչպէս` Անելը, Գ. Ճարտարը (Գէորգ Ճինիվիզեան) կամ Մուրատ Մանուկեանը: Այս անուններուն գրական բերքը լայն չափով ցրուած կը մնայ «Սիոն»-ի հին հաւաքածոներուն մէջ:

Անել վերոնշեալ անուններուն մէջ կ՛երեւի եղաւ ամէնէն յարգուածն ու պատուուածը:

Շատ տարիներ առաջ, երբ առաջին անգամ տեսայ Անելի լուսանկարը գրական պարբերաթերթի մը մէջ, կարծեցի, որ անիկա… Համաստեղն էր: Գրեթէ նոյն դիմագիծը, նոյն լայն ճակատը եւ նոյն… թիթեռնիկ փողկապը: Ցնցիչ նմանութիւն մըն էր: Անել անձամբ ճանչցե՞ր էր արդեօք խարբերդցի մեր նշանաւոր գիւղագիրը, մտերմացե՞ր էր անոր հետ, մանաւանդ որ երկար տարիներ Ամերիկա ապրելու պատեհութիւնն ունեցեր էր:

Անել իր աչքերը լոյսին բացաւ Երուսաղէմ, 1922-ին, զէյթունցի ընտանիքի մը յարկին տակ: Բայց իր գլխուն վերեւ կար նաեւ հայոց վանքին բարերար շուքը: Եւ այդ շուքը առանձինն շատ բան կը փոխանցէր արդէն` կրօնաբոյր մթնոլորտ, խունկ, շարականներու լսումներ, բարոյականութիւն, գրաբա՜ր…

Փոքրիկն Կարոն, ուրեմն, հասակ առաւ մէկ կողմէ Զէյթունի հերոսներու մասին հօրը պատմումներուն ունկնդիր, միւս կողմէ ալ առատօրէն ծծեց Ս. Յակոբեանց վանքին եզակի մթնոլորտը:

Կոփուած էր ա՛լ, ներսիդին կուտակուած հոգեւոր զգայնութիւնները զարթո՛ւն էին: Ու օր մըն ալ փափաք յայտնեց վարդապետ ըլլալու: Բայց լուսարարապետ սրբազանը չընդառաջեց.

–  Տղա՛ս, դուն ընտանիքիդ միակ մանչ զաւակն ես, չես կրնար վարդապետ ըլլալ:

Այս էր թերեւս իր պատանեկան երազներուն… «անել»-ը:

Կեանքը տարբեր ուղի մը գծեց իրեն համար: Նախ շրջանաւարտ եղաւ Երուսաղէմի Ս. Թարգմանչաց վարժարանէն (1936), յետոյ ալ երկրորդական ուսումը շարունակեց Ֆրերներու քոլեճը` առաւելագոյն չափով մտերմանալով ֆրանսերէն լեզուին ու մշակոյթին:

1944-ին մեկնեցաւ Պէյրութ` իբրեւ բժշկական ուսանող Ֆրանսական համալսարանին: Եւ ուսանողական իր այս շրջանին է, որ 1945-ին Երուսաղէմի մէջ լոյս ընծայուեցաւ իր առաջին քերթողագիրքը` «Մութ ցաւեր», ԱՆԵԼ գրչանունով: Թերեւս աւելորդ չէ յիշել, որ նոյն այդ տարին հրատարակուեցան նաեւ սփիւռքահայ քանի մը գրողներու գործեր` Ծառուկեանի «Թուղթ առ Երեւան»-ը, Եդ. Պոյաճեանի «Սէր եւ վիշտ»-ը, Արսէն Երկաթի «Սոնաթներ»-ը, Գուրգէն Թրենցի «Աշնանային»-ը, Նշան Պէշիկթաշլեանի «Ծիրանի գօտի»-ն եւ այլն: Բայց Անել նկուն ձայն մըն էր տակաւին այս բոլորին մէջ:

Ուսանողական տարիներուն կը զուգադիպի նաեւ իր երկրորդ քերթողագիրքին հրատարակութիւնը, այս անգամ` Պէյրութ, 1949-ին, «Տեսիլք գինովի» խորագրով:

Կը տեսնուի ուրեմն, որ բժշկութեան ուսանողը ջերմօրէն փարած է նաեւ գրականութեան, կ՛ախորժի անկէ: Կը հաւատայ, որ բժշկութիւն ու գրականութիւն իրերամերժ ասպարէզներ չեն: Այդպէս խորհած չէի՞ն իրմէ առաջ Ծերենցը, Ռուբէն Սեւակը, Շաւարշ Նարդունին եւ ուրիշներ…

1951-ին Անել վկայեալ բժիշկ էր արդէն: Ան վերադարձաւ իր ծնդավայրը ու խանդավառօրէն նուիրուեցաւ իր ասպարէզին: Վար չդրաւ սակայն գրիչը: Իր երրորդ քերթողագիրքը լոյսին եկաւ Երուսաղէմ, 1955-ին, «Պարը յոյսին» խորագրով:

Իր երեք գիրքերն ալ «խոստում» մը նկատուած են օրին` զանազան գրախօսներու կողմէ («Սիոն»): Անոնք նկատել տուած են, որ Անելի բանաստեղծական զգայնութիւնները դեռ չեն կրցած նուաճել արուեստի բարձունքը: Բայց շեշտեր են միաժամանակ, որ բանաստեղծին արտայայտած երիտասարդական կարօտները, տրտմութիւններն ու յուսաբեկումները ունին որոշ վայելչութիւն մը:

1955-էն ետք տոքթ. Կարապետեանին կեանքը կը մտնէ նոր հունի մը մէջ: Ան կը մեկնի Ամերիկա` Պոսթըն, ու այնտեղ Հարվըրտ համալսարանին մէջ կը սկսի մասնագիտանալ որպէս սրտաբան: Աւելի ուշ միեւնոյն համալսարանը զինք պաշտօնի կը կոչէ իբրեւ դասախօս. պատուաբեր պաշտօնավարութիւն մը, որ պիտի երկարէր մինչեւ 1987:

Ինչպէս կը տեսնուի, աւելի քան 30 տարուան կեցութիւն մը ունեցաւ ան Ամերիկայի մէջ` առանց սակայն «ամերիկահայ» դառնալու կամ կոչուելու: Իր սիրտը մի՛շտ մնաց Երուսաղէմ: Արդէն, գործնականօրէն, իր կապերը բնաւ չէր խզած ծննդավայրին հետ: Պատրիարքարանը իր հոգեւոր տունն էր, իսկ «Սիոն»-ը` իր քերթողութեան հիմնական պարտէզը: Իր տարեկան արձակուրդները կը նախընտրէր անցընել Երուսաղէմի մէջ: Կու գար անմաշելի կարօտով: Ներկայ կ՛ըլլար եկեղեցական արարողութիւններուն, որոնցմէ շատ կ՛ախորժէր, նոյնիսկ երգեցողութեամբ կը մասնակցէր ատոնց: Արդէն կտակած էր, որ Երուսաղէմ թաղուի. այդ մասին գրած էր քերթուած մըն ալ` բացագանչելով. «Ո՛ւր ալ մեռնիմ, զիս միայն Երուսաղէմ թաղեցէք…»:

Եւ ասիկա վերջին պատգամ մըն էր իրապէս.

Ո՛ր քաղաքի մէջ ալ ես վերջին շունչն իմ աւանդեմ,
Առանձնութեան մէջ խոժոռ, թէ սիրելւոյ թեւերուն,
Մարմինս տարէք անհրկէզ` Երուսաղէ՛մ – դէպի տուն-:

Երուսաղէմի նկատմամբ այս անօրինակ սէրը, բարեբախտաբար, խթան մը եղաւ իրեն, որ գրէ 360 էջանի ինքնակենսագրական ու յուշագրային կառուցուածքով հետաքրքրական վէպ մը` «Որդի մարդոյ», զոր լոյս ընծայեց 1975-ին: Վէպին միջավայրը Երուսաղէմն է առհասարակ` 30-ական կամ 40-ական թուականներու իր իւրայատուկ մթնոլորտով, ընկերային ու հայատրոփ կեանքով, մանրավիպային դրուագներով: Այս վէպը գրաւականն էր, բանաստեղծին կողքին, վարպետ արձակագիրի՛ն ալ: Ունէր հրատարակուած քանի մը պատմուածքներ ալ («Հայր Խորէնը», «Խենդ Բիւզանդը» եւ այլն), բայց նաեւ` բազմահարիւր էջերէ բաղկացեալ ուրիշ անտիպ վէպ մըն ալ, որուն ճակատագիրը անծանօթ կը մնայ ինծի:

1999-ին, միշտ Երուսաղէմի մէջ, լոյս տեսաւ իր չորրորդ քերթողագիրքը` «Ի մտանել արեգական»-ը:

Փարիզը հանդիսացաւ Անելի վերջին կայքը, գուրգուրոտ խնամքին ներքեւ իր միակ զաւկին` բժ. Վիգէն Կարապետեանին, ու վեց թոռներուն: Հո՛ն ալ փչեցիր վերջին շունչը, 24 յունիս 2001-ին: Մարմինը հողին յանձնուեցաւ ծննդավայր Երուսաղէմի մէջ, մեծ շուքով, համաձայն իր կտակին:

Մահէն ամիսներ ետք (2002 մայիս) Պոլսոյ «Արաս» հրատարակչատունը լոյս ընծայեց Անելի բանաստեղծութիւններէն հատընտիր նոր ժողովածու մըն ալ, որ կոչուած էր «Ի լրումն ժամանակի»:

Անելի գրական վաստակին վրայ կը թեւածէր միշտ սաղիմական տաքուկ շունչ մը: Ըստ գրականագէտ Մինաս Թէօլէօլեանի արժեւորումին, Անելի քերթուածները թէեւ կատարեալ չէին արուեստի դիտանկիւնէ, սակայն հարուստ էին ապրումներու խորութեամբ եւ մտածական ու զգացական տարրերով:

 

 

 

 

Յաւերժական Երուսաղէմ – 12. Երուսաղէմցի Տղան` Վահրամ Մավեան

$
0
0

ԼԵՒՈՆ ՇԱՌՈՅԵԱՆ

Ափսո՜ս, բախտը չեմ ունեցած անձամբ ճանչնալու այս սքանչելի գրողն ու համակրելի մարդը:

1983-ի յունուարեան ցուրտ օր մը, երբ ան սրտի մահաբեր տագնապի մը զոհ կ՛երթար Լիզպոնի մէջ, ես տասնվեց տարեկան դպրոցական պատանի մըն էի տակաւին: Ու խոստովանիմ, որ այս գրողին անունը հազիւ թէ լսեր էի հպանցիկ կերպով, առանց որոշ գաղափար մը ունենալու անոր գրական բերքին ու մարդկային յատկանիշերուն մասին:

Կը յիշեմ, որ այդ օրերուն սփիւռքահայ մամուլը ցնցուած էր Մավեանի անժամանակ մահուան բօթով: Թերթերը լեցուն էին անոր մասին գրի առնուած մահագրականներով:

Տարիները պէտք էր սահէին արագ-արագ, ու ես հետզհետէ բացայայտէի Վահրամ Մավեանը` իր ամբողջական դիմագծութեան մէջ, խորապէս տպաւորուած ըլլալով մա՛նաւանդ անոր արձակ կարճաշունչ գրութիւններէն, որոնք սփիւռքեան մեր կեանքին հարազատ հայելիներն էին կարծէք: Ի վերջոյ, օր մըն ալ համոզում պիտի գոյացնէի, որ Մավեան սփիւռքահայ մեր ամէնէն արժէքաւոր ու քարիզմաթիք արձակագիրներէն մէկն էր: Ես զինք պիտի զետեղէի Արամ Հայկազի ու Ռ. Հատտէճեանի անմիջապէս քովը` իբրեւ իմ կողմէ նախընտրելի երրորդութեան մը մէկ օղակը…* * *

Վահրամ Մավեան ծնած էր Երուսաղէմ, 1926-ին: Հայրը` Յակոբ քհնյ. Մավեան (1884-1941), բնիկ զէյթունցի, տարագրութեան երկար ճամբաները կտրելէ ետք, 1922-ին հաստատուեր էր Երուսաղէմ:

Վահրամ դեռ քանի մը ամսու երեխայ էր, երբ ընտանեօք կը փոխադրուին Հայֆա, ուր հոգեւոր հովիւի պաշտօն պիտի ստանձնէր հայրը: Այստեղ կը մնան եօթը տարի, ու ինք կը յաճախէ տեղւոյն ազգային մանկապարտէզը:

1934-ին Վահրամ կը վերադարձուի Երուսաղէմ, ուր կ՛աշակերտէ Սրբոց Թարգմանչաց վարժարանին, մինչ իր հայրը չորս տարի հովիւ կը նշանակուի Ամմանի հայոց: Նախակրթարանը աւարտելէ ետք, ան իր երկրորդական ուսումը կը ստանայ քաղաքին անգլիական «Պիշըփ Կոպաթ» քոլեճին մէջ, 1940-1944:

1948-ին, Պաղեստինի արաբ-հրեայ բախումներու թէժ օրերու նախօրէին, կ՛անցնի Կիպրոս, ուր անակնկալ կարգադրութեամբ մը ուսուցիչ կը նշանակուի Նիկոսիոյ Ազգային Մելիքեան վարժարանին:

Երկու տարի ետք զինք կը հրաւիրեն պաշտօնավարելու նոյն քաղաքի ՀԲԸՄ-ի Մելգոնեան կրթական հաստատութեան մէջ, ուր կը մնայ 1950-58` դասաւանդելով հայերէն եւ… երկրաչափութիւն: Բայց այս ութ տարին երկու տարեշրջանի դժբախտ ընդմիջում մը կ՛ունենայ, երբ երիտասարդ ուսուցչին կուրծքին տակ կը յայտնուին նախանշանները անողոք հիւանդութեան մը` թոքախտի: Մավեան ստիպողաբար Լիբանան կ՛անցնի 1954-ին եւ շուրջ տարի մը մնայուն դարմանումի կ՛ենթարկուի Ազունիէի ազգ. բուժարանը (լեռնային շրջան, յատուկ թոքախտանոց):

1958-ին կը թողու Կիպրոսը ժամանակաւորապէս ու կը մեկնի Պելֆասթ (Հիւսիսային Իրլանտա)` այնտեղ գոհացում տալու համար համալսարանական բարձրագոյն կրթութիւն ձեռք բերելու իր վաղեմի տենչանքին: Երեք տարի հետեւելէ ետք անգլիական գրականութեան, հոգեբանութեան եւ իմաստասիրութեան դասընթացքներուն` շրջանաւարտ կ՛ըլլայ «Քուինզ եունիվըրսիթի»-էն, 1961-ին:

Վերջին անգամի համար վերադարձ մը կը կատարէ Կիպրոս, ուր երկու տարի եւս կ՛ուսուցչագործէ Մելգոնեանի մէջ (1961-63):

Բոլորովին նոր ու նախանձելի հորիզոն մը կը բացուի իր առջեւ 1963-ին, երբ կը հրաւիրուի ստանձնելու Լիզպոնի «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան հայկական բաժանմունքի տնօրէնի պաշտօնը: Մինչեւ մահ, լման քսան տարի, ձեռնհասօրէն կը գտնուի իր այս եզակի առաքելութեան գլուխը` շրջելով գաղութէ գաղութ, մօտէն ծանօթանալով իւրաքանչիւրին կարիքին ու հայթայթելով նիւթական անհրաժեշտ օժանդակութիւնները ատոնց: Այս պաշտօնը, անուղղակիօրէն, կը խթանէ զինք, որ թափ տայ իր գրական աշխատանքներուն, քանի որ ի վերուստ օժտուած էր դիտելու, տեսնելու եւ արձանագրելու բացառիկ կարողութեամբ: Այսպէս է, որ իր գրականութիւնը շարունակ «լեցուեցաւ» սփիւռքեան խճանկարային դիպուկ պատկերներով, որոնք արդիւնքն էին իր յարատեւ ճամբորդութիւններուն` դէպի հայաշխարհի մօտիկ ու հեռաւոր անկիւնները:

Մինչ կը պաշտօնավարէր Լիզպոնի մէջ, Վահրամ Մավեան հրատարակեց երեք հատորներ, որոնք փառքը կը կազմեն իր գրական սիրուն վաստակին: Երեքն ալ տպուեցան Երուսաղէմ, հետեւեալ վերնագրերով. «Հայու բեկորներ» (1965), «Անկապ օրագիր» (1968) եւ «Ամէն տեղ հայ կայ» (1977): Այս գիրքերը ընդունուեցան «ի ձայն փողոյ եւ թմբկոյ», շատ դրական տպաւորութիւն թողուցին հրապարակի վրայ ու արագօրէն հռչակաւոր դէմք մը դարձուցին զինք: Կը բաւէ յիշել, օրինակ, որ «Հայու բեկորներ»-ուն մասին գրուեցան ու տպուեցան 32 (սխալ չկարդացիք` երեսուներկու) գրախօսականներ` սփիւռքեան ու հայրենի 25 թերթերու մէջ… Խանդավառութիւնը նուազ չեղաւ իր միւս երկու գիրքերուն նկատմամբ ալ, որոնց անունները խօսակցական ու գրական լեզուի մէջ հետզհետէ վերածուեցան թեւաւոր խօսքերու, ու այդպէս ալ կը մնան ցայսօր:

Այստեղ անմիջապէս յիշեմ, որ արձակագիր Մավեանէն առաջ կար բանաստեղծ Մավեանը, որովհետեւ իր հրատարակած անդրանիկ հատորը քերթողագիրք մըն էր` «Յամեցող վերադարձ» (Երուսաղէմ, 1956, 96 էջ):

Սակայն Մավեան, ի բարեբախտութիւն հայ գրականութեան, 60-ական թուականներու սկիզբը ճակատագրական անցում մը կատարեց չափածոյէն դէպի արձակ` տեղի տալով իր բարեկամ Անդրանիկ Ծառուկեանի յամառ պնդումներուն առջեւ: Ծառուկեան թելադրեց իրեն, որ ա՛լ բանաստեղծութիւններ չգրէ («բանաստեղծ չե՛ս…» վճռած էր առիթով մը` Վահրամին երեսն ի վեր), այլ անոնց փոխարէն` պատմէ իր պելֆասթեան օրերէն, Եւրոպայի իր շրջագայութիւններէն ու հանդիպումներէն:

Այդպէս ալ եղաւ: Մավեան կատարելապէս նուիրուեցաւ արձակի:

Վահրամ-Մավեան՝ ըստ երգիծանկարիչ Սարուխանի

Եւ որովհետեւ 1962-էն սկսեալ ան կանոնաւոր կերպով սկսաւ աշխատակցիլ արտասահմանի ամէնէն հեղինակաւոր թերթերէն մէկուն` Ծառուկեանի «Նայիրի» շաբաթաթերթին, ուստի իր անունը երկա՜ր տարիներ մնաց շրթներու վրայ, իր դէմքը մտերիմ դարձաւ հայ ընթերցողին: Իր գործերէն հատընտիր ժողովածուներ տպուեցան նաեւ Երեւան` անօրինակ խանդավառութիւն ստեղծելով հայրենի գրական շրջանակներու մէջ եւս:

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Գարեգին Բ. կաթողիկոսը, որ մասնայատուկ համակրանք մը ունէր Մավեանի գրականութեան հանդէպ, եւ որ իր այդ համակրանքը հնչուն կերպով արտայայտեց Մավեանի մահուան տասնամեակին առթիւ` Անթիլիասի տպարանէն լոյս ընծայելով անոր «Ամբողջական երկեր»-ու ստուարածաւալ հատորը (760 էջ, խմբագիր` Գրիգոր Շահինեան), միեւնոյն գիրքին յառաջաբանին մէջ կը գրէր. «Հայ սփիւռքի պատմութիւնը կարելի չէ գրել առանց Վահրամ Մավեանի վկայագրութեան»:

Ուշադրութի՜ւն` բառին. վկայագրութիւն:

Հայ սփիւռքը միայն թիւ չէ, եկեղեցիներու, դպրոցներու կամ ազգային հաստատութիւններու ցանց չէ, այլ է՛ նաեւ խճանկարը իւրայատուկ հոգեբանութիւն ունեցող մարդոց, որոնք յաճախ անտեսանելի ողբերգութիւն մը (ողբերգութիւննե՜ր) կ՛ապրին: Ու Մավեան այդ հոգեբանութիւնն է, որ կը պեղէր, երեւան կը հանէր անոր թաքուն ծալքերը:

Իր երեք գիրքերուն մէջ ալ մեր սիրելի գրողը մէկ կողմէ համով-հոտով կը պատմէր սփիւռքահայ կեանքէն յատկանշական երեւոյթներ, միւս կողմէ ալ` կը վկայագրէր սփիւռքը, սփիւռքի հայ մարդը` իր խռովքներով ու բարդոյթներով: Կը պատմէր, թէ ան ինչպէ՛ս հարստանալու ու երջանկանալու համար ովկիանոսներ կը կտրէր Արեւելքէն դէպի Արեւմուտք, օտար քառուղիներու վրայ կը դեգերէր, օտար շրջանակներ կը շինէր իրեն համար, օտար ամուսնութիւն կը կնքէր, կռնակ կը դարձնէր իր ցեղին ու արեան… Իր զաւակները կ՛ուծանային այնքան, որ օր մը քամահրանքով հարց կու տային իրեն. «What՛s Hayeren, Daddy»: Միւս կողմէ, սակայն, այդ նոյն հայը ապերջանկութեան զգացում մը կ՛ունենար յանկարծ, իր մէջ բնազդաբար ծիլ կու տար հայերէն բառ ու բանի կարօտը, կը զղջար անցեալի իր կարգ մը արարքներուն համար, ափսոսանքի ու տառապանքի ցաւերով կը գալարուէր… Վերադարձ մը կ՛ուզէր կատարել դէպի իր հայկական արմատները, որովհետեւ կը գիտակցէր ի վերջոյ, որ «տալերով կարելի չէ հոգի գնել»:

Ըսի, որ Մավեանի հեզասահ ու յորդուն գրիչը շատ համակրելի դարձուցեր էր զինք իբրեւ գրագէտ, բայց Մավեան նոյնքան համակրելի էր նաեւ իբրեւ մարդ, իբրեւ խօսակից կամ ընկեր:

Ամէն բանէ առաջ` առինքնող եղած է ան իր ֆիզիքականով, իր արտաքինով:

Հիմա ուշադրութեամբ կը նայիմ իր լուսանկարներուն եւ կը հաստատեմ այդ պարագան: Պարթեւահասակ, գեղադէմ, վայելուչ ու հպարտ տղամարդ մըն է ան, մազերը` առիւծի բաշերու նման, ճաշակաւոր ու կիրթ, կենցաղագէտ, իսկական անգլիացի ճենթըլմեն մը: Ասոր վրայ աւելցուցէք իր շէնշող ու լաւատես բնաւորութիւնը, հիւմըրը միշտ լեզուին ծայրը: Մշտաժպիտ է ան ու կայտառ, եւ կը պատմուի, որ ունէր թովիչ ձայն մը: Մտերմիկ խնճոյքներու ատեն կը սիրէր երգել կամ ասմունքել: Իսկական ազնուականի կեցուածք մը կը ցոլար իրմէ: Մէկ խօսքով, գեղեցիկ հոգի մը` գեղեցիկ մարմնի մէջ:

Իր մտերիմ գրչեղբայրներէն Ռ. Հատտէճեան` «Մարմարա»-ի խմբագրապետը, առիթով մը կատարեր է հետեւեալ մատնանշումը.

Միշտ կը հաւատամ, որ սփիւռքահայ գրականութիւնը եթէ կրցած է քիչ մը կենսունակութիւն պահել, Մավեանի նման քանի մը բացառիկ դէմքերու շնորհիւ եղած է այդ: Գրական կենսունակութիւն մը միայն գրականութեամբ չէ՛, որ կը ստեղծուի: Գրականութիւնը ստեղծող դէմքերուն անձն ու դիմագծութիւնը շատ բան կը բերեն այդ կենսունակութեան: Այս տեսակէտով, Մավեան հսկայ մըն էր, որուն նմանը անգամ մըն ալ, ո՜վ գիտէ, որքան երկար ատեն պիտի չյայտնուի մեր սփիւռքահայ գրականութեան մէջ:

Հատտէճեան ուրիշ առիթով մըն ալ Մավեանի մասին կը բերէր սա՛ ուշագրաւ վկայութիւնը.

Վահրամ Մավեանն ալ մէկն էր այն սակաւաթիւ գրողներէն, որոնք այնքան համով կը խօսին, որքան համով կը գրեն, կամ այնքան համով կը գրեն, որքան համով կը խօսին: Խօսքի ու գիրի նոյնութիւն կար Մավեանի ճառագայթող դիմագծութեան մէջ: Երբ կը կարդայինք իրմէ պատմուածք մը, մեզի այնպէս կը թուէր, որ ան մեր քովը կանգնած` մեզի հետ կը խօսի: Կամ երբ ականջ կու տայինք իր խօսքերուն, կրնայինք կարծել, որ իրմէ պատմուածք մը կը կարդանք: Ան իր դերը շատ լաւ սորված դերակատար մըն էր` այս բառին ամենալաւ իմաստով: Եւ իր դերն էր կամուրջ դառնալ ցիրուցան հայ գրողներու միջեւ, իր անձին մէջէն իրարու հետ խօսեցնել իրարմէ հեռու ապրող այնպիսի գրչի մարդիկ, որոնք երբեք քով քովի պիտի չկարենային գալ: Ողջոյններ տանիլ-բերել անոնցմէ, հեռաւոր անունները մօտիկ ներկայութիւններ դարձնել, մէկը միւսին սիրցնել, մէկը միւսին ծանօթացնել: Այս գիշեր մեզի հետ նստած` կը պատմէր` ինչ որ երէկ խօսած էր Պէյրութի մեր գրչեղբայրներուն հետ: Վաղը գիշեր Փարիզի մեր գրչեղբայրներուն պիտի պատմէր այն, ինչ որ ապրած էր այս գիշեր մեր մօտ» («Օտարականներ աշխատասենեակիս մէջ», Պոլիս, 2002):

Երջանի՜կ Մավեան:

Բայց այս երջանկութիւնը, ըստ երեւոյթին, անխառն չէր:

Ծառուկեան հետեւեալ տողերը կ՛արձանագրէր իր թերթին մէջ, Վահրամին մահուան վաղորդայնին.

Լաւ օրեր քիչ ունեցաւ, սակայն, այս տառապած տղան: Առանց որբ ըլլալու, խանձուած, ճմլուած, որբանոցային թախիծ մը գաղտնի պահեց հոգիին մէջ, Երուսաղէմի վանքէն մինչեւ բուժարան, գիշերօթիկ Մելգոնեանէն մինչեւ հեռաւոր Լիզպոնի իր մեկուսարանը, ուրկէ տարին անգամ մը դուրս կու գար` ի պաշտօնէ շրջելու հայ գաղութները, երջանկութեան դիմակը դէմքին, բարիք սերմանելով ու երախտիք հնձելով, թերեւս` նախանձողնե՜ր ալ ստեղծելով, կրկին քաշուելու համար ամուրիի մենախուցը:

«Գ. Կիւլպէնկեան» մեծ հիմնարկութիւնը մտքերու մէջ ի՛ր պատկերով կը պահէր մասամբ հայեցիութիւն մը` ի հեճուկս այնտեղ որջացած քանի մը ամուլ դիւանակալներու…

Բարեկամներ շատ ունէր, մտերիմներ` շատ քիչ, սրտակիցներ` հազիւ թէ: Կղպուած տեղ մը կար Վահրամին ներսը, եւ այդ տեղին բանալին ոչ ոք ունէր… («Նայիրի», 15 յունուար 1983):

Մավեան հրաժեշտ տուաւ մեր աշխարհին անժամանակ կերպով: Դեռ 57 տարեկան էր ու ստեղծագործական իր լիութեան մէջ, իր զենիթին վրայ:

Աշխարհացրիւ հայու բեկորները որբ մնացին իր ետին, անկապ օրագիրներու էջերը անաւարտ թողլքուեցան իր գրասեղանին վրայ: Անաւարտ մնալու դատապարտուեցաւ իր «Հայկական Պաղեստինը» ինքնակենսագրական պատումը…

sharoyanlevon@gmail.com

(Հալէպ)
(Վերջ այս շարքին)

Viewing all 121 articles
Browse latest View live


<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>